Ֆրանչիսկոս Պապ. «Համաճարակի լռութիւնը թող բանայ եղբայրութեան նոր երգ մը»։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը, երաժշտութեան միջազգային 4-րդ համագումարին առթիւ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 4 փետրուարին, նախաձեռնութեամբ Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի եւ կազմակերպութեամբ Քահանահայապետական սուրբ երաժշտութիւն համալսարանի, տեղի կ՝ունենայ առցանց  երկօրեայ երաժշտութեան մասին միջազգային համագումար, որուն բացումը կատարեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ուղղելով համագումարի մասնկացիներուն  պատկերասփռուած պատգամ մը, որուն սկիզբը Սրբազան հայրը մաղթեց, որ երաժշտութեան միջազգային 4-րդ  համագումարը նպաստէ եկեղեցական հասարակութիւններուն եւ երաժշտական մարզէն ներս աշխատողներուն, շեշտը դնելով ,որ երաժշտութիւնը յոյժ կարեւոր է  ըլլայ ծէսին ըլլայ աւետարանումին։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց թէ բազմաթիւ եկեղեցական հասարակութիւններ, վերջին տասնեակ տարիներուն մեկնաբանեցին սուրբ գիրքի գրութիւնները՝ երաշտութեան նոր ձեւերով, հարստացնելով հին ժառանգութիւնը։

Ան ապա իր զօրակցութիւնը յայտնեց բոլոր երաժշտագէտներուն, որոնք վնաս կրեցին կամ իրենց գործը կորսնցուցին համաճարակի պատճառով, բարձ գնահատելով բոլոր անոնք որոնք նոր ձեւերով  շարունակեցին երաժշտական ծառայութիւնը։

«Ուր երաժշտութիւն կայ, հոն չէ կարելի գէշ բան մը ըլլայ։ Բազմաթիւ գրութիւններ եւ յօրինումներ, երաժշտութեան ուժով կը խրախուսեն իւրաքանչիւրին անձնական խիղճը եւ կը ստեղծեն նաեւ տիեզերական եղբայրութիւն։»

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ մէջբերելով Եսայի մարգարէէն հատուած մը, զրուցեց լռութեան՝ դադարի  արժէքի մասին որ երաժշտագէտին համար բարի տարրեր են  որոնք օգտագործելով լռութիւնն ու ձայնը, ունկնդրութիւն կը շնորհէ , եւ սա հիմնական ծաւալն է իւրաքանչիւր երկխօսութեան համար։Երաժշտութիւնը կը սատարէ նաեւ փրկութեան պատգամը փոխանցելու ժողովուրդներուն։» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ Ան ապա պատկերասփռուած պատգամը աւարտեց ըսելով «Լռութիւնը որ կը բանայ նոր երգ մը։ Լռութիւնը, որ կ՝ապրինք դատա՞րկ է կամ ունկնդրութեան հատուած մըն է։  Ձայները, երաժշտական ​​գործիքները և ստեղծագործութիւնները, ներկայ ժամանակի մէջ կը շարունակեն արտայայտել Աստուծոյ ձայնի ներդաշնակութիւնը ՝ տանելով դէպի «համերգ», այսինքն ՝ համընդհանուր եղբայրութիւնը։»  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2021, 08:48