Ֆրանչիսկոս Պապը կը մասնակցի Մարդկային Եղբայրութեան առաջին միջազգային օրուան նշումին։

Նորին Սրբութիւնը՝ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպին հետ միասին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յառաջիկայ 4 փետրուար 2021-ին նախատեսուած Մարդկային Եղբայրութեան միջազգային առաջին օրուայ առցանց հանդիպումին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յառաջիկայ 4 փետրուար 2021-ին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Մարդկային Եղբայրութեան միջազգային առաջին օրուայ առցանց հանդիպումին, զոր կազմակերպուած է  Ապու Տապիի մէջ գահաժառանգ Իշխան Մոհամմատ Պին Զայէտին կողմէ եւ որուն կը մասնակցին նաեւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպը, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսը եւ այլ անձնաւորութիւններ։

Նոյն առիթով յանձնումը պիտի կատարուի Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթէն ներշնչում  քաղած Մարդկային Եղբայրութեան Զայըտ մրցանակին։

Հանդիպումը եւ մրցանակաբաշխութիւնը պիտի սփռուին ուղիղ եթերով Վատիկան Նիուզի կայքէջի միջոցաւ Հռոմի ժամով 14.30-ին։

Խաղաղութեան ներկայ

Այս արարողութիւնը կը համապատասխանէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին համայն մարդկութեան ուղղած հրաւէրին կառուցելու խաղաղութեան ներկայ մը միւսին հետ, հանդիպումի միջոցաւ» ընդգծեց այս առթիւ Կարդինալ Միկել Անկել Այուզօ Կիսոն, Միջ կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, աւելցնելով՝ որ 2020-ի հոկտեմբերին այս հրաւէրը դարձաւ աւելիով հրատապ  «Fratelli tutti» շրջաբերականի հրատարակութեամբ։ «Այս հանդիպումները առիթներ են իրականացնելու ընկերային իսկական բարեկամութիւն մը այնպէս ինչպէս խնդրած է Ֆրանչիսկոս Պապը» նշեց միշտ Կարդինալ Կիսոն։

4 Փետրուարի թուականը

4 Փետրուարը թուականն է որ կը յիշատակէ Ֆրանչիսկոս Պապին 2019-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ապու Տապիի մէջ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամի հետ միասին Քահանայապետին ստորագրած Մարդկային Եղբայրութեան եւ Համաշխարհային Խաղաղութեան ու միասնական համակեցութեան փաստաթուղթը, որուն շարադրութիւնը տեւած էր մէկ ու կէս տարի ։

Փաստաթուղթի ստորագրութենէն մի քանի ամիսներ ետք կազմուեցաւ նաեւ Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Յանձնաժողովը գործնական արարքներով եւ միջոցառումներով ի գործ դնելու համար Փաստաթղթին ձգտումները, խթանելու համար եղբայրութիւնը, զօրակցութիւնը, յարգանքը, ու փոխադարձ հասկացողութիւնը։ 

Մարդկային Եղբայրութեան յանձնաժողովի նախաձեռնութիւնները

Բարձրագոյն Յանձնաժողովը մտադիր է ապա Ապու Տապիի Սատիյաթ կղզիի վրայ կառուցել Աբրահամեան ընտանեկան տուն մը իր ժողովարանով, եկեղեցիով եւ մզկիթով։

Յանձնաժողովը ստեղծեց ապա անկախ քննիչ յանձնախումբ մը, որ պիտի քննարկէ «Մարդկային եղբայրութիւն Զայըտ մրցանակին» առաջարկուող թեկնածութիւնները, ընտրելով անոնց մէջէն մրցանակին արժանացողը, մարդկային եղբայրութեան ի նպաստ մշտական յանձնառումի հիման վրայ։ 2021-ի մրցանակը պիտի շնորհուի 4 փետրուարին։

21 դեկտեմբեր 2020-ին ՄԱԿ-ի ընդհանուր Ժողովը 4 փետրուարը յայտարարեց Մարդկային Եղբայրութեան միջազգային օր։

Մարդկութեան խաչմերուկը

Մարդկութեան պատմութեան այս վճռական ժամանակահատուածի ընթացքին կը գնուինք խաչմերուկի դիմաց, մէկ կողմէն կայ տիեզերական եղբայրութիւնը, որուն մէջ մարդկութիւնը կը հրճուի ու միւս կողմէն յետին աղքատութիւնը, որ աւելիով պիտի աճեցնէ ժողովուրդներու տառապանքներն ու զրկանքները» հաստատած էր Մոհամմատ Մահմուտ Ապտել Սալամ դատաւորը, Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Յանձնաժողովին ընդհանուր քարտուղարը, անցեալ 4 հոկտեմբերին ներկայացնելով «Fratelli tutti» շրջաբերականը։

Ֆրանչիսկոս Պապը խրախուսեց Սուրբ Աթոռը իր մասնակցութիւնը բերելու Մակարդային Եղբայրութեան միջազգային օրուան, միջ կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի առաջնորդութեամբ։

Բացուիլ մերձաւորին

Յունուար ամսուայ Քահանայապետը աղօթքի դիտաւորութիւնն էր «Ի սպաս մարդկային եղբայրութեան» որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը անգամ մը եւս շեշտեց կենդրոնանալ հաւատքի ու բոլոր հաւատքներու հիմնականին վրայ. Պաշտել Աստուած եւ սիրել մերձաւորը։

Եղբայրութիւնը մեզ կը մղէ բացուելու Հօր եւ բոլորին ու միւսին մէջ տեսնելու եղբայր մը, քոյր մը, որուն հետ կիսել կեանքը ու թիկունք կանգնիլ փոխադարձաբար, սիրել ու ճանչնալ զիրար» ըսած էր Սրբազան Պապը աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2021, 10:00