ֆրանչիսկոս Պապ եւ կարդինալ Տէ Տոնադիս ֆրանչիսկոս Պապ եւ կարդինալ Տէ Տոնադիս 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Հռոմի թեմի տեղակալ եպիկսոպոսին, արժէքաւորելու մշակութային ժառանգութիւնը։

Եկեղեցի միշտ պաշտպանած է մշակութային ժառանգութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 16 մարտին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նամակ մը յղեց Հռոմի թեմի տեղակալ եպիսկոպոս, կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսին,Լատերանեան պալատի մշակութային բաժանմունքը արժէքաւորելու ու հզօրացնելու մասին։

Ունկնդրէ լուրը

Նամակին մէջ սրբազան Հայրը նշած է որ եկեղեցին դարերու հոլովոյթին միշտ աշխատած է զարգացնելու  արուեստագէտներուն վարդապետութեան պտուղը, որոնք ստէպ վկայութիւն են հաւատքի փորձառութեան եւ միջոցներ Աստուած փառաբանելու։  

Եկեղեցին միշտ պաշտպանած է մշակութային ժառանգութիւնը ու կը շարունակէ կատարել

Եկեղեցի սա կատարած է ոչ միայն արուեստի սիրոյն համար, այլ փրկելու մշակութային ժառանգութիւնը դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէներուն դիմաց։

Այս յատուկ պատասխանատուութեան ընկերացած է  վայրերու եւ կառոյցներու հանդէպի յատուկ հոգածութիւնը։ « իմ նախորդներս այդ աւանդութիւնը փոխանցեցին տարբեր սերունդներուն, աշխատելու  եւ պահպանելու համար այդ վայրեր   զանոնք տրամադրելի դարձնելու այցելուներուն եւ ուսանողներուն։

Ոգեշնչուած այս պատճառներէն, այդ նպատակի կ՝ուղղեմ նաեւ Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս Պապական տաճարի կից գտնուող կառոյցները  աթոռը Իմ եպիսկոպոսական տաճարին, 

Ձեզի կը վստահիմ  պարտականութիւնը  իրականացնելու այդ կառոյցներու մէջ թանգարանային, մշակութային գործունէութիւնները պահպանելով արուեստական բարձր աւանդութիւնները որ եղեցին կը պարծենայ

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը աւարտած է նշելով որ Հռոմի եպիսկոպոսը, իրեն վստահուած նոր պարտականութիւնը կրնայ կատարել համագործակցութեամբ Վատիկանի քաղաքի եւ պետութեան կազմակերպութիւններու հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2021, 08:59