Դատաւոր Մուհամետ Ապտելսամ Դատաւոր Մուհամետ Ապտելսամ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք այցելութիւնը մարմնացումն են մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին եւ «Fratelli tutti» շրջաբերականի սկզբունքներուն ։

Մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութիւնը ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք այցելութեան առթիւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հիգնշաբթի, 4 մարտին, մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մուհամետ Ապտելսամ յայտարարութեամբ մը անդրադարձաւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Իրաք կատարելիք այցելութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Յայտարարութեան մէջ դատաւորը նշած է. 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատմական այցելութիւնը Իրաք, որ տարիներէ ի վեր կը տառապի պատերազմներու, բաժանումներու, ահաբեկչութեան հետեւանքով ու Իրաքի ժողովուրդի աջակցութեան վճռականութիւնը հակառակ համաճարակին, Պապին որդեգրած մարդասիրական մօտեցման ակնյայտ նշան են, որուն ամբողջ կեանքը նուիրեց։ Այս ամէնը կը ներկայացնէ այն սկզբունքներու իսկական մարմնացումը, որոնք ներառուած են մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին եւ Fratelli tutti շրջաբերականին մէջ։՝

Պապին այցելութեան ամբողջ յայտագիրը եւ վայրերու ու քաղաքներու ցանկը, ուր պիտի այցելէ կը ցոլացնեն իր հաղորդելու փափաքը Իրաքի ժողովուրդին հետ։ Սա անկասկած նշանակալից այց է ամբողջ արաբական տարածաշրջանի համար։ 

Այցելութիւնը կը պարունակէ  բռնութեան և ահաբեկչութեան զոհերու զօրակցութեան պատգամներ , ինչպէս նաեւ  քաղաքացիութեան արժէքներու զօրակցութիւն, Իրաքի եւ Իրաքէն դուրս։

Այս ամէնը անսովոր չէ խաղաղութեան եւ այսպիսի մեծ առաջնորդի համար, որ կ՝ուզէ աշխարհը առաջնորդել խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ճանապարհին վրայ։

Ընդհանուր քարտուղար մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէի 

Դատաւոր Մուհամետ Ապտելսալամ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2021, 12:08