Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։

Ուղեւորութեան առթիւ Սրբազան Պապին շնորհուեցաւ «Maria Grazia Cutuli» անուամբ Իտալական մրցանակը, Աֆղանիստանի մէջ սպաննուած լրագրողուհիին 20-րդ տարելիցին առթիւ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Դէպի Իրաք առաջնորդող թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն ուզեց յատուկէն ողջունել իր հետ ճամբորդող լրագրողները ու անոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ յայտնեց թէ ինք ուրախ է «դարձեալ ճամբորդութիւնները սկսելուն  համար» Իրաքի այս այցելութիւնը որակելով «խորհրդանշական» ու «պարտականութիւն ՝ տարիներէ ի վեր տանջուող երկրի մը նկատմամբ»։ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ուզեց մէկիկ մէկիկ մօտէն ողջունել լրագրողները ու նախ քան իր բազկաթոռ վերադառնալը ուզեց յատուկէն յիշել լրագրողներու աւագերէց Տիկ Վալենթինա Ալազրաքին, իր տխրութիւնը արտայայտելով անոր բացակայութեան համար եւ յոյս յայտնելով որ Ան կարողանայ իր մասնակցութիւնը բերել յաջորդ ճամբորդութեան։

15 երկիրներէ 74  լրագրողներ

15 ամիսներ ետք Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ վերսկսաւ ճամբորդութիւնները ինչպէս նշեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին տնօրէն Տիար Անտրէա Պրունի շնորհակալութիւն յայտնելով Նորին Սրբութեան իր այս դէպի Իրաք ուխտագնացութիւնը իրագործելու կամքին համար ու դիտել տալով որ Քահանայապետին հետ ճամբորդող 74  լրագրողները եկած են 15 երկիրներէ եւ անոնցմէ 14-ն առաջին անգամ ըլլալով է, որ  կը ճամբորդեն քահանայապետին հետ։

«Maria Grazia Cutuli» անուամբ Իտալական մրցանակը՝ Քահանայապետին

Ճանապարհորդութեան առթիւ Սրբազան Պապին շնորհուեցաւ «Maria Grazia Cutuli» անուամբ Իտալական մրցանակը, Աֆղանիստանի մէջ սպաննուած լրագրողուհիին 20-րդ տարելիցին առթիւ։ Մրցանակի  վկայագիրին մէջ Քահանայապետը որակուած է «Յատուկ բանագնաց» որ  «կօշիկներ սպառելով, կը շրջի աշխարհի փողոցներուն մէջ ՝ յանուն հաւատքի, եղբայրութեան և խաղաղութեան»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2021, 12:59