Քահանայապետը անակնկալ այցելութիւն տուաւ գրող Էտիթ Պրուքին։

Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը Տիկին Պրուքին հաղորդեց թէ ինք եկած է իր մօտ շնորհակալութիւն յայտնելու անոր վկայութեան համար եւ յարգանքի տուրք մատուցելու նացիական խելագարութեան զոհ մարտիրոս ժողովուրդին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 20 փետրուարի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը թողելով Վատիկանը ուղղուեցաւ Հռոմի կեդրոն՝ այցելութիւն տալու համար այնտեղ ապրող հունգարացի ծագումով հրեայ՝ գրող գրեթէ 90 ամեայ Էտիթ Պրուքին, որ փորձարկած է նացիական համակեդրոնացման ճամբարի դաժանութիւնները։

Նորին Սրբութիւնը կարդացած էր Օսսերվաթորէ Ռոմանօ Վատիկանեան օրաթերթին հրապարակած Պրուքին հետ հարցազրոյցը, եւ մեծապէս ազդուած էր ՝ նացիական հալածանքներու մասին պատմած անոր վկայութենէն։

Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը Տիկին Պրուքին հաղորդեց թէ ինք եկած է շնորհակալութիւն յայտնելու անոր վկայութեան համար եւ յարգանքի տուրք մատուցելու նացիական խելագարութեան զոհ մարտիրոս ժողովուրդին։

Քահանայապետը հուսկ նշեց թէ ինք կ՛ուզէ կրկնել  «Եատ Վաշէմի» մէջ արտասանած խօսերը, որ, ըսաւ Ան, «կը կրկնեմ իւրաքանչիւր անձի դիմաց, որ ձեզ նման տառապեցաւ այդ արարքներու պատճառաւ. «Յանուն մարդկութեան ներում Տիրոջմէ»։

Այս առթիւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւն մը կը նշէ թէ Սրբազան Պապին եւ Տիկին Պրուքին միջեւ զրոյցի ընթացքին, որ տեւեց գրեթէ մէկ ժամ «ակնարկուեցաւ այն լոյսի պահերուն, որոնք նշանաւորեցին համակենտրոնացման ճամբարի դժոխքի փորձը և առաջ բերին վախեր և յոյսեր մեր ապրած ժամանակի համար ՝ ընդգծելով յիշողութեան արժէքը և տարեցներու դերը այդ յիշողութիւնը մշակելու ու զայն երիտասարդներուն փոխանցելու գործին մէջ»։

Նորին Սրբութեան կ՛ընկերանար նաեւ Օսսերվաթորէ Ռոմանոյի տնօրէն Տիար Անտրէա Մոնտա որ անցեալ 26 Յունուարին հրապարակած էր հարցազրոյցը։

Քահանայապետը իր զրուցակիցին նուիրեց Մենորահ, հրէական մոմակալը եւ Թալմուտի գիրքը։

Օսսերվաթորէ Ռոմանոյին հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ Էտիթ Պրուքը համակեդրոնացման ճամբարի մէջ ապրած դաժան օրերու փորձառութիւնը կը պատմէ յոյսի մը հեռանկարով։ Ան արդարեւ կը մատնանշէ փոքրիկ մարդկային արարքներու, որոնք իրեն յոյս ներշնչեցին ինչպէս երբ համակեդրոնացման ճամբարի խոհանոցի մէջ կատարած աշխատանքի ժամանակ գերմանացի խոհարարին իրեն նուիրած սանտրի մը դէպքը։ «Աշխարհը փրկելու համար բաւարար են փոքր ու մանր արարքներ» կը հաստատէ Էտիթ Պրուքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2021, 08:00