Հաւատք, աղօթք Հաւատք, աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Առանց կասկածներու հաւատք մը սխալ է։

Իտալական « Il Corriere della Sera» օրաթերթը հրապարակեց Հար Փոցցոյի Ֆրանչիսկոս Պապին հարցազրոյց գիրքէն հատուածներ. «Հաւատքի տագնապները ի յայտ կը դնեն Աստուծոյ խորհուրդին խորութեան մէջ մշտապէս ներթափանցելու կարիքը»։ Աստուածաշունչին ջրհեղեղի վտանգը կարելի է եթէ շարունակենք քալել նոյն ճանապարհով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մոլութիւններ եւ առաքինութիւններ» այս է Ռիցցոլի հրատարակչական Հայր Մարքօ Փոցցոյի Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հարցազրոյց-գիրքը, որ լոյս պիտի տեսնէ 2 մարտին։ Իտալական « Il Corriere della Sera» օրաթերթը հրապարակեց գիրքէն հատուածներ։

Զայրոյթը ու նոր ջրհեղեղը

Ֆրանչիսկոս Պապը խօսելով զայրոյթի մասին կը բացատրէ թէ անիկայ «փոթորիկ մըն է, որուն նպատակը քանդել է։ Մտաբերենք երիտասարդներու միջեւ վարկաբեկական ահաբեկումը։ (…) «Ան կը ծնի երբ փոխան փնտռելու անձնական ինքնութիւնը կը ստորադասուի եւ յարձակուում կը կատարուի ուրիշի ինքնութեան վրայ։ Եւ երբ երիտասարդական խումբերու միջեւ, դպրոցի մէջ, թաղամասերու մէջ նախայարձակումի արարքներ տեղի կ՛ունենան, վարկաբեկական ահաբեկումներ, այնտեղ ի յայտ կու գայ յարձակումը կատարողին ինքնութեան աղքատութիւնը։ Այս ախտէն բուժուելու միակ միջոցը բաժնեկցութիւնն է, միասին ապրիլ է, երկխօսութիւնն է, միւսը մտիկ ընել է, ժամանակ յատկացնել է, որովհետեւ ժամանակն է, որ յարաբերութիւն կը ստեղծէ», կը հաստատէ ի մէջ այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ան ապա կը մատնանշէ Աստուծոյ զայրոյթին յիշեցնելով, որ ան «ուղղուած է չարին դէմ, ոչ թէ այն չարին՝որ յառաջ կու գայ մարդկային տկարութենէն, այլ սատանայական ներշնչումով չարին։  (…) Աստուծոյ զայրոյթը կը միտի արդարութիւն հաստատել, մաքրել։ Ջրհեղեղը Աստուծոյ զայրոյթին արդիւնքն է, այս մէկը կը հաստատէ Աստուածաշունչը։ Քահանայապետը կը բացատրէ թէ Աստուածաշնչական այս պատմութիւնը, մասնագէտներու կարծիքով «առասպելական հեքիաթ է»,    իսկ հնագէտներու համաձայն «պատմական իրականութիւն, որովհետեւ անոնք իրենց պեղումներու ընթացքին գտան ջրհեղեղէն հետքեր»։ Ֆրանչիսկոս Պապը կը զգուշացնէ զանց ընելու արարչութեան նկատմամբ հոգատարութիւնը, հաստատելով՝ որ «այսպիսով մենք նոր ջրհեղեղի մը վտանգին կ՛ենթարկուինք»։

Խոհեմութիւնը՝ կառավարելու առաքինութիւն

Խօսելով խոհեմութեան մասին Քահանայապետը կը բացատրէ թէ անիկա «կառավարելու առաքինութիւն է։ Կարելի չէ կառավարել առանց խոհեմութեան, ընդհակառակը, Ան, որ առանց խոհեմութեան կը կառավարէ վատապէս կը  կառավարէ  և վատ բաներ կ՛ընէ, վատ որոշումներ կը կայացնէ, որոնք կը կործանեն ժողովուրդը, միշտ»։ «Բայց կառավարելու մէջ խոհեմութիւնը յաճախ պէտք է անհաւասարակշիռ ըլլայ, որպէսզի որոշումներ առնուին, որոնք փոփոխութիւն յառաջացնեն» կը նշէ Նորին Սրբութիւնը։

Տագնապ ապրող հաւատքը

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապը կը խօսի կասկածներու պատճառաւ տագնապ ապրող հաւատքի մասին։ «Սատանան կասկածներ կը յառաջացնէ, ապա կեանքը, ողբերգութիւնները։ Ինչո՞ւ Աստուած թոյլ կու տայ այս բաները։ Առանց կասկածներու հաւատք մը սխալ է։ (...) Մտածել թէ լքուած ենք Աստուծմէ, հաւատքի փորձառութիւն մըն է, որ փորձարկեցին շատ մը սուրբեր եւ բազմաթիւ մարդիկ,  որոնք այսօր իրենք զիրենք լքուած կը զգան Աստուծմէ սակայն իրենց հաւատքը չեն կորսնցներ։

Անոնք կը պահպանեն պարգեւը՝ կը պահպանեն հաւատքին պարգեւը։ Այն Քրիստոնեան,  որ այսպիսի պահեր չէ ապրած,  պակաս բան մը ունի, որովհետեւ այս մէկը կը նշանակէ թէ ինք կը բաւարարուի։ Հաւատքի տագնապը հաւատքին դէմ պակասներ չեն։ Ընդհակառակը անոնք իր յայտ կը դնեն կարիքը եւ իղձը մշտապէս մուտք գործելու Աստուծոյ խորհուրդին խորութեան մէջ։ Առանց այդ ճգնաժամերուն հաւատք մը, ինծի կը տարակուսեցնէ՝  որովհետեւ իսկական հաւատք մը չէ» դիտել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2021, 11:30