Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

«Մեր սրտերը բանանք Աստուծոյ անհուն սիրոյն դիմաց» Ֆրանչիսկոս Պապ

Քառասնորդացի այս շրջանին կանչուած ենք աւելի յանձնառութեամբ փնտռելու լոյսը ու զայն ընկալելու մեր խիղճերուն մէջ, յատկապէս խոստովանանքի խորհուրդի միջոցաւ, որպէսզի կարենանք մեր սրտերը բանալ Աստուծոյ անհուն սիրոյ դիմաց, անոր ողորմութեան դիմաց, որ լի է քնքշութեամբ ու բարութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 Մարտ 2021-ին` ըստ լատինաց քառասնորդացի չորրորդ կիրակին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւանդութեան համաձայն իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն առթիւ ներկայացուց  աւանդական խորհրդածութիւնը, ներշնչում քաղելով օրուան Աւետարանէն, ուր Յովհաննէս Աւետարանիչը (3)  կը պատմէ Յիսուսին եւ հրեաներու իշխան` Նիկոդեմոսին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը

Քառասնորդացի այս չորրորդ կիրակիին աւետարանական հատուածը կը սկսի «ուրախացիր Երուսաղէմ» խօսքով, եւ այդ ուրախութեան պատճառաը սա է.. Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն մարդ որ հաւատայ Անոր, չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով որ «այս ուրախ պատգամը սիրտն է Քրիստոնեայ հաւատքին» ու հաստատելով, որ «Աստուծոյ սէրը իր գագաթնակէտը գտաւ Որդոյն պարգեւին մէջ` տկար ու մեղաւոր մարդկութեան համար»։

Յիսուսին ու Նիկոդեմոսին միջեւ գիշերային զրոյց

Այս մէկը ի յայտ կու գայ նաեւ Յիսուսին ու Նիկոդեմոսին միջեւ գիշերային զրոյցէն, յարեց ապա Սրբազան Պապը, մատնանշելով` որ Յիսուս անոր կը ներկայանայ, որպէս Մարդու Որդի, փառաւորուած Խաչին վրայ, որպէս Աստուծոյ Որդի, որ Աստուած ղրկեց աշխարհի փրկութեան համար, ապա, որպէս լոյս` որ կը զանազանէ ճշմարտութեան հետեւողները անոնցմէ, որոնք սուտին կը հետեւին չարին եւ ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուց վերոնշեալ երեք երեւոյթները։

Մարդու Որդի

Յիսուս նախ կը ներկայանայ որպէս Մարդու Որդի «Եւ ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, նոյնպէս պէտք է բարձրանայ Մարդու Որդին. Որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ անոր` ընդունի յաւիտենական կեանքը»։

Աստուծոյ Որդի

Երկրորդ երեւոյթը` Աստուծոյ Որդիի երեւոյթն է։ Աստուած այնպէ՛ս սիրեց աշխարհը` որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ. որպէսզի ով որ հաւատայ անոր` չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը։ Աստուծոյ սոյն պարգեւին նպատակը մարդոց յաւիտենական կեանքն է։ Ան իր Որդին կ'ուղարկէ աշխարհ ոչ թէ դատապարտելու աշխարհը այլ որպէսզի աշխարհը կարողանայ փրկուիլ Յիսուսին միջոցաւ։ «Անոր առաքելութիւնը փրկութեան առաքելութիւնն է, շնորհուած բոլորին» յարեց Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնելով ապա երրորդ կէտին. Յիսուս որպէս Լոյս։

Յիսուս որպէս Լոյս

«Եւ ա՛յս է դատաստանը. Լոյսը աշխարհ եկաւ, եւ մարդիկ խաւարը աւելի սիրեցին` քան լոյսը, որովհետեւ իրենց գործերը չար էին» կ’ըսէ Աւետարանը։ Յիսուսին աշխարհ գալուստը կը յառաջացնէ երկընտրանք, անոնք որոնք խաւարը կ’ընտրեն պիտի դատապարտուին իսկ անոնք որոնք  լոյսը կը փնտռեն  պիտի ընդունին փրկութեան դատաստանը։

Մարդուն ազատ ընտրութիւնը

«Այդ դատաստանը իւրաքանչիւր մարդու ազատ ընտրութեան արդիւնքն է. Ով` որ չարը կը գործէ կը փնտռէ խաւարը իսկ ով` որ ճշմարտութիւն կը գործադրէ լոյսին կու գայ», ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, թէ «քառասնորդացի այս շրջանին կանչուած ենք աւելի յանձնառութեամբ փնտռելու լոյսը ու զայն ընկալելու մեր խիղճերուն մէջ,  որպէսզի կարենանք մեր սրտերը բանալ Աստուծոյ անհուն սիրոյ դիմաց, անոր ողորմութեան դիմաց որ լի է քնքշութեամբ ու բարութեամբ» նշեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ այդպիսիով մենք պիտի գտնենք իսկական ուրախութիւնը եւ պիտի ուրախանանք Աստուծոյ ներումով, որ կը վերակենդանացնէ եւ կեանք կը պարգեւէ»։

Սրբազան Պապը հուսկ խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ վախ չունենալու մենք մեզ  «ճգնաժամի մատնելու» Յիսուսէն, անիկայ առողջ ճգնաժամ մըն է, որ կը ծառայէ մեր բուժումին, որպէսզի, ըսաւ Քահանայապետը, մեր ուրախութիւնը ըլլայ լիակատար։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2021, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >