Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ փոքրիկն Ալան Քիւրտիի հօր հետ

Ալան Քիւրտին քրտական ծագումով այն մանուկն է, որ 2015-ի սեպտեմբերին յայտնաբերուեցաւ անշունչ՝ թրքական ծովափի վրայ։ Մահացած էր խեղդամահ իր մօր եւ եղբօր հետ նաւաբեկութեան հետեւանքով
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Էրպիլի մարզադաշտին մէջ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ՝ Տիար Ապտալլահ Քիւրտիին, 2015-ի սեպտեմբերին թրքական ծովափի վրայ յայտնաբերուած նաւաբեկութեան հետեւանքով իր մօր եւ եղբօր հետ խեղդամահ եղած փոքրիկն Ալան Քիւրտիի հայր։ Անոնց նպատակն էր Եւրոպա հասնիլ»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Տիար Մաթթէօ Պրունի, որ ապա կը յայտնէ, թէ «Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երկար խօսեցաւ անոր հետ ու թարգմանի օգնութեամբ ունկնդրեց ընտանիքը կորսնցուցած հօր մը ցաւը, անոր արտայայտելով իր ու Տիրոջ մասնակցութիւնը մարդու տառապանքին»։

 Ապտալլահ Քիւրտին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Քահանայապետին իր ողբերգութեան նկատմամբ մօտիկութեան խօսքերուն համար ու նաեւ բոլոր գաղթականներուն համար, որոնք թողելով իրենց երկիրը եւ վտանգի տակ դնելով իրենց կեանքը, կը փնտռեն հասկացողութիւն, խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2021, 19:00