Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի 

Կարդինալ Սանտրի «Ֆրանչիսկոս Պապ Իրաքի մէջ ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն պիտի բերէ»։

Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիի հարցազրոյցը Վատիկան Նիւզի հետ, ֆրանչիսկոս Պապի Իրաք կատարելիք այցելութեան մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ 5էն-8 մարտ, Իրաք կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ի տես, Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին մաղթեց, որ Քահանայապետին ճամբորդութիւնը դառնայ յոյսի, ուրախութեան նշան, որովհետեւ Պապը, կաթողիկէ եկեղեցւոյ, իրաքի ժողովուրդին մխիթարութիւն, խաղաղութիւն պիտի փոխանցէ, այն ժողովուրդը որ տառապեցաւ եւ իր հաւատքը վկայեց պատերազմի ընթացքին, ինչպէս նաեւ այն եպիսկոպոսներուն ու հոգեւոր հովիւներուն, որոնք հաւատարիմ մնացին իրենց ժողովուրդին։

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Սանտրի յայտնեց, որ ֆրանչիսկոս Պապ Իրաք հրաւիրուած է երկրի իշխանութեան կողմէ, եւ ինք ամէն անգամ, որ մահմետական երկիր ժամանած է ոչ մէկ անգամ բացասական նշաններ ստացած է ընդհակառակը, բացութեան նշան ստացած է։ ֆրանչիսկոս Պապ,  Իրաք Ճամբորդութեամբ, այժմ աշխարհին կը ներկայացնէ նոր տիեզերական սահմանադրութիւն, որուն նպատակն է կերտել խաղաղութեան, արդարութեան, ազատութեան, մարդկային իրաւունքներուն յարգանքի, կրօնային ազատութեան նոր աշխարհ մը, որովհետեւ բոլորս եղբայրներ ենք։

Կարդինալ Սանտրի նշեց որ ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութիւնը մարմնացումն է Ապու Տապի Տիեզերական եղբայրութիւնը փաստաթուղթին, շօշափելի քայլ մը, որ խօսքերէն դէպի իրականութիւն կ՝անցնի՝ աւելի լաւ աշխարհ կառուցելու  քայլ մը,  որ կրնայ աւելի իրականութիւն դառնալ եթէ Պապը աւելի աւելի շուտ Լիբանան այցելէ, որուն մասին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Պապը ըսած  է պատգամի երկիր, կամ ինչպէս ըսած է Պենետիկտոս ԺԶ Պապը տարրալուծարան երկիր, միասնաբար ապրիլ կարենալու, նոյնիսկ եթէ կան տարբեր կրօններ, ինչպէս իսլամներ, կաթողիկէներ, կամ քրիստոնեաներ։

Կարդինալ Սանտրի հարցազրոյցը աւարտեց ըսելով »Կը հաւատամ սիրելի իրաքի քրիստոնեայ կաթողիկէ եղբայրներ ու բարեկամակներ, քաղդէացիներ, հայեր, լատիններ, ասորիներ, պէտք էք ուրախութեամբ պատրաստուիք, որովհետեւ այս ճամբորդութիւնը տեսակ մը արտօնագիր պիտի ըլլայ, որ Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի շնորհէ, Քրիստոսի հաւատարիմ ժողովուրդին, հակառակ մեծ դժուարութիւններուն ու հալածանքներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2021, 09:37