Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպում  բնիկ ժողովուրդներու  հետ (2019) Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպում բնիկ ժողովուրդներու հետ (2019) 

Քահանայապետին պատգամը Բնիկ ժողովուրդներու ֆորումի 5-րդ հանդիպումի մասնակիցներուն։

«Համաշխարհայնացումը չի կարող նշանակել միատարրութիւն՝ որ կ՛անտեսէ տարբերութիւնը եւ կը բանեցնէ գաղութատիրութեան նոր ձեւ մը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Երեքշաբթի 2 փետրուար 2021-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղեց Բնիկ ժողովուրդներու ֆորումի 5-րդ հանդիպումի կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն,  որուն մէջ յայտնեց իր մօտիկութիւնը եւ Եկեղեցւոյ յանձնառումը՝ «շարունակելու միասնական ուղեւորութիւնը», բացայայտելու համար մեր համոզումը թէ «համաշխարհայնացումը չի կարող նշանակել միատարրութիւն՝ որ կ՛անտեսէ տարբերութիւնը եւ կը բանեցնէ գաղութատիրութեան նոր ձեւ մը»։

«Մարտահրաւէրը  այլընտրանքներ ստեղծելն է մեկնելով զօրակցութենէն,  որպէսզի եւ ոչ մէկը ինքզինք զգայ անտեսուած» գրած է Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ, դիտել տալով որ «երբ տարբերութիւնները իրար հետ կը հարստանան փոխադարձաբար, ժողովուրդներուն միջեւ հաղորդութիւնը կը ծաղկի եւ կը վերակենդանանայ»։

 Այս կը նշանակէ խթանել զարգացում մը, որուն հիմքը եւ նպատակը «սպառողականութիւնը» չ՛ըլլայ, այլ հսկէ միջավայրին վրայ, ունկնդրէ, սորվի եւ արժեւորէ զայն։  «Այս է համապարփակ բնապահպանութիւնը» կը հաստատէ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ միայն հոգեկան խոնարհութեամբ է, որ կարող ենք ակնատէս դառնալ  անօթութեան վերջնական վերացումին եւ  կայուն արժէքներու վրայ հիմնուած ընկերութիւն մը իրականացումին։

Սրբազան Պապը մաղթանք կը յայտնէ, որ այս օրերուն աշխատանքը առատ պտուղներ պարգեւէ։ «Պտուղներ սիրոյ՝ աշխարհի նկատմամբ զոր կ՛ուզենք կառուցել բոլորս միասին եւ կ՛ուզենք յանձնել անոնց, որոնք մեզմէ ետք պիտի գան, որպէս գանձ մը եւ ոչ որպէս աղբերու կոյտ մը» կը գրէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը այս ուղղութեամբ առաջարկելով «ուշադիր ըլլալ այն բաներուն՝ որոնք օգտակարութիւն կը բերեն բոլորին», որպէսզի այս աշխարհէն անցնելով թողունք վեհանձնութեան եւ անձնուիրութեան ակօս մը։

Քահանայապետը պատգամը կ՛աւարտէ Աստուծմէ խնդելով, որ օրհնէ զանոնք ու բոլոր անոնք, որոնք յանձնառու են օգնութեան հասնելու անոնց, որոնք կ՛ապրիլն մոլորակի «ընկճուած» տարածաշրջաններուն մէջ, բայց շնորհուած են  այն գեղեցկութեամբ, որ  ի յայտ կու գայ  բնութիւնը յարգելէ  և անոր հետ ապրելէն, գործ մը՝ որ դուրս եկած է  Տիրոջ ձեռքերէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2021, 13:57