Մոզամպիքի մէջ ջրհեղեղ Մոզամպիքի մէջ ջրհեղեղ 

Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանով «կլիմայի փոփոխութեան պատճառով տեղահանուածներու հովուական ծառայութեան ուղեցոյցներ» հատորը։

Աշխարհի մէջ աւելի քան 30 միլիոն անձ ստիպուած են իրենց բնակարանները լքելու շրջակայ միջավայրի կապուած հարցերու հետեւանքով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ ծառայութեան ժողովին գաղթականներու եւ փախստականներու բաժանմունքը ներկայացուց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով «Հովուական ծառայութեան ուղեցոյցները կլիմայի տեղահանուածներու վերաբերեալ» տիտղոսակիր հատորին։

Ունկնդրէ լուրը

Նախաբանին մէջ նորին Սրբութիւնը նշած է, որ աշխարհի մէջ աւելի քան 30 միլիոն անձ ստիպուած են իրենց բնակարանները լքելու շրջակայ միջավայրի կապուած հարցերու հետեւանքով, որուն պատճառով կլիմայական ճգնաժամը կը ստանայ մարդկային դիմագիծ ու եկեղեցին կը հրաւիրուի թիկունք կանգնելու՝ վերապրելու նպատակով իրենց բնակարանները ձգող անձերուն, յատուկէն արուարձաններուն գոյութենականութեան մէջ ապրող բնակիչներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշած է ,որ բնական աղէտներու պատճառով, իրենց երկիրներէն արմատախիլ եղած են այն ժողովուրդները, որոնց շրջակայ միջավայրը բնակելի չէ։ Ան նկատել տուած է  որ կլիմայի փոփոխութիւնը կը հայի համայն աշխարհին, սակայն ամենէն շատ դժուարութիւն ունեցող անձերը անոնք են որոնք նուազ նպաստած են կլիմայի փոփոխութեան։ Նորին Սրբութիւնը կը յայտնէ թէ շատեր կը լքեն իրենց բնակավայրերը, վերապրելու պայմաններուն պակասի պատճառով։ Տեղահանները իրենց դաշտերն ու տուները կը ձգեն ու արագ փախուստ կու տան տանելով իրենց հետ քիչ յիշատակներ ու ունեցուածքներ, ինչպէս նաեւ իրենց մշակոյթէն ու աւանդութիւնէն քիչ կտակներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանին մէջ կը հրաւիրէ ընկալել ու պաշտպանել, զարգացնել ու ներգրաւել անոնք որոնք ստիպուած են լքել իրենց բնակարանները կլիմայի փոփոխութեան պատճառաւ, ընդգծելով որ ընկալել, պաշտպանել, զարգացնել բայերն են որոնք կը համապատասխանեն համապատշաճ գործունէութիւններուն։

Կլիմայի փոփոխութեան տեղահանուածներու հովուական ծառայութեան ուղեցոյցները կը մղեն տեսնելու երկարատեւ տեղահանութեան ողբերգութիւնը, կը հրաւիրեն իրազեկ դառնալու ընկերութեան եւ պետութիւններուն անտարբերութեան, այդ աղէտին շուրջ ու կը խրախուսեն գործելու ցոյց տալով ճանապարհը այդ կատարելու համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2021, 12:06