Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորագիրը Ռատիօ Վատիկանի հիմնադրութեան 90 ամեակին առիթով։

Շնորհակալութիւն ձեր աշխատանքին համար։ Շնորհակալութիւն ձեր ներդրած սիրոյն համար։ Ռատիօն ունի այս գեղեցկութիւնը. Խօսքը կը տանի նոյնիսկ ամենահեռաւոր վայրերուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

12 փետրուար 1931ին, Լատերանեան Դաշնագիրի տարեդարձի յիշատակումէն մէկ օր ետք՝ երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ Պապը բացումը կը կատարէր  «Ռատիօ Վատիկանին», այդ ժամանակուայ արուեստագիտութեան գլուխ գործոցը՝ որ շնորհիւ նոյնինքն ռատիոյի գիւտարար Կուլիելմօ Մարքոնիի Քահանայապետին առջեւ կը բանար աշխարհին դռները։

Ռատիովատիկանի մեկնարկը

12 Փետրուար 1931-ի յետմիջօրէի ժամը չորս ու  կէսին Իտալիոյ եւ աշխարհի բազմաթիւ վայրերու մէջ մարդիկ հաւաքուած էին հազուագիւտ ռատիօներու շուրջ, ունկնդրելու համար ռատիոյէն սփռուած Քահանայապետական առաջին պատգամը, մինչ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի ետին գտնուող՝ Վատիկանի պարտէզներու մէկ բլուրին վրայ, այլ ամբոխ մը համախմբուած էր երկու տարի առաջ կառուցուած աշխատանոց կեդրոնի մը շուրջ ուր՝ մասնագէտներ արդեն գործի լուծուած էին  ու մեքենաները կը պատրաստուէին արձակելու ռատիօ ալիքները։

Առաջին հաղորդումը

Ժամը 16.20 անց փողի երեք հնչիւններ կ՛իմացնեն Պիոս ԺԱ ժամանումը։ Աշխատանոցի մէկ սրահին մէջ զետեղուած էր մեծ խօսափող մը, որուն մօտ կանգնած էր 56 ամեայ Կուլիելմօ Մարքոնին որ յուզուած ձայնով կը յայտարարէ որ «Քահանայապետական 20 դարերու վարդապետութեան ուսուցումը, որուն մասին իմացանք փաստաթուղթերու միջոցաւ, այժմ առաջին անգամուան համար կարելի պիտի ըլլայ ունկնդրել նոյնինքն Քահանայապետի ձայնով»։

Պիոս ԺԱ-ի Աղօթք-Կոչը

Ժամը 16.49-ին Պիոս ԺԱ-ը, որ անձամբ պատրաստած էր ռատիոյէն  սփռուելիք Քահանայապետական առաջին պատգամը՝ լատիներէն լեզուով կ՛արտասանէ տիեզերական աղօթք - կոչ մը, ուղղուած արարչութեան, Աստուծոյ, Կաթողիկէներուն,  եկեղեցական նուիրապետութեան, կղերականներուն, միսիոնարներուն, համայն հաւատացեալներուն ու նոյնիսկ անհաւատներուն եւ ըմբոստներուն,  ապա աշխարհի կառավարիչներուն, հարուստներուն, աղքատներուն, հարստահարուած ու հալածուածներուն։

Տարածել Աւետարանի լոյսը

Քահանայապետական այդ առաջին պատգամը լսելի եղաւ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու մէջ ու այդ օրէն սկսեալ ռատիօն ծառայեց տարածելու համար Աւետարանը՝ ու Քահանայապետը դնելու աշխարհին հետ երկխօսութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը

Վատիկանի Ձայնասփիւռի՝ Ռատիովատիկանի հիմնադրութեան 90 ամեակին առթիւ  12 Փետրուար 2021-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ իր մէկ պատգամով շնորհաւորեց Ռատիօ Վատիկանի 90-րդ տարեդարձը։  

Սիրելի եղբայրներ, Բարի տարեդարձ։

Կարեւոր է պահպանել մեր պատմութեան յիշողութիւնը եւ կարօտն ունենալ ոչ այնքան անցեալին, որքան ապագային, զոր կոչուած ենք կառուցելու։

Շնորհակալութիւն ձեր աշխատանքին համար։ Շնորհակալութիւն ձեր ներդրած սիրոյն համար։ Ռատիօն ունի այս գեղեցկութիւնը. Խօսքը կը տանի նոյնիսկ ամենահեռաւոր վայրերուն։ Եւ այսօր ան բոլորուած է նաեւ պատկերներով եւ գրութեամբ։

Աշխարհին հետ խօսելու մէջ յառաջ ընթացէք քաջութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ եւ այդպէսով կերտեցէք հաղորդակցութիւն մը՝ որ ունակ ըլլայ մեզի ցոյց տալու իրերու ճշմարտութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2021, 07:00