Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Պաղտատ

«Դուք բոլորդ եղբայրներ էք» նշանաբանով Սրբազան Քահանայապետը հասաւ Իրաք

Վատիկան Նիուզ

4 ժամէն քիչ մը աւելի տեւող թռիչքէ ետք  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող Ալիթալիա ընկերութեան օդանաւը վայրէջք կատարեց Պաղտատի օդակայան, ուր Նորին Սրբութիւնը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամներըը դիմաւորուեցան Երկրին Վարչապետ Ալ Քատիմի անուանումով ճանչցուած եւ 2020ի մայիսի վարչապետ նշանակուած՝ Տիար Մուսթաֆա Ապտելլաթիֆ Մշաթաթի ու այլ քաղաքական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու կողմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապը Իրաքի վարչապետին հետ]
Ֆրանչիսկոս Պապը Իրաքի վարչապետին հետ]

Բարի գալուստ օդակայանին մէջ

Բարի գալուստի փրոթոքոլային պաշտօնական արարողութիւնը ընթացաւ պատուիրակութիւններու ներկայացումով հուսկ Քահանայապետի եւ Վարչապետի միջեւ օդակայանին մէջ կայացած հակիրճ հանդիպումով, որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապին շքախումբը ուղղուեցաւ Պաղտատի նախագահական պալատ, ուր նախատեսուած է Բարի Գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը։

Նախագահական Պալատ
Նախագահական Պալատ

Նախագահական պալատին այց եւ առաջին հանրային հանդիպում

Նախագահական պալատ ժամանելուն Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ Երկրին նախագահ Տիար Պահրամ Ահմէտ Սալիհ Քասսիմի կողմէ, որուն հետ Սրբազան Քահանայապետը ունեցաւ առանձնական հանդիպում մը։

Նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ նախագահական պալատի պաշտօնական դահլիճ, ուր հանդիպում ունեցաւ Երկրի քաղաքական եւ եկեղեցական  իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն, Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն, գործարարներու եւ քաղաքացիական ընկերութիւնն ու մշակոյթը ներկայացնող անձնաւորութիւններու  հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը։

Վերջին թարմացումը՝ 13.47-ին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2021, 12:06