Հայր Լուիս Մարթին Տէ Սան Մարթին եւ Քոյր Նաթալի Պէքար Հայր Լուիս Մարթին Տէ Սան Մարթին եւ Քոյր Նաթալի Պէքար 

Ֆրանչիսկոս Պապը Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի նոր ենթաքարտուղարներ նշանակեց։

Քահանայապետը Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին երկու նոր ենթաքարտուղարներ նշանակեց յանձինս Հայր Լուիս Մարթին Տէ Սան Մարթինի եւ Քոյր Նաթալի Պէքարի

Վատիկան Նիուզ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ 6 փետրուար 2021-ին Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին երկու նոր ենթաքարտուղարներ նշանակեց յանձինս Հայր Լուիս Մարթին Տէ Սան Մարթինի, որ մինչեւ օրս կը վարէր Սուրբ Օգոստինոսի Միաբանութեան գլխաւոր օգնականի պաշտօնը եւ Քոյր Նաթալի Պէքար՝ Քզավիէր միաբանութեան անդամ, որ  եղած է  Ֆրանսայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի երիտասարդներու աւետարանութեան եւ կոչումներու ազգային ծառայութեան  երբեմնի տնօրէնուհի։

Հայր Լուիս Մարթին Տէ Սան Մարթինի

Քահանայապետը Հայր Լուիս Մարթին Տէ Սան Մարթինին շնորհեց եպիսկոպոսական տիտղոս։ Ան ծնած է 21 օգոստոս 1961-ին Մատրիտի մէջ։ Սուրբ Օգոստինոսի ուխտին անդամակցած է 5 սեպտեմբեր 1982-ին ու մշտնջենաւոր ուխտերը կատարած է մէկ նոյեմբեր 1985-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած է 4 Յունիս 1988-ին ու պաշտօնավարած է զանազան ասպարէզներէն  ներս, որպէս կազմաւորող, Մեծաւորի խորհրդական, Սանթա Մարիա Տէ Լա Վիտ վանքի մեծաւոր,  Աստուածաբանութեան ուսուցիչ ապա Ակոստինեան միաբանութեան գլխաւոր օգնական եւ «Institutum Spiritualitatis Augustinianae» հաստատութեան նախագահ։

Քոյր Նաթալի Պէքար

Քոյր Նաթալի Պէքար՝ Քզավիէր միաբանութեան անդամ, ծնած է Ֆրանսային «Fontainebleau» քաղաքին մէջ 1969-ին։  Եկեղեցաբանութեան իր մասնագիտութիւնը աւարտած է Պոսթոնի Աստուածաբանական մասնաճիւղի մէջ։ 1995-ին կ՛անդամակցի Յիսուս Քրիստոսի միսիոնարներ Քզավիէր միաբանութեան։ 2005-ին կը կատարէ մշտնջենաւոր ուխտերը։  2019-ին կը նշանակուի Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան  խորհրդատու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2021, 12:44