Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին միջազգային առաքելական 33-րդ ճամբորդութիւնը։

Քահանայապետը թուիթով մը Աստուծոյ ժողովուրդէն խնդրեց, որ աղօթեն որպէսզի Իրաքի ժողովրդուին հետ հանդիպումը ընթանայ ամենէ լաւ պայմաններու մէջ եւ բերէ յուսալի պտուղներ ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 5 Մարտի առաւօտեան կանուխ սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Քահանաայապետութեան 33-րդ ճամբորդութիւնը, որ  «դուք բոլորդ եղբայրներ էք» կարգախօսով զինք առաջնորդեց դէպի Իրաք՝ Աբրահամ Պատրիարքին  երկիրը, որպէս եղբայրութեան, յոյսի ու խաղաղութեան ուխտաւոր, որպէս «ապաշխարող ուխտաւոր մը, որ Աստուծմէ ներում պիտի հայցէ, ու պիտի հայցէ սրտերու մխիթարութիւն եւ վէրքերու ապաքինում», ինչպէս ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Իրաքցիներուն ուղղած իր պատգամին մէջ։

Հրաժեշտ Վատիկանէն

Վատիկանէն չի մեկնած Սրբազան Պապը հանդիպում ունեցաւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան եւ «Cooperativa Auxilium» հաստատութեան կողմէ խնամուած 12 հոգիէ բաղկացած Իրաքցի գաղթականներու խումբի մը հետ, որոնք եկած էին բարի ճանապարհ մաղթելու Քահանայապետին ընկերակցութեամբ Քահանայապետական Ողորմաժաշխ՝ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքիին։

Աղօթք եւ ճամբորդութեան յանձնումը Տիրամօր

Մինչ երէկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը սովորութեան համաձայն, առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին այցելեց Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Տիրամօր նուիրուած տաճարը եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի խորանին վրայ Տիրամօր ոտքին զետեղեց ծաղկեփունջ մը Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին յանձնելով  5 – 8 Մարտին Իրաք կատարելիք սոյն առաքելական  ճամբորդութիւնը.

Աղօթքի խնդրանք

Միշտ երէկ՝ Քահանայապետը թուիթով մը Աստուծոյ ժողովուրդէն խնդրեց, որ աղօթեն որպէսզի Իրաքի ժողովրդուին հետ հանդիպումը ընթանայ ամենէ լաւ պայմաններու մէջ եւ բերէ յուսալի պտուղներ ։

Ժամը 7.45-ին մեկնում դէպի Պաղտատ

Ֆրանչիսկոս Պապը եւ իր հետ ճամբորդող պատուիրակութիւնը փոխադրող Ալիթալիա ընկերութեան օդանաւը թռիչք առաւ ուրբաթ 5 մարտի առաւօտեան 7.45 անց ուղղուելով դէպի Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատ, ուր ժամանումը նախատեսուած է 4 ժամ 30 վայրկեան թռիչքէ մը ետք, տեղական ժամով 14-ին որ Հռոմի ժամին 12ին։

Լորեթոյի Տիրամօր սրբապատկերը
Լորեթոյի Տիրամօր սրբապատկերը

Քահանայապետին խնդրանքով եւ առաջին անգման ըլլալով յատուկ հիւր մը ընկերացաւ Ճամբորդներուն, Լորեթոյի Տիրամօր սրբապատկերը, Անոր երեւումի 100 ամեակին առիթով։

Քահանայապետական օդանաւը իր այս ուղեւորութեան մէջ պիտի սաւառնի Իտալիայի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ Յորդանանի օդային սահմաններուն վրայէն, որոնց նախագահներուն ու կառավարիչներուն Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, կ՛ուղղէ բարեմաղթական հեռագիրեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2021, 07:30