Փետրուարի 15-ին կը նշուի մանկական քաղցկեղի դէմ պայքարի համաշխարհային օրը Փետրուարի 15-ին կը նշուի մանկական քաղցկեղի դէմ պայքարի համաշխարհային օրը 

Փետրուարի 15-ին կը նշուի մանկական քաղցկեղի դէմ պայքարի համաշխարհային օրը. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ կը վստահիմ բժիշկներն ու բոլոր հիւանդ երեխաները, որպէսզի իր մայրական գորովանքով Ան հսկէ անոնց վրայ: #ICCDay
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Փետրուարի 15-ը մանկական քաղցկեղի դէմ պայքարի համաշխարհային օրն է: 

Համաշխարհային տուեալներով մանկական քաղցկեղային հիւանդութիւններու թիւը կ՛ աճի տառա​պանքներ պատճառելով բազմաթիւ երեխաներու եւ անոնց ընտանիքներուն: Ամէն  տարի աշխարհին մէջ կը  յայտնաբերուին մանկական  քաղցկեղի մօտ 200,000 նոր դէպք և ամէն օր 250 երեխայ կը մահանայ քաղցկեղի հիւանդութենէն: Սակայն, այս հիւանդութեան մահացու ելքէն կարելի է խուսափիլ վաղ կանխարգիլման միջոցաւ։

Երեխաներու մօտ ամենէն շատ կը յայտնուի  արեան քաղցկեղը (լեյկեմիա), 2-րդ տեղը կը գրաւէ ավշային համակարգի չարորակ ախտահարումները (լիմֆոմաներ), իսկ 3-րդ տեղը  գլխուղեղի, կենտրոնական նեարդային համակարգի ուռուցքներն են: 

Քահանայապետական թուիթը

Մանկական քաղցկեղի դէմ պայքարի համաշխարհային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց հետեւեալ թուիթը։

“Թող Տէրը ոգեշնչէ բոլորը՝ մօտ ըլլալու տառապողներուն, ամէնէ առաջ փոքրերուն, և տկարները դնել առաջին տեղը: Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ կը վստահիմ բժիշկներն ու բոլոր հիւանդ երեխաները, որպէսզի իր մայրական գորովանքով Ան հսկէ անոնց վրայ: #ICCDay”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2021, 11:30