Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին գաղթականներուն եւ փախստականներուն միջազգային 107րդ օրուան պատգամի տիտղոսը Դէպի աւելի մեծ «մենք»։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը ֆրանչիսկոս Պապին գաղթականներուն եւ փախստականներու միջազգային 107րդ օրուան պատգամին տիտղոսի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 27 փետրուարին, սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով գաղթականներու եւ փախստականներուն միջազգային 107 րդ օրուան առթիւ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին պատգամին տիտղոսը, որ է , դէպի աւելի մեծ «մենք»։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը պատգամի տիտղոսը ներշնչուած է Fratelli tutti, շրջաբերականին մէջ յղած  իր կոչէն « ի վերջոյ թող չմնան ուրիշներ այլ միայն մենք։ Նշուած է սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ ուր աւելցուած նաեւ որ այս տիեզերական «մենք»ը պէտք է դառնայ իրականութիւն, նախ եւ առաջ եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցին որ կանչուած է հաղորդութիւն կատարելու տարբերութեան ներքեւ։

Պապին պատգամը կը պարունակէ տարբեր նիւթեր, որոնք կը հային հասարակաց ընտանիքին խնամքին, հասարակաց տան խնամքին, որպէս նպատակ ունենալով  «մենք»ը, որ միշտ  ընդունելի ու ընդլայնուած պէտք է դառնայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2021, 13:57