Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը եկեղեցական ներքին ատեանի դասընթացքի մասնակիցներուն։

Սուրբ Խոստովանանքի խորհուրդը սրբութեան ուղին է, հաւատքի, վստահութեան, փոփոխութեան եւ հօր ողորմած սիրոյն համապատասխանելու դպրոցն է ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 12 մարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ընդունեց Առաքելական ատեանի կողմէ կազմակերպուած եկեղեցական ներքին ատեանի  31-րդ դասընթացքի մասնակիցները։ 

Ունկնդրէ լուրե

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի  ճառին մէջ սրբազան հայրը խօսքը կեդրոնացուց երեք արտայայտութիւններուն վրայ, յանձնուիլ սիրոյ, թոյլատրել փոխուիլ  սէրէն, եւ  համապատասխանել սիրոյ։ 

Յանձնուիլ սիրոյ, կը նշանակէ կատարել ճշմարիտ հաւատքի արարք մը։ Հաւատքը երբեք  չկրնայ վերածուիլ շարք մը  հաւատալիք յայտարարութիւններուն։  Հաւատքը կ՝արտայայտուի եւ կը հասկցուի յարաբերութեան մը ներքեւ, յարաբերութիւն Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ, եւ մարդու ու Աստուծոյ միջեւ, հրաւէր ու պատասխանի  տրամաբանութեան համաձայն։  Աստուած կը հրաւիրէ, եւ մարդը կը պատասխանէ։ Հաւատքը հանդիպում է ողորմածութեան հետ, Աստուծոյ հետ որ ողորմածութիւն է, եւ յանձնուիլն է այդ սիրոյ ձեռքերուն, ողորմած եւ վեհանձն սիրոյ,որուն կարիքը ունինք  եւ որուն շատ անգամ կը վախնանք վստահիլ։

.Հետեւաբար բարի խոստովանանքի առաջին քայլը կը կայանայ հաւատալու մէջ եւ վստահելու մէջ, որուն միջոցաւ ապաշխարողը կը մօտենայ ողորմածութեան։  Այսպէս ապրելով խոստովանանք  կը նշանակէ թոյլ տալ կերպարանափոխուիլ սէրէն, որ երկրորդ արտայայտութիւնն է ։

Աստուծոյ սէրը տեսանելի դարձաւ մարդոց, նոր ու ամբողջական ձեւով, ու կարող է ամէն բան փոխելու։ 

Ապաշխարողը, որ խոստովանանքի խորհուրդին մէջ կը հանդիպի այդ սիրոյ ճրագին, թոյլ կու տայ փոխուելու շնորհքէն, սկսելով ապրիլ այդ քարէ սիրտի  փոփոխութիւնը մարմնային սիրտի մէջ։

Երրորդ արտայայտութիւնն է , համապատասխանել սիրոյ։ 

Ճշմարիտ կամքը խոստովանանքի շօշափելի կը դառնայ համապատասխանելով  ընկալած  ու ստացած Աստուծոյ սիրոյն։ Այս կ՝իրականացուի կեանքի  ու ողորմածութեան աշխատանքներուն գործերուն մէջ։ Ան որ ընկալուած է սէրէն, չկրնայ չ՝ընդունիլ եղբայրը։ Ան որ ներուած է Աստուծմէ, չկրնար չներել եղբայրները։ Եղբօր նկատմամբ սէրը վայրն է ճշմարտապէս համապատասխանելու Աստուծոյ սիրոյն։

Սուրբ Խոստովանանքի խորհուրդը սրբութեան ուղին է, հաւատքի, վստահութեան, փոփոխութեան եւ հօր ողորմած սիրոյն համապատասխանելու դպրոցն է ։

Ֆրանչիսսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը քաջալերելով ներկաները շարունակելու եւ հաւատարիմ մնալու իրենց թանկարժէք պաշտօնին ջ նշելով որ այդ պաշտօնը յոյժ կարեւոր ժողովուրդի սրբութեան։ Ան խնդրեց կղերականներէն, որ իրենց սուրբ պաշտօնը վստահին Սուրբ Յովսէփին պաշտպանութեան, որ հաւատարի ու արդար մարդ էր։

Նորին Սրբութիւնը փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2021, 12:52