Փերուի մէջ Քորոնա ժահրի ճգնաժամը։ Փերուի մէջ Քորոնա ժահրի ճգնաժամը։ 

ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Փերուի ժողովուրդին «ոչ մէկ թող մինակ մնայ»։

Ֆրանչիսկոս Պապին անունով, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի նամակը Փերուի մէջ կազմակերուած հեռաձայնային մարաթոնի առիթով, որուն նպատակն է աջակցելով Քորոնա Ժահրով վարակուած հիւանդներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Փերուի մէջ Քորոնա համաճարակի երրորդ ալիքին ի տես, պայքարելու համար կազմակերպուած է Respira Perù"  «Շնչէ Փերու» աջակցութեան հեռաձայնային մարաթոն։ 

Ունկնդրէ լուրը

Նշեալ երկրին մէջ առայսօր Քորոանա ժահրով վարակուած են աւելի քա մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար մարդ ու զոհուած են 44 հազար։ 

Մարաթոնի դրամահաւաքը պիտի ծառայէ շնչառական միջոցներ եւ առողջապահական գործիքներ հայթայթելու 

Հոգատարութոիւնը թող Աստուծոյ քնքշութեան նշան ըլլայ։

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Պապին անունով նամակ մը յղեց Փերույի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահ, գերապայծառ Միկէլ Կապէխօսին, որուն մէջ նորին Սրբութեան սիրալիր ողջոյնները փոխանցեց «Շնչէ Փերու» հեռաձայնային մարաթոնի կազմակերպիչներուն։

Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց բոլոր անոնք որոնք ներգրաւուած են Աստուծոյ քնքշութիւնը հասցնելու՝ հոգատարութեան միջոցաւ, կառուցելու աւելի մարդկային եւ եղբայրական ընկերութիւն մը ուր ջանք կը թափուի, որպէսզի ոչ մէկը մէկդի մնայ, ոչ մէկը բացառուած ու լքուած հանդիսանայ։ 

Կարդինալ Փարոլին նամակը աւարտած է փոխանցելով ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութիւնները հիւանդներուն, ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութեան աղօթքը հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը։ 

Եկեղեցւոյ ու Քարիթասի աջակցութիւնը հիւանդներուն, տառապողներուն

Յայտնենք, թէ Փերուն ամիսներէ ի վեր կը պայքարի առողջապահական ճգնաժամին դէմ որ Լատին Ամերիկիոյ մէջ, քորոնա ժահրով վարակուածներուն ամենէն ծանր պարագաներուն երկրորդ երկիրն է Պրազիլէն ետք։ 

Եկեղեցին Քարիթասին հետ միասին կը շարունակեն պայքարիլ համաճարակի դէմ օգնելով հիւանդներուն, առողջապահական կառոյցներու կազմակերպելով դրամահաւաք դեղորայք , եւ շնչառական գործիքներ վաճառելու համար

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2021, 09:08