Ֆրանչիսկոս Պապը ոտնագունդի Սամփտորիա խումբի մարզիկներուն. «Ամենագեղեցիկ յաղթանակը խմբային յաղթանակն է»։

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի մէջ հանդիպեցաւ Սամփտորիա խումբի մարզիկներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մարզանքը, ինչպէս նաեւ ոտնագունդը կարող է կեանքի, հասունութեան եւ սրբութեան ճանապարհ հանդիսանալ». Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերն են ասոնք, զոր Ան արտասանեց 1946-ին հիմնուած իտալական ոտնագունդի Սամփտորիա խումբի մարզիկներուն հետ Վատիկանի մէջ ունեցած հանդիպումի ընթացքին,  յիշեցնելով նաեւ՝ թէ «կարելի չէ միայնակ յառաջ ընթանալ պէտք է միշտ խումբով ընել այդ մէկը»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսեցաւ մարզանքի կապուած երկու հիմնական երեւոյթներու մասին. Առաջինը՝ թէ ամէն ինչ կը կատարուի խումբին մէջ։ «Ամենագեղեցիկ յաղթանակները խմբային յաղթանակներն են», ըսաւ Ան նշելով՝ որ - «այն խապացողը որ խաղը կը խաղայ իրեն համար առանց միւսներուն նայելու, մեր քով կը կոչենք «գնդակը ուտող» յարեց Սրբազան Պապը շեշտելով՝ թէ խաղը պէտք է ընթանայ խումբին հետ միասին։

Երկրորդ երեւոյթը չի կորսնցնել խաղին սիրողականութիւնը։ «Մարզանքը ծնունդ կ՛առնէ զայն կատարելու կոչումէն, կարեւոր է՝  որ սիրողականութիւնը գոյատեւէ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իրեն այցելութիւն տուող մարզիկներուն, որոնք այս առթիւ Քահանայապետին նուիրեցին Խումբին մարզաշապիկը «Ֆրանչիսկոս Պապ» անունով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2021, 14:00