Փարակուային մէջ բողոքի ցոյցեր ու յարձակումներ Փարակուային մէջ բողոքի ցոյցեր ու յարձակումներ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Փարակուայի ի սպաս. «բռնութիւնը միայն ինքնաքայքայում կը պատճառէ»

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ կոչ յղեց նաեւ Փարակուային համար, խնդրելով Աստուծմէ որ երխկօսութեան միջոցաւ լուծուին երկրին հարցերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 17 մարտին, հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչսիկոս Սրբազան Պապը, Միանամար ի սպաս կոչ յղելէն ետք կոչ ըրաւ նաեւ Փարակուային համար։ Նորին Սրբութիւնը խնդրեց, որ երկխօսութեան ուղի մը գտնել, խաղաղութիւն կերտելու եւ երկրի մէջ ծագած հարցերը խաղաղութեամբ լուծելու համար ։ Ան կոչը աւարտեց հայցելով Տիրամօր խարեխօսութիւնը խնդրելով խաղաղութեան Տիրոջմէ որ անկեղծ խաղաղութիւն շնորհէ՝ Փարակուային համար։ Ֆրանչիսկոս Պապ կոչը աւարտեց նշելով, որ բռնութիւնը միայն ինքնաքանդում կը պատճառէ եւ ոչ մէկ լուծում կը յառաջացնէ։  

Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

«Այս շաբթուան ընթացքին շատ մտահոգուեցաւ Փառակուայի մէջ մտահոգիչ լուրերուն հետեւանքով։ 

Քակքուփէ Տիարմօր բարեխօսութեամբ, Խաղաղութեան Տէր, Յիսուս Քրիստոսէն կը հայցեմ գտնել  անկեղծ երկխօսութեան ուղի մը ժամանակից հարցերու պատշաճ լուծումներ գտնելու համար ու միասնաբար կառուցել շատ սպասուած խաղաղութիւնը։ 

Կ՝ուզեմ յիշեցնել որ բռնութիւնը միշտ ինքնաքայքայում է ։ Անորմով ոչ մէկ բան կարելի է շահիլ այլ, միայն կը  կորսնցնենք։» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Փարակուայի մէջ ներկայ քաղաքական կացութիւնը։

Յայտնենք, որ Փարակուային մէջ մարտ ամսուան սկիզբէն  ի վեր բողոքի ցոյցեր կը շարունակուին երկրին հանրապետութեան նախագահ Մարիօ Ապտօ Պենիդեզի դէմ,։ Փարակուային մէջ մինչեւ այսօր հրաժարած են առողջապահական նախարարութենէն երեք նախարարներ, որոնք ականատեսն եղան անօրէնութիւններուն պատուաստանիւթի ընդդէմ

Փարկաուային նախագահը, վերջերս, հարաւային Ամերիկայի զարգացման  նիւթով համագումարին, կոչ  յղեց համաշխրհային բարիքը արդար եւ հաւասար բաշխումի նպատակաւ։  

Եկեղեցւոյ դերը Փարակուայի մէջ։

Փարկաուայի մէջ եկեղեցին միջնորդութիւն կը կատարէ երկրի ուժերու միջեւ մաղթելով ֆրանչիսկոս Պապին իղձը որ է հարցերը լուծել առանց բռնութիւններուն։ 

Գերապայծառ Ամանչիօ Պենիթեզ, Պենիամին Աչեվալ թեմի եպիսկոպոսը, փարակուային եպիսկոպոսներուն ընդհանուր քարտուղար, մի քանի օր առաջ նշեց ,որ ժամանակի հարցերու դիմաց եկեղեցին կը հրաւիրէ լուծումներ գտնել՝ խաղաղ ցոյցերու միջոցաւ, իսկ կառավարութիւնը անհրաժեշտ է գոհացնել քաղաքայիններու պահանջները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2021, 11:15