«Քաջութեամբ եւ ուրախութեամբ քալենք ծառայութեան ճանապարհին վրայ». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ չիյնայ եւ չի մեռնի ինք մինակ կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի շատ արդիւնք կու տայ»(Յովհ. 12,24)։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 21 մարտ 2021-ին Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերի միջոցաւ,գլխաւորեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, տրուած ըլլալով, որ պսակաժահրի բերումով Հռոմ քաղաքը կը գտնուի «կարմիր շրջանի» մէջ, որուն հետեւանքով արգիլուած են հաւաքներն ու շրջագայութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Աւետարանական հատուածին վրայ քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն ուր կը պատմուի Յիսուսին երկրին վրայ ապրած վերջին օրերուն հայող դրուագ մը (Յովհաննէս 12, 20-33)։

Կը փափաքինք Յիսուսը տեսնել

Երբ Յիսուս կը գտնուէր Երուսաղէմի մէջ սուրբ Զատկուայ տօնին համար, մի քանի հեթանոսներ հետաքրքրուած Յիսուսի գործած իրողութիւններով կը մօտենան Փիլիպոս առաքեալին ու անոր կ՛ըսեն, որ կը փափաքին Յիսուսը տեսնել։ Փիլիպոսը կը դիմէ Անդրէասին եւ երկուքը միասին Յիսուսին մօտ կ՛երթան։

Ցորենի հատիկը

Այս հեթանոսներու խնդրանքին մէջ կարող ենք նշմարել բոլոր ժամանակներու եւ բոլոր վայրերու բազմաթիւ մարդոց եւ կիներուն հարցումը, զոր անոնք կ՛ուղղեն Եկեղեցւոյ ու նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրիս. «Կը փափաքինք Յիսուսը տեսնել», ըսաւ Սրբազան Պապը անդրադառնալով Յիսուսին պատասխանին «Հասաւ ժամը եւ Մարդու Որդին պիտի փառաւորուի… եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ չիյնայ եւ չի մեռնի ինք մինակ կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի շատ արդիւնք կու տայ»(Յովհ. 12, 23-24)։

«Կը թուայ թէ այս խօսքերը չեն համապատասխանէր հարցումին բայց իրականութեան մէջ անոնք աւելի անդին կերթան» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Յիսուս արդարեւ կը յայտնէ թէ Ինք, թաքուն հատիկն է, որ պատրաստ է մեռնելու, որպէսզի պտուղներ պարգեւէ։

Նայիլ խաչին

Ան կարծես կ՛ըսէ. «եթէ կ՛ուզէք զիս ճանչնալ ու հասկնալ, նայեցէք ցորենի հատիկին, որ կը մեռնի հողին մէջ, նայեցէք խաչին», յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ Խաչն է քրիստոնեաներուն գերազանց խորհրդանիշը եւ` թէ այն  անձը, որ այսօր կ՛ուզէ Յիսուսը տեսնել զայն կը տեսնէ ամենահասարակ նշանին մէջ` որ է խաչը։

«Ան տեղադրուած է ամէն տեղ եւ կարեւորը այն է, որ այդ նշանը համապատասխանէ աւետարանին ,որովհետեւ Խաչը չի կրնար եթէ ոչ արտայայտել միայն սէր, ծառայութիւն, ինքնանուիրում եւ միայն այդպէսով է, որ ան կեանքի ծառ է իսկապէս, առատ կեանքին» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով թէ այսօր եւս շատ մը մարդիկ կը փափաքին Յիսուսը տեսնել, հանդիպիլ Անոր, ճանչնալ զԱյն։

Քրիստոնեաներուն պատասխանատուութիւնը

«Ասկէ կը բխի քրիստոնեաներուս պատասխանատուութիւնը։ Մենք եւս պէտք է պատասխանենք կեանքի մը վկայութեամբ, որ կը նուիրուի ծառայութեան մէջ։ Այս կը նշանակէ սերմանել սիրոյ հատիկներ ոչ թէ խօսքերով այլ շօշափելի, պարզ եւ արի օրինակներով» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով, որ «այդ ժամանակ Տէրը իր շնորհքով մեզի պտուղներ պարգեւել կու տայ, նոյնիսկ եթէ հողը անմաշ է։ :Եւ այդ պահուն, մինակութեան եւ դժուարութեան մէջ, մինչ հատիկը կը մեռնի, պահն է երբ կեանքը ծիլ կ՛առնէ, որպէսզի ճիշտ ժամանակին հասուն պտուղներ պարգեւէ։

Քալել քաջութեամբ եւ ուրախութեամբ ծառայութեան ճանապարհին վրայ

«Այս կեանքի ու մահուան միահիւսման մէջ է, որ կարող ենք փորձարկել ուրախութիւնը եւ սիրոյ պտղաբերութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով որ այս մէկը կարելի է երբ կ՛որդեգրենք Աստուծոյ ոճը՝ որ է մօտիկութիւն, կարեկցութիւն. քնքշութիւն։ Ան ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ հետեւելու Յիսուսին, քալելու քաջութեամբ եւ ուրախութեամբ ծառայութեան ճանապարհին վրայ, որպէսզի Քրիստոսին սէրը ցոլայ մեր իւրաքանչիւր վարուելակերպին մէջ ու միշտ աւելիով դառնայ մեր առօրեայ կեանքին ապրելակերպը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2021, 12:07

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >