Աղօթքի համաշխարհային ցանց Աղօթքի համաշխարհային ցանց 

Աղօթքի միջազգային ցանցին վստահուած 2022 տարուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։

Աղօթքի միջազգային ցանցը տարուայ ամէն ամսուայ սկիզբը կը հրապարակէ Քահանայապետին լսատեսողական պատգամ մը ներկայացնելով եւ բացատրելով ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան իմաստը ու հրաւէր ուղղելով միանալու այդ աղօթքին։
Ունկնդրէ լուրը

Հրապարակուեցան 2022 տարուայ 12 ամիսներուն Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները, որ ընդհանրապէս վստահուած են Աղօթքի միջազգային ցանցին, որ տարուայ ամէն մէկ ամսուայ սկիզբը այդ դիտաւորութիւններու հիման վրայ կը հրապարակէ Քահանայապետին լսատեսողական պատգամ մը՝  ներկայացնելով եւ բացատրելով դիտաւորութեան իմաստը ու հրաւէր ուղղելով միանալու այդ աղօթքին։

Եղբայրութիւնը

2022 տարուայ Յունուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը նուիրուած է եղբայրութեան, որպէս նիւթ ունենալով  «Դաստիարակել եղբայրութեան համար»։ Աղօթենք, որպէսզի բոլոր մարդիկը, որոնք կրօնական հալածանքներու ու խտրականութեան ենթարկուած են, իրենց ապրած հասարակութիւններուն մէջ գտնեն եղբայր ըլլալէ ծնունդ առնող իրենց իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան ճանաչումը։

Կրօնաւորուհիներ

Փետրուար ամսուայ դիտաւորութիւնը նուիրուած է կրօնաւորուհիներուն ու կը խնդրէ աղօթել կրօնաւորուհիներու եւ նուիրեալ անձերուն համար, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց՝ իրենց քաջութեան եւ առաքելութեան համար, որպէսզի ժամանակակից մարտահրաւէրներու դիմաց շարունակեն գտնել նոր պատասխաներ։

 կենսաբարոյականութիւն՝ պաշտպանել կեանքը

Մարտ ամսուայ աղօթքի  դիտաւորութիւնը  յատկացուած է կենսաբարոյականութեան ու կը հրաւիրէ աղօթել՝ որպէսզի կենսաբարոյականութեան մարտահրաւէրներուն դիմաց  քրիստոնեաներս աղօթքի եւ ընկերային գործունէութեան միջոցաւ միշտ աւելով խթանենք կեանքի պաշտպանութիւնը։

Առողջապահական մարզի գործիչներ

Ապրիլ ամսուայ ընթացքին հրաւէր կ՛ուղղուի աղօթելու առողջապահական մարզի գործիչներուն համար, որպէսզի կառավարութիւնները ու տեղական հասարակութիւնները աջակից ըլլան  անոնց,  հիւանդներու եւ տարեցներու հոգատարութեան ուղղութեամբ  յանձնառումին, յատկապէս աւելիով աղքատ երկիրներուն մէջ։

Երիտասրադներ

Մայիս ամսուայ ընթացքին Քահանայապետը հրաւէր կ՛ուղղէ աղօթելու՝ որպէսզի երիտասարդները, որոնք կոչուած են լիութեամբ կեանքի մը, Մարիամին մէջ գտնեն ունկնդրութեան ոճը, զատորոշումի խորութիւնը եւ հաւատքի քաջութիւնն ու ծառայութեան նուիրումը։

Ընտանիքներ

Յունիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը նուիրուած է ընտանիքներուն։ Աղօթենք  աշխարհի համայն քրիստոնեայ ընտանիքներուն համար, որպէսզի անոնք՝ առօրեայ կեանքին մէջ  գործնական արարքներով ապրին սիրոյ ձրիութիւնը եւ սրբութիւնը։

Տարեցներ

Յուլիս ամսուայ ընթացքին հրաւիրուած ենք աղօթել տարեցներուն համար, անոնց՝ որոնք կը ներկայացնեն ժողովուրդի մը յիշողութիւնն ու արմատները, որպէսզի անոնց փորձառութիւնը եւ անոնց իմաստութիւնը օգնեն երիտասարդներուն ապագային նայելու յոյսով եւ պատասխանատուութեամբ։

 Ձեռնարկատէրեր

Օգոստոս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը նուիրուած է ձեռնարկատէրերուն։ Աղօթենք՝ տնտեսական եւ ընկերային տագնապներէն ծանր կերպով տուժած  մեծ ու միջակ ձեռնարկատէրերուն համար, որպէսզի գտնեն պէտք եղած  միջոցները, շարունակելու համար իրենց  գործունէութիւնը ի ծառայութիւն իրենց համայնքներուն։

Մահապատիժի վերացում

Սեպտեմբեր ամիսը նուիրուած է մահապատիժի վերացումի դիտաւորութեան։ Աղօթենք որպէսզի մահապատիժը, որ կը սպառնայ անհատի արժանապատուութեան եւ անձեռնմխելիութեան, վերացուի աշխարհի բոլոր երկիրներու  օրէնսդրութիւններէն։

Բաց Եկեղեցի

Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին հաւատացեալները հրաւիրուած են աղօթել բոլորին առջեւ բաց Եկեղեցւոյ համար։ Աղօթենք որպէսզի Եկեղեցին, Աւետարանին հաւատարմութեամբ  եւ քարոզութեան քաջութեամբ, ըլլայ զօրակցութեան, եղբայրութեան եւ հիւրընկալութեան վայր մը, միշտ աւելիով ապրելով սիւնհոդոսականութիւնը։

Տառապող մանուկներ

Նոյեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը նուիրուած է տառապող մանուկներուն, որպէսզի անոնց  - փողոցները  ապրողներ, պատերազմներու զոհեր եւ որբեր - մատչելի ըլլայ դաստիարակութիւնը եւ կարողանան վերագտնել ընտանիքի մը գուրգուրանքը։

Կամաւորներ

Դեկտեմբեր ամուսայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնը ի վերջոյ  յատկացուած է կամաւորական կազմակերպութիւններուն։ Աղօթենք՝ որպէսզի կամաւորական ու մարդկային զարգացումին ի նպաստ կազմակերպութիւնները գտնեն մարդիկ՝ որոնք իղձն ունենան յանձնառու ըլլալ հասարակաց բարիքին համար եւ միջազգային գետնի վրայ համագործակցութեան համար որոնեն միշտ նոր ճանապարհներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2021, 15:00