Ֆրանչիսկոս Պապին միջերկրականի եպիսկոպոսներուն հետ Պարիի մէջ հանդիպման տարեդարձը։ Ֆրանչիսկոս Պապին միջերկրականի եպիսկոպոսներուն հետ Պարիի մէջ հանդիպման տարեդարձը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին միջերկրականի եպիսկոպոսներուն հետ Պարիի մէջ հանդիպման տարեդարձը։

Հաւաքի ընթացքին շօշափուած նիւթերէն եղան՝ նոր սերունդին հաւաքի փորանցումը, գաղթականութիւնը, միջ կրօնական երկխօսութիւնը, քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ կաթողիկէ հասարակութիւններու փոխյարաբերութիւնը, տնտեսական եւ ընկերային անհաւասարութիւնները եւ այլ նիւթեր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մէկ տարի առաջ այս օրերուն՝ Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ կայացաւ «Միջերկրական՝ խաղաղութեան սահմանագիծ» բնաբանով հանդիպումի, խորհրդածութեան, երկխօսութեան, աղօթքի եւ խոկումի հաւաքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Միջերկրական ծովի սահմանակից 20 երկիրներու կաթողիկէ եկեղեցիներու պատրիարքներն եւ եպիսկոպոսները, որոնց շարքին էին նաեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ Արհ. Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան։

Զարկ տալ բաժնեկցուած տեսութեան  ու գործնական համագործակցութեան 

Հաւաքը կազմակերպուած էր Իտալիոյ եպիսկապոսներու համահաւաք դասի կողմէ «կարեւորելու համար, ծովու տարբեր ափերու վրայ պատահարները ու զարկ տալու բաժնեկցուած տեսութեան մը ու գործնական համագործակցութեան մը», ինչպէս յայտնած էր այդ առթիւ հաւաքը նախաձեռնող ու Իտալիոյ եպիսկապոսներու համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթի։

58 կրօնապետեր ապրեցան չորսօրեայ քննարկումներու եւ վկայութիւններու օրեր, որոնց եզրափակումը կատարեց նոյնինքն  Ֆրանչիսկոս Պապը հաւաքի մասնակիցներուն ուղղելով իր պատգամը ու գլխաւորելով հաւաքին եզրափակիչ համապատարագը։

Հաւաքի ընթացքին շօշափուած նիւթերէն  եղան՝  նոր սերունդին հաւաքի փորանցումը, գաղթականութիւնը, միջ կրօնական երկխօսութիւնը, քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ կաթողիկէ հասարակութիւններու փոխյարաբերութիւնը, տնտեսական եւ ընկերային անհաւասարութիւնները եւ այլ նիւթեր։

Միջերկրականը ի վայր ուր ծնունդ առած է մեր քաղաքակրթութիւնը

Եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով  միջերկրականի տարածաշրջանին զայն նկատած էր վայրը «ուր ծնունդ առած է մեր քաղաքակրթութիւնը»,  որպէս արդիւնք տարբեր ժողովուրդներու միջեւ հանդիպումին։

«Միջերկրականը խաչմերուկ մըն է՝ ըլլայ ընկերային, ըլլայ քաղաքական, ըլլայ կրօնական ու տնտեսական տեսանկիւններէն. Ան կը մնայ ռազմավարական տարածք, որուն հաւասարակշռութեան ազդեցութիւնը կ՛արտացոլայ  աշխարհի միւս մասերու վրայ» ըսած էր այդ առթիւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Հաւատքի փոխանցումը կարող է պտուղ բերել միայն այն ժառանգութենէն՝ որուն միջերկրականը աւանդապահ է»:

Պատերազմը՝  «իսկական խելագարութիւն»

Զեկոյցին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկած էր նաեւ  պատերազմին՝ զայն որակելով «իսկական խելագարութիւն», որովհետեւ, ըսած էր Ան,  խելագարութիւն է՝ կամուրջներ, տուներ, հիւանդանոցներ կործանելը ու մարդիկ սպանելը, փոխանակ կառուցելու մարդկային ու տնտեսական յարաբերութիւնները»։

«Մարդկութեան վերջին նպատակը կը մնայ խաղաղութիւնը» հաստատած էր Սրբազան Պապը ընդգծելով, որ «խաղաղութենէ զատ այլընտրանք  չկայ՝ ոչ մէկուն համար»։  Պատերազմը միայն ձախողութիւն մըն է, ըլլայ մարդկային, ըլլայ Աստուածային որեւէ ծրագիրի, ու «խաղաղութեան կառուցումը պէտք է մնայ Եկեղեցւոյ ու քաղաքացիական որեւէ իշխանութեան առաջնահերթութիւն, որպէս հիմք ունենալով արդարութիւնը» նկատել տուած էր Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով նաեւ գաղթականութեան հարցին եւ այդ ուղղութեամբ այդ մարդոց ու կիներուն օգնութիւն երաշխաւորելու հարկաւորութեան, Ան  հրաւիրած էր նաեւ  «Ձայները բարձրացնել Կառավարութիւններէն պահանջելու համար փոքրամասնութիւններուն պաշտպանութիւնը ու կրօնի ազատութիւնը»։

Միջերկրականը հանդիպումին մշակութապէս միշտ բաց ծովն է 

«Միջերկրականը այն ծովն է որ մշակութապէս միշտ բաց է հանդիպումին,  երկխօսութեան եւ մշակութային ընդելուզման» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը  այս ծիրէն ներս  ընդգծելով՝  որ «միայն երկխօսութիւնն է, որ առիթ կու տայ հանդիպելու իրար, յաղթահարելու նախապաշարումները ու զիրար աւելի լաւ ճանչնալու»։

Նոր սերունդներուն դերակատարութիւնը

Երկարաշունչ իր ճարին մէջ Քահանայապետը  կարեւորած էր նաեւ նոր սերունդներուն դերակատարութիւնը ու անոնց կենսամիջոցները մատչելի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը, «որպէսզի անոնք դառնան իրենց ուղեւորութեան դերակատարները» ու կաղանան ըլլալ «աւիշ՝ որ կարող է ապագայ եւ յոյս ստեղծել»։

Քալել փոխադարձ յարգանքի եւ զօրակցութեան հիման վրայ

Վերակոչելով Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած  «մարդկային եղբայրութեան» փաստաթուղթը, որ կը հաստատէ թէ կրօններու իսկական ուսուցումները հրաւէր են կառչած մնալու խաղաղութեան արժէքներուն ու թիկունք կանգնելու զիրար ճանաչումին, մարդկային եղբայրութեան ու միասնական համակեցութեան» Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը դրած էր Կրօններու միջեւ հանդիպումի անհրաժեշտութեան վրայ  դիտել տալով, որ կարելի չէ  իրար դէմ պայքարիլ հաւատքի պատճառով, ու թէ պէտք է  քալել փոխադարձ յարգանքի եւ զօրակցութեան հիման վրայ, եւ միութեան փնտռտուքի ճանապարհին վրայ։

«Կառուցեցէք ընդհատուած կապերը, վերակառուցեցէք բռնութենէն կործանուած քաղաքները, ծաղկեցուցէք պարտէզներ՝ այնտեղ ուր արտերը չորացած են, յոյս ներշնչեցէք անոնց, որոնք անյոյս են եւ խրախուսեցէք անոնք, որոնք իրենք իրենց մէջ փակուած են՝ վախ չունենալու եղբօրմէն» եղած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ճառին եզրափակիչ յորդորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2021, 09:14