«Կրօնական կրթութեան» նուիրուած համագումար «Կրօնական կրթութեան» նուիրուած համագումար 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Դուք երիտասարդներ բանաստեղծներն էք գեղեցիկ նոր մարդկութեան, շքեղ նոր բարեկամական եղբայրութեան»։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերափռուած պատգամը «կրօնական կրթութիւն» նիւթով համագումարի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

18էն - 21 փետրուարին, նախաձեռնութեամբ Լոս Անճըլըսի արքեպիսկոպոսարանի, տեղի կ՝ունենայ «կրօնական կրթութիւն» նիւթով առցանց համագումար մը, որ սկիզբ կ՝առնէ Հռոմի ժամանակացոյցով ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 3-00ին։

Ունկնդրէ լուրը

Միշտ աւետել ու յիշել Աստուծոյ խոստումը

Համագումարին բացման առթիւ ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց համագումարին մասնակիցները ապա շնորհաւորեց համագումարի 75 ամեակն ու «երիտասարդներու օր» կազմակերպութեան 65 ամեակը , կազմակերպուած Լոս Անճլեսի թեմին կողմէ։

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ համաշխարհային ճգնաժամին յորդորելով միշտ աւետել ու յիշել Աստուծոյ խոստումը, որ յաւերժ  միշտ պաշտպանած է, ըսաւ Ան աւելցնելով որ համաճարակը բնութագրած է անձերուն կեանքն ու մեր հասարակութիւններուն պատմութիւնը։ Անհրաժեշտ է կառուցել վաղը, նայիլ ապագային եւ այս կատարելու համար, կարիքը կայ բոլորին ուժի ու նուիրուածութեան յանձնառութեան։

Ճգնաժամէն  կարելի է դուրս գալ կամ աւելի լաւ կամ աւելի վատ

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց տիեզերական սկզբունք մը,« ճգնաժամէն չէ կարելի հաւասար դուրս գալ, կամ աւելի լաւ դուրս կու գանք կամ աւելի վատ, երբեք հաւասար չէ  կարելի դուրս գալ։ Ճգնաժամին մէջ կը յայտնուի սիրտն ու անոր զօրութիւնը, ապաշխարութիւնը, մեծութիւն ու փոքրութիւնը։

Մեր ապրած ժամանակաշրջանին, ճանչնալով իւրաքանչիւր մարդկային անձի արժանապատւութիւնը, կրնանք բոլորին միջեւ վերածնիլ համաշխարհային եղբայրութեան ձգտումը։

Կարիքը ունինք մեզ աջակցող հասարակութեան մը, որ մեզ կ՝օգնէ եւ որուն մէջ իրարու օգտակար կը դառնանք դէպի առջեւ նայելու համար։

Բանաստեղծներ նոր գեղեցիկ մարդկութեան

Ֆրանչիսոկոս Պապ հուսկ ողջունեց երիտասարդները հրաւիրելով զանոնք յոյսի, որ մեզի կը խօսի իրականութեան մասին, որ արմատացած է մարդկային էակին խորութեան մէջ։ Դուք երիտասարդներ բանաստեղծներն էք նոր գեղեցիկ մարդկութեան, նոր գեղեցիկ բարեկամական եղբայրութեան։

Երազել իբրեւ մէկ մարդկութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատգամը յորդորելով երազել իբրեւ մէկ մարդկութիւն, իբրեւ մարդկային մարմինէ կազմուած ճամբորդներ, իբրեւ  այս երկրագունդի զաւակներ որ բոլորս կը հիւրընկալէ, իւրաքանչիւր իր հաւատքի հարստութեամբ ու իր համոզումներով։

Ֆրանչիսկոս Պապ յանձնելով համագումարի մասնակիցները Տիրամօր քնքշութեան, Եկեղեցւոյ մօր, շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւն ապա շնորհակալութիւն յայտնեց կղերականներուն, ուսուցիչներուն անոնց կատարած աշխատանքներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2021, 06:57