Աստուծոյ աղախին Արմիտա Պարելլի։ Աստուծոյ աղախին Արմիտա Պարելլի։ 

Եկեղեցին պիտի ունենայ նոր երանելի, Աստուծոյ աղախին Արմիտա Պարելլի։

ֆրանչիսկոս Պապ արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովին Աստուծոյ աղախին Արմիտա Պարելիի երանացման եւ կարգ մը Աստուծոյ ծառաներու եւ աղախիններու մարտիրոսական առաքինութիւններուն հայող հրամանագիրերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 20 փետրուարին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ, կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն։ Հանիպումին ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ արտօնութիւն տուաւ ծիրանաւորին հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովին Աստուծոյ աղախին Արմիտա Պարելիի  երանացման եւ կարգ մը Աստուծոյ ծառաներու եւ աղախիններու մարտիրոսական առաքինութիւններուն հայող հրամանագիրերը։

Մօտ ապագային երանելի պիտի հռչակուի, Աստուծոյ աղախին Արմիտա Պարելլի։ Ան ծնած է Իտալիոյ Միալնօ քաղաք, 1 դեկետեմբեր 1882ին, վախճանած է 15 օգոստոս, 1952ին։

Քոյր Արմիտա Պարելլի եղած է անդամ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Միաբանութեան երրորդ կարգին։ Ան եղած  է հիմնադրուհին  «Տէր Յիսուս Քրիստոսի թագաւորութեան» աշխարականներու միաբանութեան։

1917 թուականին, Միլանօ թեմի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Անտրէ Ֆերարիի հրամանով, Աստուծոյ աղախին Արմիտա Պարելլին  զբաղեցաւ  իգական սեռի շարժումով, ապա հիմնեց Ացիոնէ Քաթթոլիքա, եկղեղացական շարժումի իգական սեռի առաջին ակումբմները, որոնք 1918ին, Պենետիտկտոս ԺԵ Պապին օրով տարածուեցան ամբողջ Իտալիոյ մէջ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու հետեւեալ Աստուծոյ ծառաներուն ու աղախիններուն մարտիրոսական առաքինութիւններուն հայող հրամանագիրերը։

Աստուծոյ ծառայ Ալպինօս Ալվես Տէ Քունհա է Սիլվա, որ ծնած էր Փորթուկալի մէջ 22 սեպտեմբեր 1882ին, վախճանած է Պրազիլի մէջ 19 սեպտեմբեր 1973ին։

Աստուծոյ ծառայ Ինիացիօ Տի Սան Փաուլօ։ Ան եղած է անդամ Յիսուսի Խաչելութիւն անուան միաբանութեան։ Ծնած է Լոնտոն՝ 21 դեկտեմբեր 1799ին, վախճանած է 1 հոկտեմբեր 1864ին։

Աստուծոյ աղախին Մարիա Ֆէլիչիթա Ֆոթունաթա Պասէճօ։ Ան ծնած է Իտալիա 1752 թուականին եւ վախճանած է 1829ին ։ Քոյր Մարիա անդամ էր Սուրբ Օգոստինոս միաբանութեան։

Աստուծոյ աղախին Ֆլորալպա Ռոտի։ Ծնած է Իտալիա, 1924ին, մահացած է Քոնկոյի հանրապետութեան մէջ 1995 թուականին։

Աստուծոյ աղախին Քլարանճելա Կիլարտի։ Կրօնաւորուհին ամդամ էր «Աղքատ քոյրեր» անուան միաբանութեան։ Ան ծնած է Իտալիա, 1931ին, վաճխանած է Քոնկոյի հանրապետութեան մէջ 1995ին, մայիս ամսոյն։

Աստուծոյ աղախին Տինարոզա Պելլերի։ Եղած է կրօնաւորուհի «Աղքատ քոյրեր» անուան միաբանութեան։ Ծնած է Իտալիա, 21 ապրիլ 1936ին, մահացած է Քոնկոյի հանրապետութեան մէջ 14 մայիս 1995ին։

Աստուծոյ աղախին, Էլիզա Ճամպելուքա Ֆէտէլէ լայիքա, ծնած է Իտալիա, 30 ապրիլ 1941ին։ Վախճանած 5 յուլիս 1986ին։ Քոյս Էլիզա անամ Թերեզիանա միաբանութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2021, 13:52