Սուրիոյ աւերակները Սուրիոյ աւերակները 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Սուրիոյ մէջ պատերազմի սկիզբի 10-րդ տարեդարձին առիթով։

«Բոլորս աղօթենք Տիրոջ որպէսզի սիրելի եւ մարտիրոս Սուրիոյ տառապանքները չի մոռցուին եւ որպէսզի մեր զօրակցութիւնը վերակենդանացնէ յոյսը»,
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 Մարտ 2021-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն անդրադարձաւ Սուրիոյ պատերազմին ու Սուրիոյ տառապող բնակչութեան, կոչ ուղղելով ի նպաստ բռնութիւններու դադրեցումին, երկրի վերակառուցումին ու քաղաքացիներու սփոփանք, մխիթարութիւն եւ զօրակցութիւն երաշխաւորելու համար։

Պատերազմի, բռնութիւններու, գաղթականութեան ու տառապանքի տասը տարիններ

«10 տարիներ առաջ սկիզբ կ՛առնէր Սուրիոյ արիւնալի հակամարտութիւնը, որ պատճառ եղաւ մեր ժամանակներուն ամենածանր մարդկային աղէտներէն մէկուն։

Անհամար զոհեր եւ վիրաւորներ, միլիոնաւոր գաղթականներ, հազարաւոր անհետ կորածներ, աւերներ, ամէն տեսակի բռնութիւններ եւ ծանր տառապանք համայն բնակչութեան համար, յատկապէս ամէնադիւրաբեկներուն համար, ինչպէս են մանուկները, կիները եւ տարեցները` ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նորոգելով իր սրտաբուխ կոչը, հակամարտող կողմերուն, որպէսզի բացայայտեն բարի կամք եւ այնպէս ընեն, որ բացուի յոյսի նշոյլ մը, չարչարուող բնակչութեան համար։

Կոչ զօրակցութեան ու կառուցողական յանձնառումի

Կը մաղթեմ նաեւ վճռակամ եւ նորոգուած կառուցողական եւ զօրակից յանձնառում Միջազգային հասարակութեան կողմէ, որպէսզի զինաթափումէն ետք կարելի ըլլայ վերահիւսել ընկերային հիւսուածքը եւ վերսկսիլ վերակացումը եւ տնտեսական աճը։

«Բոլորս աղօթենք Տիրոջ, որպէսզի սիրելի եւ մարտիրոս Սուրիոյ տառապանքները չի մոռցուին եւ որպէսզի մեր զօրակցութիւնը վերակենդանացնէ յոյսը», ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց միասին աղօթել «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2021, 12:30