Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապը դիւանագիտական մարմնի անդամներուն. «Եղբայրութիւնը իսկական դարմանն է այսօրուայ տագնապներուն եւ բաժանումներուն»։

«Քովիտ 19 համաճարակը» առանցքը կազմեց Սրբազան Պապին երկարաշունչ ճառին։ «Համաճարակը սահման չի ճանչնար ու անոր յաղթահարումը իւրաքանչիւրի եւ երկիրներու պատասխանատուութիւն է» դիտել տուաւ Քահանայապետը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 25 Յունուարին նախատեսուած եւ Քահանայապետի անհանգստութեան պատճառաւ յետաձգուած Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ Քահանայապետի տարէսկիզբի հանդիպումը տեղի ունեցաւ այսօր՝ երկուշաբթի 8 Փետրուար 2021-ի առաւօտեան։

Վատիկանի հետ դիւանագիտական  կապեր ունեցող երկիրներուն թիւը 183 է, ասոնց պէտք է աւելցնել Եւրոպական Միութիւնը եւ Մալթայի Ասպետական կարգը։ Այդ երկիներէն 88 ունին Հռոմի մէջ նստավայր, որոնց շարքին է նաեւ ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դեսպանութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութեան դիւանագէտներուն հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Առաքելական Պալատի Օրհնութիւններու սրահին մէջ, «յարգելու համար ընկերային հեռաւորութեան դրութիւնները» ըսաւ Քահանայապետը այս առթիւ երկայնացուցած իր ճառին սկիզբը, նկատել տալով՝ որ «հեռաւորութիւնը միայն ֆիզիկական է» ու «այս հանդիպումը կը խորհրդանշէ հակառակը»։ Ան նշան է մօտիկութեան եւ «փոխադարձ աջակցութեան, որուն պէտք է ձգտի ազգերու ընտանիքը»։

Քովիտ 19 համաճարակը

«Քովիտ 19 համաճարակը» առանցքը կազմեց Սրբազան Պապին երկարաշունչ ճառին։ «Համաճարակը  սահման չի ճանչնար  ու անոր յաղթահարումը իւրաքանչիւրի եւ երկիրներու պատասխանատուութիւն է» դիտել տուաւ Քահանայապետը ընդգծելով  միջ անձնական շփումի  կապերու վերադառնալու բոլորին իղձը ու նաեւ իր առաքելական ճամբորդութիւններ վերսկսելու փափաքը՝ որոնցմէ առաջինը յառաջիկայ Մարտ ամսուայ ընթացքին Իրաքի առաքելական ճամբորդութիւնը։

Առաքելական ճամբորդութիւններ

«Սոյն ճամբորդութիւնները կը կազմեն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին  Աստուծոյ ժողովուրդին նկատմամբ հոգատարութեան, ու Սուրբ Աթոռի եւ Պետութիւններու հետ երկխօսութեան կարեւոր ոլորտ մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, նշելով նաեւ, թէ անոնք առիթ են նաեւ խորացնելու համար միջ կրօնական երկխօսութիւնը, որ «մեր ժամանակներուն համար ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու  միջեւ հանդիպումի կարեւոր գործօն են»։

Քահանայապետը ակնարկեց հուսկ միջազգային համաձայնագիրներուն, «որոնք կը սատարեն խորացնելու փոխադարձ վստահութեան կապերը»,  եւ այս առընչութեամբ ակնարկեց Սուրբ Աթոռի անցեալ տարուայ ընթացքին ստորագրած համաձայնագիրերուն, որոնց շարքին նաեւ Չինաստանի հետ ստորագրած ժամանակաւոր պայմանագիրը, որ երկարաձգուեցաւ այլ երկու տարիով։

«Անցած տարին իր ետին ձգեց վախի, վհատութեան եւ յուսահատութեան ծանր բեռ մը ու բազմաթիւ սուգ» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ համաճարակը Պետութիւնները մղեց  պատնէշներ բարձրացնելու եւ իրար մէջ միջկապուած աշխարհը տեղ տուաւ նոր բաժանումներու եւ մասնատումներու։

Միասին պայքարիլ համաճարկին դէմ

Քահանայապետը նշեց թէ համաճարակի հետեւանքները համընդհանուր են ու ան կը ներգրաւէ համայն մարդկութիւնը ու աշխարհի բոլոր երկիրները ու կը սատարէ ծանրացնելու շատ մը տագնապներ, ինչպէս բնապահպանական, տնտեսական, գաղթականութեան եւ սնունդի տագնապը եւ ասոր համար է որ ինք հարկաւոր նկատեց կեանք տալու «Քովիտ19-ի Վատիկանեան յանձնախումբի մը» որուն նպատակն է համադրել Սուրբ Աթոռին եւ եկեղեցւոյ պատասխանը՝ դիմագրաւելու համար առողջապահական ճգնաժամը ու համաճարակին ստեղծած կարիքները։

«Համաճարակը ի յայտ դրաւ վտանգները, որոնք հետեւանքն են եսասիրութեան եւ մնացորդացի մշակոյթով ապրելակերպի մը ու մեզ դրաւ երկընտրանքի դիմաց. շարունակել մինչեւ օրս կտրած ուղին կամ սկիզբ տալ նոր ուղեւորութեան մը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու շեշտը դրաւ համաճարակին յառաջացուցած մի քանի տագնապներուն ու տագնապներէն բխած որոշ հնարաւորութիւններու կարելիութեան  վրայ, կառուցելու համար աւելի մարդկային, աւելի արդար, աւելի զօրակից ու խաղաղ աշխարհ մը»։

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄ 

Որպէս համաճարակին յառաջացուցած առաջին տագնապ Սրբազան Պապը խօսեցաւ առողջապահական ճգնաժամի մասին։

Կեանքի պաշտպանութիւնը

«Համաճարակը մեզ դրաւ մարդկային գոյութեան երկու անխուսափելի իրականութիւններու  դիմաց. հիւանդութիւնն ու մահը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը այս ուղղութեամբ շեշտելով Կեանքին արժէքը ու ամէն մէկ մարդկային կեանքի արժէքն ու արժանապատուութիւնը՝ սաղմէն մինչեւ մահ, ցաւ յայտնելով, ի տես որդեգրուած այն օրէնսդրութիւններուն, որոնք չեն երաշխաւորեր  մարդկային կեանքի պաշտպանութիւնը։

Խնամքի իրաւունքը եւ պատուաստի հաւասար բաշխումը

«Համաճարակը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ խնամքի իրաւունքը, որուն հասցէատէրն է իւրաքանչիւր մարդ արարած» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան՝ անցեալ մէկ Յունուարի իր պատգամին, ուր ընդգծած էր բոլոր մարդ արարածներու հաւասար արժանապատուութիւնը ու այդ ծիրէն ներս մարդկային պատասխանատուութիւնը օգնութեան հասնելու աղքատներուն հիւանդներուն եւ անտեսուածներուն։

«Այս հեռանկարով կը նորոգեմ կոչս, որպէսզի իւրաքանչիւր մարդ անհատի երաշխաւորուին պէտք եղած խնամքը ու հոգատարութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը այս առընչութեամբ անհրաժեշտ նկատելով քաղաքական գործիչներուն ու կառավարութիւններուն պատասխանատուութիւնը բոլորին հասանելի դարձնելու համար առողջապահական խնամքը։

Ան ապա կարեւոր նկատեց նաեւ բժշկական գիտութեան զարգացումները այդ ծիրէն ներս կարեւոր նկատելով պատուաստի հաւասար բաշխումը, նկատի առնելով նաեւ կարիքաւոր ժողովուրդներուն պահանջները։

ԲՆԱՊԱՀՊԱՆԱԿԱՆ ՏԳՆԱԺԱՄ

Որպէս երկրորդ տագնապ Քահանայապետը ակնարկեց բնապահպանական ճգնաժամին հաստատելով՝ որ »միայն մարդ արարածը չէ որ հիւանդ է հիւանդ է նաեւ մեր երկրագունդը՝։ Համաճարակը ցոյց տուաւ, որ ան ալ տկար է ու կարիքը ունի հոգատարութեան։

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը խօսեցաւ բնական կենսամիջոցներուն չարաշահումներու մասին, որոնք կը յառաջացնեն բնական աղէտներ, որոնք իրենց կարգին կը յառաջացնեն նոր հիւանդութիւններ։

Միջազգային համագործակցութիւն հասարակաց տան խնամքին ի սպաս

«Այս տագնապի լուծումը կարիքը ունի  միջազգային համագործակցութեան մը ի սպաս մեր հասարակաց տան խնամքին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մաղթանք յայտնելով որ Միացեալ ազգերու  բնապահպանութեան նուիրուած (COP26), յառաջիկայ նոյեմբերն Կլազկովի մէջ նախատեսուած խորհրդաժողովը հանգի համաձայնութեան մը, դիմագրաւելու համար կլիմայական փոփոխութիւններուն հետեւանքները։  «Այս է գործի լուծուելու պահը» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով տարբեր բնապահպանական հարցերու,  որոնք կը սպառնան աշխարհի չորս ցամաքամասերու բնակչութեան ու միլիոնաւոր անհատներու կեանքին։

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԵԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՃԳՆԱԺԱՄ

Համաճարակի տարածման կանխարգիլումը մղեց պետութիւնները՝  սահմանափակելու շարժման ազատութիւնները, ծանր հետեւանքներ ունենալով մարդոց եւ ընտանիքներուն ինչպէս նաեւ առեւտրական ու արտադրական ընկերութիւններուն կեանքին վրայ, հարուածելով յատկապէս ամենաաղքատ խաւերը։

Չարաշահումի վրայ հիմնուած տնտեսութիւն

Տնտեսական ճգնաժամը ի այտ դրաւ մեր ժամանակաշրջանը հարուածող ախտ մը, որ է  չարաշահումի վրայ հիմնուած տնտեսութիւն, որ կ՛անտեսէ մարդ անհատը ու բնական կենսամիջոցները։  Շատ յաճախ մոռցուած է զօրակցութիւնը ու այլ արժէքները,  որոնք հնարաւոր են տնտեսութիւնը դնելու  մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան տակ, փոխանակ ծառայելու անձնական շահերու, «անտեսելով  բարիքներու եւ կենսամիջոցներու տիեզերական նպատակակէտը» նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «Ներկայ ճգնաժամը առիթ է վերատեսելու մարդոց եւ տնտեսութեան միջեւ կապերը» որուն համար հարկաւոր է «Քոփէրնիքեան» նոր յեղափոխութիւն մը,  որ տնտեսութիւնը դնէ մարդուն ծառայութեան տակ։

Վերատեսել մարդոց եւ տնտեսութեան միջեւ կապերը

«Այսօր աւելի քան երբեք կարիքը կայ միջազգային գետնի վրայ բաժնեկցուած ու միասնական ձեռնարկներու» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով եւ որպէս օրինակ ներկայացնելով  Եւրոպական Միութեան «Next Generation EU» ծրագիրը, որ ի յայտ կը դնէ այն իրականութիւնը թէ զօրակցութեան հոգիով համագործակցութիւնն ու կենսամիջոցներու բաժնեկցութիւնը ոչ միայն ցանկալի նպատակներ են այլ նաեւ իրապէս գործադրելի։

Պայմաններ արժանավայել կեանք ապերլու համար

Իւրաքանչիւր մարդ արարած իրաւունք ունի ու պէտք է ունենայ պայմաններ «ձեռք բերելու արժանավայել կեանք մը ապրելու հարկաւոր միջոցները»։ Անհրաժեշտ է առ այդ որ բոլորին երաշխաւորուի կայուն տնտեսութիւն մը խուսափելու համար չարաշահութեան ու կաշառակերութեան վէրքերէն, որոնց թիրախ են աշխարհի տարբեր երկիրներ, »ուր ամէն օր տեղի կ՛ունենան  բազմաթիւ անարդարութիւններ ժամանակակից ընկերութեան յոգնած եւ մտացիր աչքերուն առջեւ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Համակարգչային յանցագործութիւնը

Ան ապա ակնարկեց ապա համակարգիչներու եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներու վտանգներուն, որոնց թիրախ են յատկապէս աւելիով դիւրաբեկ մարդիկը, այս ծիրէն ներս խօսելով «համակարգչային յանցագործութեան» մասին եւ այդ ուղղութեամբ լուծումներ գտնելու անհրաժեշտութեան մասին։

Քահանայապետը շեշտը դրաւ ապա պատերազմներէն ու բնական աղէտներէն յառաջացած  գաղթականութեան երեւոյթին վրայ մատնանշելով զանազան իրականութիւններուն ու յատուկէն Լիպիայի եւ Սուրիոյ, « ուր, ըսաւ Ան, այլ ծանր տագնապներու շարքին, կայ նաեւ սնունդի անապահովութիւնը, որուն զոհն է բնակչութիւնը ու յատկապէս մանուկները»։

Տնտեսական պատժամիջոցներու եւ աղքատ երկիրներու պարտքերու վերատեսումը

Սրբազան Պապը խօսեցաւ նաեւ որոշ երկիրներու դէմ կիրակուած տնտեսական պատժամիջոցներու մասին, որոնք, ըսաւ Ան, «կը հարուածեն բնակչութեան ամենատկար խաւը», այս ուղղութեամբ հաստատելով որ Սուրբ Աթոռը այդ պատժամիջոցները արդիւնաւէտ չի նկատէր ու կը մաղթէ թուլացնել զանոնք։ Քահանայապետը մաղթանք յայտնեց նաեւ որ աղքատ երկիրներուն վրայ ճնշող պարտքերը վերածուին եւ կամ վերատեսութեան ենթարկուին որպէսզի անոնց առիթ տրուի ներդրումներ կատարել ի նպաստ զարգացումին։

Գաղթականութեան արմատական պատճառներուն քննարկումը

Գաղթականներու մասին արտայայտուելով Քահանայապետը նշեց թէ անցեալ տարի անոնց թիւը շատ աւելիով բարձրացաւ ու աճեցան նաեւ այդ գաղթականներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները ու անոնց մարդկային իրաւունքներու խախտումը։

«Սոյն տագնապի մեծութիւնը միշտ աւելիով հրատապ կը նկատէ արմատային կերպով դիմագրաւել գաղթականութեան պատճառները ու կը պահանջէ  նաեւ միասնական ջանք մը, աջակցելու համար գաղթականներուն անմիջական հիւրընկալութիւն մատուցող երկիրներուն» ըսաւ Քահանայապետ հաստատելով որ Սուրբ Աթոռը կը գնահատէ գաղթականներուն ի նպաստ գործի դրուած ջանքերը եւ թիկունք կը կանգնի Գաղթականներու Միջազգային Կազմակերպութեան որ այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան  70 ամեակը։

«Համաշխարհային Բ աշխարհամարէն ետք աշխարհը ականատես չէր եղած այսպիսի ողբերգական մեծ թիւով գաղթականութեան մը երեւոյթին, ասոր համար հրատապ է անոնց պաշտպանութեան ի նպաստ նորոգուած յանձնառում» շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը  նկատի առնելով նաեւ ներքին տեղահաններու հարցերը։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄ 

 Ակնարկելով քաղաքական ճգնաժամին Սրբազան Պապը նշեց թէ այդ ճգնաժամի խորհրդանշական գործօններէն մին՝ քաղաքական բախումներու աճն է և մեր մոլորակը տանջող խնդիրներուն ընդհանուր լուծումներ որոնելու դժուարութիւնն է, եթէ ոչ նաեւ այդ խնդիրները լուծելու անկարողութիւնը:

Ժողովրդավարութեան տագնապը

«Ժողովրդավարութեան իրականութիւնը կենսունակ պահելը այս պատմական ժամաններու մարտահրաւէրն է» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով թէ իր մտածումը կ՛երթայ Մայանմարին, ուր դէպի ժողովրդավարութիւն տանող մի քանի տարիներ առաջ սկիզբ առած ուղեւորութիւնը ընդհատուեցաւ պետական յեղաշրջումի պատճառաւ։ Քահանայապետը այս առընչութեամբ մաղթանք յայտնեց որ կալանուած քաղաքական գործիչները շուտով ազատ արձակուին։

«Ժողովրդավարական գործընթացը կարիքը ունի ներառող երկխօսութեան, խաղաղ, կառուցողական եւ քաղաքացիական ընկերութեան բոլոր անդամներու միջեւ յարգանքի ուղեւորութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատով, որ «ժողովրդավարական խղճի զարգացումը կը պահանջէ յաղթահարել անհատականութիւնները և գերակշռել տալ օրէնքի գերակայութիւնը»:

Համաճարակը առիթ վերագտնելու կոչումները

«Համաճարակը առիթ է որպէսզի միջազգային կազմակերպութիւնները վերագտնեն իրենց էական կոչումը՝ ծառայելու մարդկային ընտանիքին, ու պահպանելու ամէն մէկ անհատ կեանքը եւ խաղաղութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը այս ուղղութեամբ խրախուսելով նաեւ դիմել բարեփոխումներուն։

Սպառազինութիւն եւ զինաթափում

Ֆրանչիսկոս Պապը խօսեցաւ նաեւ զինաթափումի հրատապ հարցի մասին հաստատելով որ «աշխարհին մէջ շատ զէնքեր կան» ու մէջբերեց 1963-ի Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին խօսքերը «Արդարութիւնը, իմաստութիւնն ու մարդկայնութիւնը կը խնդրեն որ դադրի սպառազինութեան մրցավազքը եւ միաժամանակ կրճատուին գոյութիւն ունեցող զինամթերքները»։ Ան ապա դիտել տուաւ՝ թէ մինչ սպառազինութիւնը կ՛աճեցնէ բռնութիւնը եւ ակնատէս ենք պատերազմէ եւ բաժանումներէ յօշոտուած աշխարհի մը միշտ աւելիով կը զգանք խաղաղութեան կարիքը։

Սուրիոյ մէջ պատերազմի աւարտ 

Որքան պիտի ուզենայի, որ 2021 ը ըլլար այն տարին, ուր պիտի արձանագրուի  սուրիական հակամարտութեան վերջը, յոյս յայտնեց Քահանայապետը դիտել տալով, որ ասոր համար հարկաւոր  է Միջազգային Հասարակութեան նորոգուած հետաքրքրութիւն՝ անկեղծութեամբ դիմագրաւելու համար հակամարտութեան պատճառները ու որոնելու պատշաճ լուծումներ ի նպաստ երկրին ապագային։

Սուրբ Երկրին մէջ հաշտութիւն

Սրբազան Պապը մաղթանք յայտնեց նաեւ որ Սուրբ երկիրին մէջ Իսրայէլացիներու եւ Պաղեստինցիներու միջեւ վստահութիւնը ըլլայ հիմքը կողմերու միջեւ վերանորոգուած եւ վերջնական երկխօսութեան մը, լուծելու համար շատ ժամանակէ ի վեր տիրող հակամարտութիւնը այս ծիրէն ներս հրաւէր ուղղելով միջազգային հասարակութեան աջակցելու այդ երկխօսութեան։

Լիբանանի մէջ նոր ընթացք

Նորին Սրբութիւնը քաղաքական ազգային յանձնառում մը մաղթեց նաեւ Լիբանանի համար, անհրաժեշտ նկատելով,  որ Երկիրը պահպանէ իր իւրայատուկ ու եզակի ինքնութիւնը, ապահովելու համար բազմազան, հանդուրժող Միջին Արեւելք մը, ուր քրիստոնէական ներկայութիւնը կարող ըլլայ նուիրելու իր սատարը եւ չի սահմանուի ըլլալու լոկ պաշտպանուելիք փոքրամասնութիւն մը։

Քրիստոնեաներու դերակատարութիւնը

«Քրիստոնեայ հասարակութիւնը տկարացնելը կը միտի կործանելու ներքին հաւասարակշռութիւնը ու նոյնինքն լիբանանեան իրականութիւնը»  ըսաւ Սրբազան Պապը այդ ուղղութեամբ կարեւոր նկատելով նաեւ Սուրիացի եւ Պաղեստինցի գաղթականներու ներկայութեան հարցի լուծումը

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց ապա Լիբանանի Քաղաքացիական ղեկավարներուն մէկդի դնելու անհատական շահերը ու յանձնառու ըլլալու ի սպաս արդարութեան եւ քաղաքացիներու բարիքին,  իրականացնելու իսկական բարեփոխումներ, գործելով թափանցիկութեամբ եւ կրելով  սեփական արարքներուն պատասխանատուութիւնը։

Լիպիայի եւ այլ երկիրներու մէջ խաղաղութիւն

Քահանայապետը խաղաղութիւն հայցեց նաւ Լիպիայի համար ու աշխարհի այլ երկիրներուն համար, ինչպէս Կեդրոնական Ափրիկէն կամ Լատին Ամերիկեան որոշ երկիներ, Քորէական թերակղզին ու Հարաւային Կովկասը, ուր, ըսաւ Ան, անցեալ տարուայ ընթացքին դարձեալ բռնկուեցան սառած հակամարտութիւններ, որոնք կը սպառնան համայն տարածաշրջանի կայունութեան եւ ապահովութեան։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա այլ մէկ հարցի՝ այն է ահաբեկչութիւնը, որ վերջին տարիներու ընթացքին աւելիով  աճեցաւ։ Այս ծիրէն ներս Ան մօտիկութիւն արտայայտեց ահաբեկչութեան զոհերուն ու  դատապարտեց կրօնական վայրերու եւ աղօթատեղիներու դէմ գործադրուած ահաբեկումները, հաստատելով, որ աղօթատեղիներու պաշտպանութիւնը ուղիղ հետեւանք է մտքի, խղճի եւ կրօնի  ազատութեան պաշտպանութեան։

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈԻ ՃԳՆԱԺԱՄԸ

Ան ապա խօսեցաւ  մարդկային փոխյարաբերութիւններու ճգնաժամի մասին, որ արտայայտութիւնն է մարդաբանական ճգնաժամին,  որ կը վերաբերի մարդ անհատի ընկալումին ու անոր գերակայ արժանապատուութեան։

Կղզիացում եւ կրթական աղէտ

«Համաճարակը մեզ ստիպեց երկար ամիսներու կղզիացումի եւ յաճախ առանձնութեան,  որ ի յայտ դրաւ իւրաքանչիւր անհատի մարդկային փոխյարաբերութիւն ունենալու պահանջը» ըսաւ Սրբազան Պապը այս ծիրէն ներս յատուկէն ակնարկելով դպրոցի եւ համալսարանական շրջանակին ու դաստիարակչական մարզէն ներս ի գործ դրուած ջանքերուն, որոնք ունին մեծ բացթողումներ։

Նորին Սրբութիւնը այդ մէկը որակեց «կրթական աղէտ», որուն դիմաց կարելի չէ անշարժ մնալ։ «Այսօր կարիքը կայ նորոգուած կրթական յանձնառումի մը, որ ներգրաւէ ընկերութեան բոլոր անդամները, որովհետեւ կրթութիւնը բնական հակաթոյնն է անհատականութեան մշակոյթին, որ կը մղէ անտարբերութեան» դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ մեր ապագան չի կարող ըլլալ բաժանումը, մտքի կարողութեան, ունկնդրութեան, երկխօսութեան  եւ իրար հասկացողութեան  աղքատացումը։

Ընտանիքի մէջ ապերլու գեղեցկութիւնը 

Քահանայապետը  ակնարկեց նաեւ սահմանափակումներու դրութիւններու շնորհիւ ընտանիքներուն մէջ ապրելու գեղեցկութեան բացայայտումին հաստատելով, որ ընտանիքը եւ ամուսնութիւնը մարդկութեան ամենարժէքաւոր  բարիքներէն մին են եւ քաղաքացիական ընկերութեան օրրանն են։

Տնային բռնութիւններ

Քահանայապետը հուսկ նկատել տուաւ որ դժբախտաբար ընտանեկան յարկէն տակ համակեցութիւնը շատ անգամ առիթ տուաւ տնային բռնութիւններու եւ այս ուղղութեամբ կոչ ուղղեց իշխանութիւններուն թիկունք կանգելու այդ բռնութիւններու զոհերուն, որոնք ընդհանրապէս կիներ ու մանուկներ են։

Կրօնական ազատութիւն

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ  նաեւ համաճարակի պատճառաւ հիմնական ազատութիւններու սահմանափակումներուն մասին,  որոնց շարքին նշեց կրօնական ազատութիւնը կոչ ուղղելով յարգելու ու պաշտպանելու զայն, դիտել տալով որ մարմնի մը լաւ խնամք մը կախեալ է նաեւ հոգիի խնամքէն։

Քաջալերանք Իտալացի ժողովուրդին

Երկարաշունչ ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մէջբերեց Իտալացի մեծ բանաստեղծ ու գրագէտ Տանթէ Ալիկերիին խօսքերը, որուն այս տարի կը յիշատակուի մահուան 700 ամեակը յատուկ խօսք մը ուղղելով նաեւ Իտալացի Ժողովուրդին, «որ եղաւ Եւրոպայի մէջ առաջինը՝ որ դիմագրաւեց համաճարակին ծանր հետեւանքները» ըսաւ Սրբազան Պապը խրախուսելով Իտալացիները չի վհատելու դժուարութիւններուն դիմաց այլ գործելու միացած, կառուցելու համար ընկերութիւն մը, ուր ոչ մէկը ըլլայ մոռցուած կամ բացառուած։

Եղբայրութիւնը դարման 

Ֆրանչիսկոս Պապը  ճառը աւարտեց հաստատելով որ 2021 ժամանակ կորսնցնելու տարի մը չէ ու այս մէկը կարելի է  այնքանով, որ մենք գիտնանք վեհանձնութեամբ եւ յանձնառումով իրար հետ համագործակցիլ։ «Այս իմաստով ես կը հաւատամ, որ եղբայրութիւնը իրական դարմանի միջոց է համաճարակի և մեզ հարուածող բազմաթիւ չարիքներուն համար: Եղբայրութիւնն ու յոյսը նման են այն դեղերուն, որոնք աշխարհին այսօր անհրաժեշտ են, ինչպէս պատուաստանիւթը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը բոլորին վրայ հայցելով երկնային առատ շնորհքները ու մաղթելով որ այս տարին ըլլայ պատեհ առիթ խորացնելու համար եղբայրութեան կապերը, որոնք իրար կը կապեն համայն մարդկային ընտանիքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2021, 13:30