Փետրուար ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնը նուիրուած է «բռնութեան թիրախ կիներուն»։

Աղօթենք բռնութեան թիրախ կիներուն համար, որպէսի անոնք պաշտպանուին ընկերութեան կողմէ եւ որպէսզի անոնց տանջանքը նկատի առնուի եւ լսելի ըլլայ բոլորի կողմէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր կը շարունակուին գոյութիւն ունենալ կիներ, որոնք բռնութեան թիրախ են։ Հոգեբանական բռնութիւն, բանաւոր բռնութիւն, ֆիզիկական բռնութիւն, սեռական բռնութիւն։

Տպաւորիչ է տուժած, վիրաւորուած եւ բռնութեան ենթարկուած կանանց թիւը։

Խոշտանգումներու տարբեր ձեւերը, որոնց կ՛ենթարկուին բազմաթիւ կիներ, երկչոտութիւն եւ քայքայում մըն են համայն մարդկութեան համար։ Տղամարդոց եւ համայն մարդկութեան համար։

Լռութիւնը խզելու քաջութիւնը ունեցող զոհերուն վկայութիւնները ճիչ մըն են օգնութեան պահանջի, որ չենք կարող անտեսել։

Չենք կրնար հայեացքը ուղղել այլուր։

Աղօթենք բռնութեան թիրախ կիներուն համար, որպէսի անոնք պաշտպանուին ընկերութեան կողմէ եւ որպէսզի անոնց տանջանքը նկատի առնուի եւ լսելի ըլլայ բոլորի կողմէ։

Այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Փետրուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը, որ լոյս տեսաւ մէկ փետրուարին հրապարակուած Նորին Սրբութեան լսատեսողական պատգամով։

«Չենք կրնար մեր հայեացքը ուղղել այլուր», կը յանձնարարէ Քահանայապետը պատգամին մէջ կիներուն դէմ գործադրուած բռնութիւնը նկատելով «երկչոտութեան եւ քայքայումի նշան համայն մարդկութեան համար» ու խնդրելով, որ բռնութեան զոհ կիները պաշտպանուին ընկերութեան կողմէ ու անոնց տառապանքները հասկնալի եւ լսելի ըլլան բոլորի կողմէ։

Աշխարհի մէջ ամէն օր 137 կին կը սպաննուի

Լսատեսողական պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը նշէ նաեւ որ կիներուն հէմ մղուած բռնութիւններուն թիւը տպաւորիչ է։ Արդարեւ «UN Women» կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած վերջին վիճակագրութեան հիման վրայ (Նոյեմբեր 2020) աշխարհի մէջ ամէն օր 137 կիներ կը սպաննուին իրենց ընտանեկան անդամի մը կողմէ։ Մեծահասակ կիներ կը ներկայացնեն մարդավաճառութեան զոհերուն կէսը, համաշխարհային գետնի վրայ երեք կիներէն մէկը ապրած  է ֆիզիկական կամ սեռային բռնութեան դժբախտ փորձառութիւնը, մինչ աշխարհի տարածքին 15 – 19 տարեկան 15 միլին երիտասարդ  ապրած են բռնարար սեռային յարաբերութիւն։ Վերջին տարուայ համաճարակը ապա աւելիով ծանրացուց իրավիճակը, շարժելու սահմանափակումը, ընկերային կղզիացումը եւ տնտեսական անապահովութիւնը աւելիով խոցելի դարձուցին կիներուն ապրած առօրեան։

Կնոջ դէմ բռնութիւնը Աստուծոյ դէմ սրբապղծութիւն

«Լռութիւնը խզելու քաջութիւնը ունեցող զոհերուն վկայութիւնները ճիչ մըն են օգնութեան պահանջի, որ չենք կարող անտեսել» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամին մէջ մինչ այլ իր ելոյթներու ընթացքին Ան կիներուն դէմ բռնութիւնը նկատած է՝ «կնոջմէ ծնած Աստուծոյ դէմ սրբապղծութիւն»։

«Կնոջ մարմինէն է, որ եկաւ մարդկութեան փրկութիւնը, ու մեր մարդկայնութեան ախտանիշը հասկնալի է մեր կնոջ մարմնին նկատմամբ վարմունքէն» ըսած էր Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով «աղօթել բոլոր կիներուն համար որոնք թիրախ են բռնութիւններուն ներառեալ անչափահաս մանուկներն ու երիտասարդ կիները» հուսկ կոչ ըրած էր պայքարելու աւելի արդար ընկերութեան մը համար, «որպէսզի պաշտպանէ զանոնք, ունկնդրէ անոնց աղաղակը եւ թեթեւցնէ անոնց տառապանքը»։

Յայտնենք  թէ  Ֆրանչիսկոս Պապին այս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսաուղերձին հովանաւորողները եղան՝  Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի, Վրաստանի, Անգլիոյ, Ֆրանսիայի, Գանատայի, Ֆիլիփիննի և Փերուի դեսպանութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2021, 17:00