Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն

«Քրիստոս ներկայ է ծիսակատարութեան մէջ, Անոր հետ կ՛աղօթենք». Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«Երբ կիրակի օրերը պատարագի երթանք մտածենք թէ կ՛երթանք աղօթելու հասարակութեան մէջ, աղօթելու Քրիստոսի հետ, որ ներկայ է: Քրիստոս ներկայ է ծիսակատարութեան մէջ եւ մենք կ՛աղօթենք Քրիստոսին հետ, որ մեր մօտ կը գտնուի»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 3 փետրուար 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մատենադարանէն գլխաւորեց ուղիղ եթերով սփռուած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ նուիրեց աղօթքին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։  Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ շատ անգամ փորձութիւն առաջ եկաւ ապրելու մտերմիկ քրիստոնէականութիւն մը, որ չի ճանչնար հանրային ծիսական արարողութիւններուն հոգեւոր կարեւորութիւնը։ Յաճախ այս հակումը կ՛ենթադրեր հոգեւորականութեան աւելի մեծ բիւրեղէութիւն,  որ կախեալ չէր արտաքին արարողութիւններէն, որոնք յաճախ անօգուտ կամ վնասակար նկատուած էին։  

Եկեղեցւոյ մէջ կարելի է արդարեւ գտնել որոշ հոգեւորականութեան ձեւեր, որոնք չի կրցան պատշաճ կերպով ընդելուզել ծիսական պահը։  Հաւատացեալներէն շատեր, որոնք հաւատարմօրէն  կը մասնակցին ծիսակատարութիւններուն, յատկապէս կիրակնօրեայ պատարագին, իրենց հաւատքի եւ  հոգեւոր կեանքին սնունդը քաղեցին բարեպաշտական տիպի այլ աղբիւրներէ։ 

Սուրբ Զոհին կարեւորութիւնը քրիստոնեաներու կեանքին համար

Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովի «Sacrosanctum Concilium» սահմանադրութիւնը կը ներկայացնէ կտրուած երկար ճանապարհի մը հանգոյցը։  Ան յստակ եւ համարժէք  կերպով կը հաստատէ Սուրբ Զոհին կարեւորութիւնը քրիստոնեաներու կեանքին համար, որովհետեւ անոնք այնտեղ է, որ կը գտնեն այն իրականութիւնը՝ թէ Յիսուս Քրիստոսը  գաղափար կամ զգացողութիւն մը չէ, այլ կենդանի մարդ է եւ անոր Խորհուրդը ՝ պատմական իրադարձութիւն է:

Քրիստոնեաներուն աղօթքը կ՛անցնի շօշափելի միջնորդութիւններու միջոցաւ. Սուրբ Գրութիւնները, Խորհուրդները, ծիսական արարողութիւնները: Ուստի չկայ Քրիստոնէական հոգեւորականութիւն որ արմատացած չ՛ըլլայ Սուրբ Խորհուրդներու մատակարարման մէջ։

Քրիստոնէականին մէջ նշուած է. «Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիին առաքելութիւն, որ Եկեղեցւոյ խորհրդենական ծիսակատարումին մէջ կը հռչակէ, կ՛այժմէականացնէ եւ կը հաղորդէ փրկութեան Խորհուրդը կը շարունակուի աղօթող սրտին մէջ» (2655)։

Ծէսը՝ իրադարձութիւն, ներկայութիւն, հանդիպում 

Ծէսը ինքնիր մէջ արարք մըն է, որ կը հիմնուի համայն քրիստոնէութեան փորձառութեան վրայ։ Անիկա իրադարձութիւն է, ներկայութիւն է, հանդիպում է։ Այո հանդիպում է Քրիստոսին հետ։ Քրիստոսը ներկայ կը դառնայ Սուրբ Հոգիին մէջ խորհրդենական նշաններու միջոցաւ։ Առանց ծէսի քրիստոնէութիւն մը առանց Քրիստոսի քրիստոնէութիւն է։  Եւ ծիսակատարումը պէտք է կատարուի  եռանդով, որպէսզի ծէսին մէջ հեղուած շնորհքը չի կորսուի, այլ հասնի իւրաքանչիւրի ապրումին։ 

Քրիստոնէականը կը բացատրէ, թէ «Աղօթքը կը ներքնացնէ  եւ կ՛իւրացնէ ծիսակատարումը, անոր հանդիսակատարումի ժամանակ եւ ետքը։ Բազմաթիւ քրիստոնեայ աղօթքներ յառաջ չեն գար ծիսակատարումէն, սակայն եթէ անոնք քրիստոնէական համարուած են կը նախատեսեն ծէսը, այսինքն Յիսուս Քրիստոսին ծիսական միջնորդութիւնը։ 

Ան արդարեւ ներկայ է Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին մէջ, Սուրբ Հաղորդութեան Հացի եւ գինիի զոհաբերումին մէջ, հիւանդաց օծումին մէջ։ Ան ներկայ է այնպէս ինչպէս ներկայ էր՝ երբ կը բուժէր հիւանդի մը տկար անդամները կամ Վերջին Ընթրիքի պահուն կը յանձնէր իր աշխարհի փրկութեան համար կտակը։ 

Սուրբ Զոհը չէ կատարուած է ոչ միայն Քահանային կողմէ,  այլ բոլոր քրիստոնեաներուն կողմէ

Սուրբ Զոհը կարելի չէ միայն ունկնդրել կարծես թէ մենք պարզ հանդիսատեսներ ըլլանք ու մեզ ներգրաւող իրադարձութիւն մը չ՛ըլլայ։ Ան կատարուած է ոչ միայն Քահանային կողմէ, որ կը գլխաւորէ զայն, այլ բոլոր քրիստոնեաներուն կողմէ, որոնք զայն կ՛ապրին։  Կեդրոնը Քրիստոսն է։ Մենք բոլորս, պարգեւներու եւ առաքելութիւններու տարբերութեան մէջ, կը միանանք Անոր գործին, որովհետեւ Ան է ծիսակատարութեան դերակատարը։ 

Երբ առաջին քրիստոնեաները սկսան ապրիլ իրենց պաշտամունքը զայն ըրին Յիսուսին խօսքերով եւ ժեստերով, Սուրբ Հոգիի լոյսով ու անոր զօրութեամբ, որպէսզի իրենց կեանքը հասնի այդ շնորհքին, դառնայ Աստուծոյ նուիրուած հոգեւոր զոհաբերում։

Այս մօտեցումը իսկական յեղափոխութիւն է։ Սուրբ Պօղոս Հռոմէացիներուն ուղղած նամակին մէջ կը գրէ «կը յորդորեմ ձեզ եղբայրներ, յանուն Աստուծոյ գթութեան, որ դուք ձեզ ընծայէք Աստուծոյ իբրեւ կենդանի, սուրբ եւ հաճելի զոհեր (Հռովմ. 11, 1)։ 

Քրիստոս ներկայ է ծիսակատարութեան մէջ, մեր հետ կ՛աղօթէ

«Կեանքը կանչուած է դառնալու Աստուծոյ պաշտամունք. Եւ այս մէկը չի կրնար իրականանալ առանց աղօթքի յատկապէս ծիսակատարութեան աղօթքին» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւէր ուղղելով  «Երբ կիրակի օրերը պատարագի երթանք մտածենք թէ կ՛երթանք աղօթելու հասարակութեան մէջ, աղօթելու Քրիստոսի հետ, որ ներկայ է։ Երբ մասնակցինք Սուրբ Մկրտութեան արարողութեան Քրիստոս այնտեղ է, ներկայ է, կը մկրտէ։  Քրիստոս ներկայ է ծիսակատարութեան մէջ եւ մենք կ՛աղօթենք Քրիստոսին հետ, որ մեր մօտ կը գտնուի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2021, 09:32