Ֆրանչիսկոս Պապ շրջաբերական Ֆրանչիսկոս Պապ շրջաբերական 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Fratelli Tutti շրջաբերականին Ռուսերէն լեզուով թարգմանութեան առիթով։

Ռուսիոյ մէջ կը ներկայացուի Ֆրանչիսկոս Պապին Fratelli Tutti շրջաբերականին ռուսերէն լեզուով թարգմանութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, մարտ 3ին, Մոսկուայի Pokrovskie vorota մշակութային կեդրոնին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կը ներկայացուի ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Fratelli Tutti շրջաբերականին Ռուսերէն լեզուով թարգմանուած հատորը։ 

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապին ուրախութիւնը շրջաբերականին ռուսերէն լեզուով թարգմանութեան համար

Այս առիթով ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ  մը յղեց, որուն մէջ նշեց թէ մեծ ուրախութեամբ ստացած է շրջաբերականին Ռուսերէն լեզուով թարգմանութեան լուրը, որ կը ներկայացուի Pokrovskie vorota” մշակութային կեդրոնին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ որ ռուսերէն լեզուով շրջաբերականի թարգմանութիւնը հասանելի  պիտի ըլլայ  բազմաթիւ բարի կամք ունեցող այր մարդոց եւ կիներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ այն առումով, որ ռուսերէն թարգմանութիւնը իրականացուած է Մուսլիմ Միջազգային կեդրոնիմ կողմէ։ 

Ան մաղթեց, որ շրջաբերականը օգտակար դառնայ ոչ միայն Ռուսիոյ դաշնութեան համար, ուր քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ երկխօսութիւնը հրաւիրուած է աճելու, այլ մարդկային միակ ընտանիքին համար։

Շրջաբերականը կրօններու միջեւ երկխօսութեան ի նպաստ։

Ֆրանչիսկոս Պապ վստահեցուց որ բաց եւ անկեղծ խոկումը շրջաբերականի նիւթերուն մասին կը նպաստէ կրօններու միջեւ երկխօսութեան։ Արդարեւ եղբայրութիւնը կը ծնի միակ հօր ճանաչողութենէն։ Եթէ բոլորս միակ հօր զաւակներն ենք, ուրեմն կրնանք եղբայրներ կոչուիլ, յատկապէս որպէս եղբայրներ ապրիլ։ Գրած է պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը։

Ան պատգամը աւարտեց մաղթելով որ շրջաբերականի ռուսերէն թարգմանութիւնը արդիւնաբեր դառնայ անհատական եւ ընկերային կեանքին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2021, 14:30