Իտալացի Գերագոյն Բանաստեղծ Տանթէ Ալիկիերի Իտալացի Գերագոյն Բանաստեղծ Տանթէ Ալիկիերի 

«Տանթէն եղաւ յոյսի մարգարէ եւ ողորմութեան բանաստեղծ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Այսօր լոյս տեսած “Candor lucis aeternae” առաքելական նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը յիշէ իտալացի մեծն բանաստեղծ Տանթէ Ալիկիերէի մահուան ութերորդ դարադարձը, ընդգծելով «Divina Commedia - Աստուածային կատակերգութեան»ի արդիականութիւնը ու հաւատքի յաւերժութիւնն ու խորութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Իզապելլա Փիրօ, Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իր սիրելի քաղաք Ֆիրենցէէն աքսորուած 1321-ին Ռավեննա քաղաքին մէջ 700 տարիներ առաջ իր մահկանացուն կնքած Տանթէն կը շարունակէ տակաւին խօսիլ մեզի։ Ան կը խօսի մեզի, այսօրուայ մարդոց ու կիներուն եւ կը խնդրէ, որ միայն չի կարդանք ու չուսումնասիրենք զայն այլ նաեւ եւ ամէնէ առաջ ունկնդրենք զայն եւ ընդօրինակենք զինք իր դէպի ուրախութիւն ուղեւորութեան մէջ, այսինքն դէպի Աստուծոյ յաւիտենական եւ անհուն սէրը։

Յաւիտենական կեանքի սքանչելիութիւնը

Այսպէս կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը “Candor lucis aeternae – Յաւիտենական կեանքի սքանչելիութիւնը» առաքելական նամակին մէջ, զոր հրատարակուեցաւ 25 մարտին, Սուրբ Կոյս Մարիամի Աւետման տօնին օրը։ Թուական մը՝ որ պատահական չէ. Մարդեղութեան խորհուրդը, որ յառաջ եկաւ Մարիամի «ահաւասիկ եմ» էն, «ներշնչումի իսկական կեդրոնն ու հիմնական բջիջն» է համայն «Divina Commedia» ին որ կ՛իրականացնէ այն հրաշալի փոխանակումը ընդմէջ Աստուծոյ, «որ կը մտնէ մեր պատմութեան մէջ մարմին առնելով» եւ մարդկութիւնը, որ «ընկալուած է Աստուծոյ մէջ, որուն մէջ կը գտնէ իսկական երջանկութիւնը»։

Ինը հատուածներէ կազմուած առաքելական նամակը կը սկսի հակիրճ մէկ նախաբանով, որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը մատուցէ տարբեր Քահանայապետերու մտքերը Տանթէի մասին։  Ան ապա կ՛ակնարկէ Ալիկիերիի կեանքին ընդգծելով անոր գործունէութեան այժմէականութիւնն ու յաւերժութիւնը։

Տանթէն մեր մշակոյթի անբաժանելի մաս

Ան արդարեւ «մեր մշակոյթի անբաժանելի մաս է» կը գրէ Սրբազան Պապը։ Ան մեզ կը մղէ Եւրոպայի և Արևմուտքի քրիստոնէական արմատներուն ու կը ներկայացնէ իտէալներու և արժէքներու ժառանգութիւնը. որոնք Եկեղեցին ու քաղաքացիական աշխարհը կ՛առաջարկեն այսօր եւս, որպէս հիմք մարդկային համակեցութեան, որպէսզի կարողանանք եւ կամենանք մենք մեզ բոլորս ճանչնալ որպէս եղբայրներ»:

«Աստուածային կատակերգութիւնը» ունի երկու հիմնական առանցք, այսինքն`«ցանկութիւնը, որ բնորոշ է մարդու հոգւոյն» և«երջանկութիւնը, որ  տրուած է սիրոյ տեսիլքով, որ է Աստուած» կը նշէ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ ասոր համար է, որ Տանթէն «յոյսի մարգարէ է», որովհետեւ անոր աշխատութիւնը մարդկութիւնը կը մղէ ազատելու մեղքի  «մութ անտառէն» գտնելու համար «շիտակ ուղին» և այդպիսով հասնելու «պատմութեան մէջ կեանքի լիութեանը» և «Աստուծոյ մէջ յաւիտենական երանութեանը »:

«Տանթէին ցոյց տուած ճանապարհը, իսկական ուխտագնացութիւն մըն է» դիտել կու տայ Քահանայապետը, ան «իրապաշտ ու կարելի է» բոլորին համար, որովհետեւ «Աստուծոյ ողորմութիւնը միշտ փոխելու եւ ապաշխարելու հնարաւորութիւն  կ՛ընծայէ»։

«Աստուածային կատակերգութեան» երեք իգական տիպարները

Առաքելական նամակին մէջ ապա ի յայտ կը դրուին «Աստուածային կատակերգութեան» երեք իգական տիպարներ` Մարիամ Աստուածամայրը, բարեգործութեան խորհրդանիշը, Պէաթրիչէն, յոյսի խորհրդանիշ եւ Սրբուհի Լուչիան` հաւատքի տիպար։ Այս երեք կիները, որոնք կը վերակոչեն աստուածաբանական երեք առաքինութիւնները, Տանթէին կ՛ընկերանան անոր ուխտագնացութեան տարբեր հանգրուաններու ընթացքին, ցոյց տալով այն փաստը, որ «կարելի չէ միայնակ փրկուիլ», այլ անհրաժեշտ է օգնութիւնը անոնց՝ որոնք  «կարող են մեզի աջակցել և առաջնորդել իմաստութեամբ և խոհեմութեամբ»: Իրականութեան մէջ, Մարիամը, Պէաթրիչէն եւ Լուչիան շարժողը  աստուածային սէրն է, «միակ աղբիւրը, որ կարող է մեզի փրկութիւն շնորհել», «կեանքի և երջանկութեան նորոգումը»:

Սուրբ Ֆրանչիսկոսը  «օրհնեալներու աննենգ վարդ»

Սրբազան Պապը հուսկ ամբողջ մէկ հատուած կը նուիրէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսին, որ Տանթէական ստեղծագործութեան մէջ պատկերացուած է որպէս «օրհնեալներու աննենգ վարդ»:

Քահանայապետը Ասսիզիի աղքատիկին ու Գերագոյն Բանաստեղծին միջեւ կը նշմարէ «խոր ներդաշնակութիւն» մը։ Երկուքն ալ արդարեւ դիմեցին ժողովուրդին, առաջինը «երթալով ժողովրդի մէջ», երկրորդը ընտրելով օգտագործել ոչ թէ լատիներէնը, այլ ժողովրդական լեզուն՝ «բոլորի լեզուն»:

Երկուքն ալ կը բացուին Արարչութեան «գեղեցկութեան և արժէքին», որ  Արարչին հայելին է: Տանթէ Ալիկիերի Հանճարեղ արհեստագէտը, որուն  մարդաբանութիւնը  տակաւին «ուժի մէջ է և արդիական»,  է նաեւ «մեր բազմաոլորտային  մշակոյթին նախաձեռնողը», որովհետեւ անոր ստեղծագործութեան մէջ կը միաձուլուին  «բառեր ու պատկերներ, խորհրդանիշներ ու հնչիւններ» կազմելով «մէկ  պատգամ», կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ժառանգութիւն որ պէտք է տարածել 

Շնորհաւորելով ապա  այն ուսուցիչները, որոնք ունակ են «Գորովով հաղորդել Տանթէի պատգամը և անոր մշակութային, կրօնական և բարոյական գանձը» ՝ Ֆրանչիսկոս Պապը կը  խնդրէ, որ այս «ժառանգութիւնը» փակ չմնայ դպրոցներու և համալսարաններու դասարաններուն մէջ, այլ ճանչցուի եւ տարածուի շնորհիւ քրիստոնէական համայնքներու և մշակութային միութիւններու  յանձնառութեան:

Այս առընչութեամբ Քահանայապետը կը քաջալերէ նաեւ արուեստագէտները իրենց կարգին «կերպարանք տալու Տանթէի բանաստեղծութեան, գեղեցկութեան ուղիին երկարութեան վրայ», որպէսզի տարածուին «խաղաղութեան, ազատութեան եւ եղբայրութեան պատգամներ»։

Սէրը՝ որ կը շարժէ արեւը եւ միւս բոլոր աստղերը

«Պարտականութիւն մը, որ աւելի քան երբեք ակնյայտ  է այս պատմական պահի ընթացքին, որ  յատկանշուած է ստուերներով, ապականութեամբ եւ ապագայի նկատմամբ անվստահութեամբ» կ՛ընդգծէ Սրբազան Պապը ու առաքելական նամակը կ՛աւարտէ նշելով, որ «Գերագոյն Բանաստեղծը կարող է ուրեմն մեզ օգնել յառաջ ընթանալու անդորրութեամբ եւ քաջութեամբ կեանքի եւ հաւատքի ուխտագնացութեան մէջ, մինչեւ՝ որ մեր սիրտը իսկական խաղաղութիւն ու իսկական երջանկութիւնը չի գտնէ», այսինքն «սէրը՝ որ կը շարժէ արեւը եւ միւս բոլոր աստղերը»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2021, 12:00