Սուրբ Յովսէփ Սուրբ Յովսէփ 

«Սուրբ Յովսէփը՝ կոչումներու հոգատար պահապան». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Սուրբ Յովսէփի ծիսական տօնին առթիւ հրապարակուեցաւ Կոչումներու միջազգային աղօթքի օրուան Քահանայապետական պատգամը, որուն մէջ Սրբազան Պապը Սուրբ Յովսէփը կը ներկայացնէ՝ որպէս կոչումներու տիպար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Յովսէփի հայրական խնամքին, Անոր հեզաբարոյ սրտին ու Անոր Աստուծոյ ամբողջական նուիրուածութեան է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը յանձնէ այսօրուան կոչումները։ Ան այս մէկը կը կատարէ «Կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային օրուան» առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ։ Համաշխարհային օր՝ որ հաստատուած է 1964ին Պօղոս Զ Քահանայապետին օրով եւ այս տարի կը զուգադիպի 25 ապրիլին։

Վեհանձն սիրտ մը

Աւետարաններուն մէջ Սուրբ Յովսէփի խօսքեր չկան բայց կայ անոր խօսուն սիրտը, զոր Տէրը կը նշմարէ եւ կ՛ընտրէ։ 

«Աստուած Սուրբ Յովսէփին մէջ նշմարեց հօր սիրտ մը, կարող նուիրուելու եւ կեանք ստեղծելու առօրեային մէջ» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը, դիտել տալով, որ «Տէրը կ՛ուզէ ձևաւորել  հայրերու սրտեր, մայրերու սրտեր, բաց սրտեր, սրտեր ընդունակ մեծ խանդի, վեհանձն իրենք զիրենք նուիրելու մէջ, կարեկից մխիթարելու մէջ անձկութիւնները եւ անսասան ամրապնդելու համար յոյսերը։ Քահանայութիւնն ու Նուիրեալ Կեանքը կարիքը ունին այս բաներուն, յատկապէս այսօր, ժամանակաշրջանի մը ընթացքին որ յատկանշուած է դիւրաբեկութեամբ ու տառապանքներով, համաճարակի պատճառաւ, որ յառաջացուց անվստահելիութիւն ու վախ, ապագայի եւ նոյնինքն կեանքին իմաստին նկատմամբ», կը գրէ Նորին Սրբութիւնը նշելով, որ «Սուրբ Յովսէփին զօրեղ վկայութիւնը կարող է մեր քայլերը ուղղել» եւ այս առընչութեամբ կ՛առաջարկէ  երեք բանալի բառեր, որոնցմէ առաջինը երազն է։

Սիրոյ հետ զօդուած երազը

Երազը բառ մըն է, որ անքակտելի կերպով զօդուած է սիրոյն, որովհետեւ այնտեղ է կեանքի իսկական իրագործութիւնը եւ այնտեղ է, որ կը յայտնուի խորհուրդը։

«Կեանքը կ՛ընկալուի միայն երբ զայն կը պարգեւենք ամբողջութեամբ» կը հաստատէ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «Սուրբ Յովսէփ իր համայն կեանքը դարձուց պարգեւ, շնորհիւ այն երազներուն, որոնք իրեն ցոյց տուին ճանապարհը։  Անոր բաւարար եղաւ փոքրիկ նշան մը, որ դարձաւ կոչ, որովհետեւ Աստուած կը սիրէ յայտնուիլ հեզութեան մէջ ու կը դիմէ մեր ներաշխարհին, մեզի հետ խօսելով մեր մտածումներու եւ մեր զգացումներու միջոցաւ»։ 

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա կ՛ակնարկէ Սուրբ Յովսէփին չորս երազներուն, որոնց Ան կը համապատասխանէ քաջութեամբ հետեւելով Աստուծոյ կամքին։

«Չկայ հաւատք առանց վտանգի։ Միայն մենք մեզ վստահութեամբ շնորհքին ապաւինելով, մէկդի դնելով մեր անձնական ծրագիրները ու մեր հանգստութիւնները, կարող ենք իսկապէս Այո ըսել Աստուծոյ։ Եւ իւրաքանչիւր այո պտուղներ կը պարգեւէ, որովհետեւ կը յարի աւելի մեծ ծրագրի մը, որուն մենք կը նշմարենք միայն մանրամասնութիւնները, եւ զոր ճանչցուած է աստուածային  Արուեստագէտէն, որ յառաջ կը տանի զայն, որպէսզի իւրաքանչիւր կեանքը դարձնէ գլուխ գործոց» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Աստուծոյ գործունեայ ձեռքերը

Երկրորդ բանալի բառը ծառայութիւնն է, որ կը յատկանշէ նաեւ Սուրբ Յովսէփին ճանապարհը եւ կոչումը որ ծնունդ կ՛առնէ ազատ սէրէ մը։

«Սուրբ Յովսէփ երբեք չի վհատիր ու նոր իրադարձութիւնները կը դիմագրաւէ առանց բողոքելու, Անոր կեանքը ծառայութիւն է։ Ան եղաւ Երկնային հօր ձեռքը երկարած երկրի վրայ իր Զաւկին. Ուստի ան չի կարող ըլլալ եթէ ոչ տիպարը բոլոր կոչումներուն, որոնք կանչուած են դառնալու Հօր գործունեայ ձեռքերը ի սպաս զաւակներուն»  կը հաստատէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով նաեւ, որ այս մէկը Սուրբ Յովսէփը կը դարձնէ «կոչումներու պահապան»։

Վերադառնալ առաջին սիրոյն

«Սուրբ Յովսէփին ապրելակերպը եւ գործունէութիւնը հաւատարմութեան վարժութիւն մըն են, որ վաւեր է նաեւ կոչումներուն համար եւ ճանապարհն է այս կոչումները հասունցնելու» կ՛աւելցնէ Սրբազան Պապը ակնարկելով Սուրբ Յովսէփին ուղղուած «մի վախնար» խօսքին։

«Մի վախնար»ը  խօսքն է զոր Տէրը կ՛ուղղէ նաեւ քեզի, սիրելի քոյր եւ սիրելի եղբայր երբ տարակոյսներու եւ տատամսումներու մէջ կը զգաս թէ այլեւս անյետաձգելի է իղձը՝ կեանքդ նուիրելու Անոր… Ասոնք խօսքերն են, որ դուն կը վերագտնես կոչումի ճանապարհին վրայ երբ կը վերադառնաս առաջին սիրոյդ։ Խօսքեր՝ որոնք կրկներգի նման կ՛ընկերակցին անոր՝ որ Սուրբ Յովսէփին նման իր կեանքով «այո» կ՛ըսէ Աստուծոյ, առօրեայի հաւատարմութեամբ», կը գրէ միշտ Քահանայապետը կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ, զոր կ՛աւարտէ մաղթանքով մը ուղղուած անոնց ՝ «որոնք վեհանձնութեամբ Աստուած ընտրեցին որպէս կեանքի երազ, Անոր ծառայելու համար եղբայրներուն եւ քորերուն մէջ, հաւատարմութեան մը միջոցաւ, որ արդեն վկայութիւն է, դարաշրջանի մը ընթացքին, որ յատկանշուած է անցողական ընտրանքներով եւ անյայտացող յուզումներով» դիտել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը մաղթելով որ «Սուրբ Յովսէփ, կոչումներու պահապանը, բոլորին ընկերանայ հայրական սրտով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2021, 12:00