Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Ծառայել ճշմարտութեան՝ հեզութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ. Ֆրանչիսկոս Պապը «Catholic News Service»ի պատուիրակութեան։

«Դարաշրջանի մէջ երբ կարելի է դիւրաւ խեղաթիւրել տեղեկութիւնը եւ ապատեղեկատուութիւնը միշտ աւելիով տարածուած դուք կը ջանաք ճանչցնել ճշմարտութիւնը «արդար, հաւատարիմ եւ տեղեկացուած ձեւով»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի Փետրուարի մէկին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի պատկան «Catholic News Service» լրագրողական ծառայութեան պատուիրակութեան անդամներուն, կազմակերպութեան հիմնադրութեան 100 ամեակին առիթով։

Հանդիպման ընթացին Քահանայապետը ներկաներուն յանձնեց գրաւոր պատգամ մը, որուն մէջ նշուած է թէ «Catholic News Service» 100 տարուայ ընթացքին աշխարհին պարգեւեց անգելներէն լեզուով եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին տեղեկատուութեան միջոցաւ անգնահատելի ծառայութիւն մը ։

«Դարաշրջանի մէջ երբ կարելի է դիւրաւ խեղաթիւրել տեղեկութիւնը եւ ապատեղեկատուութիւնը միշտ աւելիով տարածուած է, դուք կը ջանաք ճանչցնել ճշմարտութիւնը «արդար, հաւատարիմ եւ տեղեկացուած ձեւով, այնպէս ինչպէս կը նշուի ձեր բնաբանին մէջ» մատնանշեց Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ու քաջալերելով շարունակել իրենց աշխատանքը, խթանելով երկխօսութիւնը եւ մարդոց ու հասարակութիւններուն միջեւ  արդար հաղորդութիւնը։

«Կարիքը ունինք լրատուամիջոցներու, որ կարող ըլլան օգնել մարդիկը ու յատկապէս երիտասարդները, բարին չարէն զանազանելու համար, հասունցնելու առողջ դատողութիւն մը՝ հիմնուած իրականութեան յստակ եւ անաչառ ներկայացումին վրայ, ու հասկնալու արդարութեան, ընկերային հաշտութեան եւ հասարակաց տան յարգանքին ի նպաստ աշխատելու կարեւորութիւնը» աւելցուց Քահանայապետը մաղթանք յայտներով որ Հռոմի Եպիսկոպոսին հետ հաղորդութեան հոգին շարունակէ առաջնորդել  «Catholic News Service»-ի յանձնառումը՝ «ծառայելու ճշմարտութեան, հեզութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2021, 13:11