«Down»ի համախտանիշի համաշխարհային օր (2016) «Down»ի համախտանիշի համաշխարհային օր (2016) 

«Down»ի համախտանիշի համաշխարհային օր. «Իւրաքանչիւր նորածին պարգեւ է»։

«Down»ի համախտանիշի համաշխարհային օրուայ այս համաճարակով յատկանշուած տարուայ բնաբանն է «հեռու բայց կապի մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Իւրաքանչիւր մանուկ որ կը յայտնուի կնոջ մը արգանդին մէջ պարգեւ մըն է , որ կը փոխէ ընտանիքի մը, հօր մը ,մօր մը, մեծ հայրիկներուն ու մեծ մայրիկներուն եւ եղբայր ու քոյրերուն պատմութիւնը։Եւ այդ մանկուկը կարիքը ունի ընկալումի, սիրոյ եւ հոգատարութեան։ Միշտ։ #WorldDownSyndromeDay». Այս կը կարդանք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կիրակի 21 մարտ 2021-ին հրապարակած մէկ թուիթին մէջ, «Down»ի  համախտանիշի համաշխարհային օրուան առթիւ։

21-ը խորհրդանշական թիւ

Յայտնենք թէ Մարտ 21ը որպէս «Down»ի համախտանիշի համաշխարհային օրը ՄԱԿ-ի կողմէ յիշարժան օրերու ցանկին մէջ ներառուեցաւ 2011-ի դեկտեմբեր 19-ին։ «21»-ը խորհրդանշական թիւը ընտրուած է, տրուած ըլլալով որ  ճիշդ 21-րդ աւելորդ քրոմոսոմն է, որ կը յառաջացնէ այդ  համախտանիշը:   

«Տաունի» համախտանիշ ունեցող անձանց իրաւունքները

Օրը հաստատուած է որպէս կոչ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու համար «Տաունի» համախտանիշ ունեցող անձանց իրաւունքներուն վրայ։Ապա տարածելու տեղեկատուութիւն և գիտելիքներ, ստեղծելով բազմազանութեան նոր մշակոյթ և «Տաունի» համախտանիշով բոլոր մարդոց համար հասարակութեան մէջ խթանել յարգանք և ներառում:

«Հեռու բայց կապի մէջ»

Ամէն տարի աշխարհին մէջ շուրջ 5000 երեխայ կը  ծնի այս համախտանիշով: «Տաուն»  հիւանդութեամբ տառապող երեխաներն աւելի դանդաղ կը զարգանան, քան միւս երեխաները, բայց անոնք լիովին ունակ են սորվելու եւ գրեթէ ինքնաբաւ կերպով ապրելու։

«Down»ի համախտանիշի համաշխարհային օրուայ այս համաճարակով յատկանշուած տարուայ բնաբանն է «հեռու բայց կապի մէջ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2021, 11:00