Վատիկանի դատական գրասենեակները Վատիկանի դատական գրասենեակները 

Ինգնագիր նամակով մը Ֆրանչիսկոս Պապ կը բարեփոխէ Վատիկանի քրէական արդարադատութեան ոլորտը։

Քահանայապետը թարմացուց Վատիկանի քրէական արդարադատութեան ոլորտը զայն յարմարեցնելով «ժամանակներու փոփոխուած զգայունութիւններուն»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Պատիժներու զեղչ, հանրային օգտակարութիւն ունեցող եւ կամաւոր գործունէութիւն կատարելու կարելիութիւն. Մեղադրեալի կողմէ օրինական  խոչընդոտի պարագային դատական ​​նիստի կասեցում», Վատիկան Պետութեան  քրէական արդարադատութեան համակարգը կը թարմացուի եւ կը բարեփոխէ իր կանոնները` համապատասխանելու համար  ժամանակներու կարիքներուն: Այս մէկը նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ այսօր հրապարակած Ինգնագիր նամակին մէջ։

Պատիժներու զեղչ

Նամակին առաջին յօդուածը կը սահմանէ իւրաքանչիւր մէկ տարուայ սահմանափակիչ պատիժի համար 45էն մինչեւ 120 օրուան զեղչ, երբ  պատիժի կատարման ընթացքին ի յայտ կու գայ թէ  յանցագործը  «ունեցած է այնպիսի վարուելակերպ, որ կ՛ենթադրէ անոր զղջումը  և շահութաբեր կերպով մասնակցած է վերականգման եւ վերաընդելուզման  ծրագիրին»:

Յանցագործը կարող է նաեւ Դատաւորին առաջարկել «հանրային օգտակարութիւն ունեցող աշխատանքներ եւ ընկերային բնոյթ ունեցող կամաւորական գործունէութիւն» կատարել։

 Կամաւոր գործունէութիւն կատարելու կարելիութիւն

Երկրորդ յօդուածով  քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքը կը փոխուի երաշխաւորուած իմաստով վերացնելով այնպէս կոչուած «հեռակայ դատավարութիւնը», որ տակաւին առկայ էր Վատիկանի օրէնսդրութեան մէջ։

Եթէ ​​մեղադրեալը կը հրաժարի մասնակցելու  նիստին ՝ առանց օրինական խոչընդոտի որեւէ ցուցմունքի, բնականոն գործընթացը կ՛ընթանայ  հաշուի առնելով, որ անոր կը ներկայացնէ իր փաստաբանը:  Մինչ եթէ մեղադրեալը չի ներկայանար նիստին ապացուցելով  «օրինական և լուրջ խոչընդոտի» մը գոյութիւնը, որ արգելք է անոր ներկայ գտնուելուն, դատարանը կամ դատաւորը պարտաւոր են դադարեցնել նիստը:

Դադրած դատաւորներու իրաւունքներ

Երրորդ յօդուածը փոփոխութիւններ և լրացումներ կը կատարէ Դատական ​​համակարգի CCCLI օրէնքին մէջ: Ան կը  հաստատէ, որ դատաւորները իրենց գործունէութեան դադրեցման պահուն կը շարունակեն պահել «բոլոր իրաւունքները, օգնութիւնները, ընկերային ապահովութիւնը և երաշխիքները», որոնք տրամադրուած են Վատիկանի քաղաքացիներուն:

Յօդուածի մէկ պարբերութեան մէջ կը շեշտուի, որ «արդարադատութեան խթանողի գրասենեակը,  դատավարութեան երեք մակարդակներուն ընթացքին,  ինքնավար և ինքնուրոյն կ՛իրականացնէ  `դատախազի և օրէնքով իրեն վերապահուած միւս գործառոյթները »:

Կարեւոր փոփոխութիւն մը կը վերաբերի նաեւ դատողութեան երկրորդ ու երրորդ աստիճանին որ վերոնշեալ կարգադրութեամբ կը հաստատուի թէ վերաքննիչ բողոքարկման և վճռաբեկ բողոքարկման դէպքերուն  հանրային դատախազութիւնը կը շարունակէ ներկայացնել  արդարադատութեան խթանման գրասենեակի կողմէ նշանակուած դատաւորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2021, 13:30