Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ֆոքոլարինի շարժումի անդմաներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ֆոքոլարինի շարժումի անդմաներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «Ֆոքոլարինի» շարժումի անդամներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց զարգացնել միշտ սինոդականութիւնը, որպէսզի ամէն անդամ պատասխանատու եւ մասնակից դառնայ Մարիամի գործունէութեան կեանքի ու նպատակներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 6 փետրուարին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս, ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ընդունեց Ֆոքոլարինի շարժումի տարեկան ընդհանուր ժողովի մասնակիցները։ Այս առթիւ արտասանած  ողջոյնի խօսքին մէջ  սրբազան հայրը խօսքը կեդրոնացուց երեք կէտերուն վրայ. շարժումի հիմնադրուհիէն ետք, տագնապի կարեւորութիւնը, հոգեւորականութիւնը ապրիլ հետեւողականութեամբ եւ իրատեսութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Հիմնադիրէն ետք. Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ֆոքոլարինիի շարժումի անդամները, որ շարունակեն ըլլալ կենդանի արտայայտութիւնը իրենց հիմնարկի շնորհապարգեւին ու մեկնաբանեն ժամանակի նշանները, պատասխանելով մարդկութեան կողմէ առաջադրուած հարցերուն։   

Նշեց նաեւ որ պէտք է Քաջութեամբ եւ ճշմարտութեամբ դիմագրաւել բոլոր հարցերը, հետապնդելով միշտ եկեղեցւոյ ցուցմունքներուն, որ իսկական մայրն է։

Տագնապի կարեւորութիւնը։  Իւրաքանչիւր տագնապ հրաւէր է նոր հասունութեան . Հոգիին ժամակն է, որ կը պահանջէ թարմացում կատարելու անհրաժեշտութիւնը, առանց յուսալքուելու մարդկութեան հակասութիւններու դէմ։

Այսօր՝ մեծապէս ընդգծուած  է դիմադրողականութեան կարևորութիւնը՝ դժուարութիւններուն դիմաց, այսինքն ՝ անոնց դրականօրէն դիմակայելու կարողութիւնը ՝ անոնց հնարաւորութիւններ քաղելով: ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Երրորդ, հոգեւորականութիւնը ապրիլ հետեւողականութեամբ եւ իրատեսութեամբ։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ Ֆոքոլարինն շարժումի շնորհապարգեւի վերջի նպատակը կը համապատասխանէ Յիսուսի իր Հօր ներկայացուցած վերջին աղօթքին, որ ամէնքը մէկ բան ըլլան։ Յովհ 17,21 նկատել տալով որ այս մէկը կը պահանջէ յանձնառութիւն մը ունենալով ՝ երկու հեռանկարներ, շարժումէն դուրս եւ շարժումէն ներս։

Շարժումէն ներս։ Նորինն Սրբութիւնը քաջալերեց ըլլալու մօտիկութեան վկաներ, ունենալով եղբայրասէր , որ գիտէ դիմագրաւել ամէն պատնէշ եւ կը հասնի մարդկութեան որեւէ պայմանի։

Ինչ կը հայի շարժումի ներս աշխատանքներուն, ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց զարգացնել միշտ սինոդականութիւնը, որպէսզի ամէն անդամ պատասխանատու եւ մասնակից դառնայ Մարիամի գործունէութեան կեանքի ու նպատակներուն։ 

Ան ապա  եզրափակեց իր պատգամը, քաջալերելով ներկաները  որ միշտ ունկնդրեն խաչեալ Քրիստոսի սիրոյ կոչը, ապա շնորհակալութիւն յայտնելով աշխարհի ու եկեղեցւոյ անոնց տուած Աւետարանի ուրախ վկայութեան համար, Տիրամօր հովանիին յանձնեց շարժումի բոլոր բարի ծրագիրները շնորհելով ներկաներուն իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2021, 12:27