Աբրահամ նահապետի ծննդավայր՝ Ուր քաղաքի մէջ միջ-կրօնական հանդիպում։

Օրհնեալ վայր որ մեզ կը տանի դէպի ակունքներ, դէպի Աստուծոյ ծրագրին աղբիւրը, մեր կրօններու ծննդեան։ Այստեղ է որ Աբրահամ ունկնդրեց Աստուծոյ կոչը ու սկիզբ տուաւ ճանապարհորդութեան մը, որ փոխեց համայն պատմութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Իրաք առաքելական ճամբորդութեան  ամէն մէկ հանգրուանը ունի խորհրդանշական իմաստ, սակայն այդ ճամբորդութեան կորիզը կը հանդիսանայ Ուր քաղաքը, որովհետեւ ան նկատուած է երեք միաստուածեան կրօններու՝ հրէական, քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօններու նախահայր Աբրահամի ծննդեան վայրը եւ Սրբազան Պապին Իրաք ճամբորդութեան բնաբանը  իր ներշնչումը կը քաղէ ճիշտ այս քաղաքէն «Դուք բոլորդ եղբայրներ էք»։

Ասոր համար է, որ այս քաղաքի այցելութիւնը մասնաւոր տեղ կը գրաւէ ճամբորդութեան օրակարգին մէջ, ուր որոշուեցաւ կայացնել միջ-կրօնական ընդլայնուած հանդիպում մը, այնտեղ հրաւիրելով Իրաքի բոլոր կրօններու ներկայացուցիչները։

Եղբայրութեան վկայութիւններ

Հանդիպման սկիզբը տեղի ունեցան զանազան կրօններու պատկան սրբազան գիրգերէն ընթերցումներ ու ներկայացուեցան բարեկամութեան եւ եղբայրութեան վրայ հիմնուած վկայութիւններ, ինչպէս երկու երիտասարդ իրաքցիներու վկայութիւնը, մէկը իսլամ միւսը քրիստոնեայ, որոնք ձեռք ձեռքի տուած իրականացուցին միասնական  ձեռնարկ մը, իրենց կեանքի ապրուստը հոգալու համար։ Կամ Ռաֆֆա Հիւսէյն Պահեր անունով սաբեացի կնոջ վկայութիւնը, որ ներկայացուց բռնութիւններու ու դժուարութիւններու ընթացքին անձնուիրումի եւ զոհաբերութեան դէպքեր հաստատելով, որ բոլորս  եղբայրներ ենք։

Սոյն վկայութիւններուն յաջորդեց Ֆրանչիկոս Պապին պատագմը։

Օրհնեալ վայր ուր ծնունդ առին երեք կրօններ

«Այս օրհնեալ վայրը մեզ կը տանի դէպի ակունքներ, դէպի Աստուծոյ ծրագրին աղբիւրը, մեր կրօններու ծննդեան», ըսաւ Սրբազան Պապը իր ճառին սկիզբը մատնանշելով, թէ «այստեղ է, որ Աբրահամ ունկնդրեց Աստուծոյ կոչը ու սկիզբ տուաւ ճանապարհորդութեան մը, որ փոխեց համայն պատմութիւնը»։

Կոչումին պտուղները

«Մենք այդ կոչումին եւ ճամբորդութեան պտուղներն ենք» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Աբրահամին խոստացուած երկնքի աստղերու չափ սերունդը եւ ահա այսօր մենք «հրեաներ, քրիստոնեաներ եւ մահմետականներ, այլ կրօններու պատկան եղբայրներու եւ քոյրերու հետ միասին, կը պատուենք Աբրահամ նահապետը, կատարելով այն ինչ որ ինք ըրաւ. Կը նայինք երկնքին ու կը քալենք երկրի վրայ»։ 

Նայիլ երկնքին։

«Հազարաւոր տարիներէ ետք երկնքի մէջ կը տեսնուին միեւնոյն աստղերը, զոր տեսաւ Աբրահամ։ Անոնք կը լուսաւորեն նոյնիսկ ամենամութ գիշերները, որովհետեւ կը ցոլան միասին։ Երկինքը այսպէսով մեզի կու տայ միութեան պատգամ մը։ Ամենակալը մեզ կը հրաւիրէ երբեք չի բաժնուելու մեր մօտ գտնուող եղբօրմէն» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը նշելով, որ «մեր պարտականութիւնն է օգնել մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն իրենց հայեացքն ու աղօթքը ուղղելու դէպի երկինք» որովհետեւ «մարդս ամենակարող չէ եւ բոլորս կարիքը ունինք երկնքին»։

Իսկական կրօնականութիւնը՝ պաշտել Աստուած եւ սիրել մերձաւորը

Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց հուսկ «դէպի Երկինք բարձրացնել մեր հայեացքը, ծառայել Աստուծոյ, դուրս գալու համար Եսի ստրկութիւնէն, որովհետեւ Աստուած կը մղէ սիրոյ» եւ ասոր հիման վրայ հաստատեց թէ «իսկական կրօնականութիւնը կը կայանայ Աստուած պաշտելու եւ մերձաւորը սիրելու մէջ»։

Աղօթք բոլոր անոնց համար որոնք տառապեցան

«Հակառակութիւնը, ծայրայեղութիւնը եւ բռնութիւնը կրօնի դաւաճանութիւն են» յարեց Սրբազան Պապը մատնանշելով, որ Իրաքի երկնքի վրայ կուտակուեցան ահաբեկութեան, պատերազմի եւ բռնութեան մութ ամպեր, որոնց պատճառաւ տառապեցան բազմաթիւ մարդիկ, որոնց շարքին Սրբազան Պապը յատուկէն յիշեց Եզտիները ու անոնց կրած հալածանքները, ու հրաւիրեց աղօթել բոլոր անոնց համար, որոնք տառապեցան, եւ անոնց համար, որոնք տակաւին կորսուած եւ առեւանգուած են, որպէսզի շուտով իրենց տուները վերադառնան։ «Եւ աղօթենք նաեւ որպէսզի ամենուրէք յարգուին խղճի եւ կրօնի ազատութիւնները» կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ատելութեան աւերակներուն վրայ կառուցել եղբայրական բարեկամութիւններ

Քահանայապետը ակնարկեց ապա Իրաքին հիւսիսային շրջանի մէջ  ահաբեկչութեան բարբարոսական արարքներուն, «որոնք կործանեցին կրօնական սքանչելի ժառանգութիւնը, եկեղեցիներ, վանքեր ու տարբեր հասարակութիւններու աղօթատեղիներ» նշեց Ան մատնանշելով՝ թէ նոյնիսկ մթութեան պահերուն մէջ աստղերը փայլեցան  ու այս ուղղութեամբ ակնարկեց Մոսուլի իսլամ կամաւոր երիտասարդներուն ցուցաբերած զօրակցութեան եկեղեցիներու եւ վանքերու վերաշինութեան համար, «ատելութեան աւերակներուն վրայ կառուցելով եղբայրական բարեկամութիւններ» ըսաւ Սրբազան Պապը, որ ապա մաղթանք ատայայտեց, որ «մեծ Պտարիարքը մեզ օգնէ սուրբ վայրերը դարձնելու խաղաղութեան եւ հանդիպումի ովասիսներ բոլորի համար»։  

«Այսօրուայ ներկայութիւնը՝ անոր հետքերուն վրայ ըլլայ նշան օրհնութեան եւ յոյսի Իրաքի, Միջին Արեւելիքի ու համայն աշխարհին համար» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը։

Քալել երկրի վրայ

«Աբրահամին ուղեւորութիւնը սկիզբ առաւ այստեղէն։ Տէրը զինք դուրս հանեց Ուր քաղաքէն։ Անոր ուղեւորութիւնը զոհողութիւններ նախատեսեց, ան ձգեց երկիր, տուն եւ ազգականներ, բայց  հրաժարելով իր ընտանիքէն ան դարձաւ հայր ժողովուրդներու ընտանիքի մը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ այդ մէկը կը պատահի նաեւ մեզի «ճանապարհորդութեան ընթացքին կանչուած ենք թողուլ կապեր եւ կաշկանդումներ, որոնք մեզի թոյլ չեն տար ընկալել Աստուծոյ անսահման սէրը եւ միւսները նկատել որպէս եղբայրներ։

Խաղաղութեան ճանապարհը

«Համաճարակը մեզի հասկցուց, թէ ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին բայց եւ այնպէս կը շարունակենք իյնալ ուրիշներէն հեռանալու փորձութեան մէջ» աւելցուց Քահանայապետը դիտել տալով, որ  «Մեր ապրած փոթորիկներուն մէջ մեզ փրկողը կղզիացումը չէ, պատեր բարձրացնելը չէ, դրամապաշտութիւնը չէ, սպառողականութիւնը չէ»։ Երկինքին մեզի ցոյց տուած ճանապարհը «խաղաղութեան ճանապարհն է» որ կը պահանջէ փոթորիկի ընթացքին մնալ իրար հետ։ Չկայ խաղաղութիւն առանց բաժնեկցութեան եւ հիւրընկալութեան, առանց արդարութեան մը՝ որ կ՛երաշխաւորէ հաւասարութիւն եւ բոլորի համար զարգացում. Չկայ խաղաղութիւն եթէ ժողովուրդները իրենց ձեռքերը չերկարեն ուրիշ ժողովուրդներուն։ Խաղաղութիւնը յաղթողներ կամ պատուողներ չի ճանչնար, ան կը ճանչնայ եղբայրներ եւ քոյրեր՝ որոնք հակառակ անհասկացողութիւններուն եւ անցեալի վէրքերուն կը քալեն հակամարտութենէն դէպի միութիւն։    

« Այս մէկը հայցենք համայն Միջին Արեւելքին համար» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը յատուկէն յիշելով նահատակ Սուրիան եւ որպէս խաղաղութեան ճանապարհի սկիզբ առաջարկեց հրաժարիլ թշնամիներ ունենալէ։

Մերժել թշնամութիւնը

Ան, որ քաջութիւնը ունի նայելու աստղերուն, ան, որ կը հաւատայ Աստուծոյ, չունի թշնամիներ որոնց դէմ պէտք է պայքարիլ։  Ան ունի միայն մէկ թշնամի, որ կը բախէ իր սրտին՝ թշնամութիւնը։ «Մինչ շատեր կը փնտռեն աւելի թշնամիներ ունենալ քան բարեկամներ, մինչ շատեր սեփական շահեր կը փնտռեն ուրիշներու հաշւոյն, ան, որ կը նայի աստղերու խոստումներուն, ան, որ կը հետեւի Աստուծոյ ճանապարհներուն, չի կրնար մէկու մը դէմ ըլլալ, այլապէս ան բոլորի համար է» ըսաւ Քահանայապետը նկատել տալով, որ մենք շատ անգամ հետապնդեցինք երկրային նպատակներ, քալեցինք ամէն մին իր ճանապարհով սակայն Աստուծոյ օգնութեամբ մենք կրնանք փոխել այս ընթացքը դէպի աւելի լաւը։ Մեզի՝ հաւատացեալներուս կ՛իյնայ ատելութեան գործիքները փոխել ու զանոնք դարձնել խաղաղութեան գործիքներ։ Մեզի կ՛իյնայ զօրեղ կերպով խրախուսել  պետութիւններու պատասխանատուները, որպէսզի զէնքերու աճող արտադրումին տեղ բոլորին ապահովուի ուտելիքի բաշխում։

Մարդկային կեանքը շատ աւելի կ՛արժէ քան մէկու մը ունեցածը

Մեզի կ՛իյնայ լռեցնել փոխադարձ մեղադրանքը, ձայն տալու համար մոլորակի մերժուածներուն եւ ճնշուածներուն…շատերուն կը պակսի հաց, դեղ դաստիարակութիւն եւ արժանապատուութիւն. Մեզի կ՛իյնայ ի յայտ դնել դրամի շուրջ դարձող ստուերային վարժութիւնները ու խնդրել, որ ան չի սահմանուի միայն քիչերու  քմահաճոյքները գոհացնելու համար։ Մեզի կ՛իյնայ պաշտպանել հասարակաց տունը եւ աշխարհին յիշեցնել որ մարդկային կեանքը շատ աւելի կ՛արժէ քան մէկու մը ունեցածը ու նորածիններուն, տարեցներուն, գաղթականներուն ու ամէն գոյնի ե քաղաքացիութեան պատկան մարդոց ու կիներուն կեանքերը սուրբ են ու հաւասար են բոլոր միւս կեանքերուն։

Միսային իրագործել բարի բաներ

«Աբրահամին ուղեւորութիւնը եղաւ խաղաղութեան օրհնութիւն։ Դիւրին չեղաւ այդ մէկը։ Ան ստիպուած եղաւ դիմագրաւել շատ մը անսպասելի իրադարձութիւններ։ Մենք ալ մեր առջեւ ունինք խոչընդոտներով ճանապարհ մը, սակայն պէտք է մեծ Պատրիարքի նման կատարել շօշափելի քայլեր, թափառիլ յայտնաբերելու համար դիմացինի դէմքը, կիսել յիշատակներ, հայեացքներ, լռութիւններ, պատմութիւն եւ փորձառութիւններ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ յառաջ ընթանալու համար պէտք է միսային իրագործել բարի բաներ։ Այս է ճանապարհը մասնաւորապէս երիտասարդներուն համար, «որոնք չեն կարող իրենց երազները տեսնել խորտակուած անցեալի հակամարտութիւններուն պատճառաւ»։

Երիտասարդները, եղբայրութիւնն ու ապագան

Հրատապ է զանոնք կրթել եղբայրութեան, կրթել նայելու աստղերուն։ Ասիկա ապագայի խաղաղութեան համար ամենարդիւնաւէտ պատուաստն է։ Որովհետեւ դուք՝ սիրելի երիտասարդներ, մեր ներկան ու մեր ապագան էք, ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը մատնանշելով հանդիպումի ընթացքին ներկայացուած վկայութիւններուն, ապա ճառը աւարտեց նկատել տալով, թէ Աբրահամ հիւրընկալութեան միջոցաւ է՝ որ ընկալեց Աստուծոյ այցելութիւնը ու զաւկի մը այլեւս անսպասելի պարգեւը։

Մենք տարբեր կրօններու եղբայրներ եւ քոյրեր համախմբուեցանք այստեղ եւ այստեղէն, միասին, կ՛ուզենք յանձնառու ըլլալ, որպէսզի իրականանայ Աստուծոյ երազը. Մարդկային ընտանիքը դառնայ հիւրընկալ հանդէպ իր բոլոր զաւակներուն ու նայելով նոյն երկնքին՝ քալէ խաղաղութեամբ միեւնոյն երկրին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2021, 10:16