Տիրամօր նուիրուած եկեղեցի Պրազիլի մէջ Տիրամօր նուիրուած եկեղեցի Պրազիլի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Քառասնորդացը, եղբայրներ դառնալու ժամանակն է՝ երկխօսութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Պրազիլի մէջ եղբայրսիրութեան աւանդական տարեկան քարոզարշաւի առթիւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատգամը մը յղեց Պրազիլի մէջ եղբայրութեան տարեկան աւանդական քարոզարշաւին առիթով։

Պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը անդրադառնալով մեծ պահքին նշեց, թէ քրիստոնեային մը համար Քառասնորդացը ժամանակամիջոցն է շատ բաներ կատարելու։  ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ երկխօսութեան յատկութեան, նշելով թէ երկխօսութիւնը թոյլ կու տայ մեր սիրը բանալու ճամբորդութեան ընկերոջ՝ առանց վախի ու առանց կասկածի։ Թոյլ կը տայ նայելու այն ինչ կը կը որոնենք, խաղաղութիւնը Տիրոջ դիմաց։

Քաջալերել զօրակցութիւն համաճարակի տագնապի օրերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ աղօթելու բոլոր մեռեալներու համար, կը հրաւիրէ օրհնելու առողջապահական գործիչներուն անխոնջ ծառայութիւնները, ու կը  քաջալերել բարիք կամք ունեցողներուն զօրակցութիւնը։ Յիսուսի մեզ կը հրաւիրէ, մենք մեզի խնամք տանելու, ու մտահոգուելու ուրիշներուն համար,  ինչպէս մեզի կը սորվեցնէ բարի Սամարացին։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով այս տարուան քարոզարշաւին տիտղոսին, «Եղբայրութիւն եւ Երկխօսութիւն, սիրոյ յանձնառութիւն» ընդգծեց, թէ քրիստոնեաները առաջիններն են, որ պարտականութիւնը ունին օրինակ տալու, սկսելով համամիութեան երկխօսութեան ձեւաչափով, որ կը սորվեցնէ մեր սիրտը բանալու ճամբորդութեան ընկերոջ, առանց վախի եւ կասկածի։

«Fratelli tutti» շրջաբերականը յաղթահարելու համար առողջապահական ճգնաժամը

Սրբազան Հայրը ապա յիշելով Fratelli tutti շրջաբերականէն հատուած մը նշեց որ բաժնեկցութեան եւ յարգանքի յարաբերութենէն կը բխի ընկերութեան մէջ արդարութեան պաշտպանութեան եւ եղբայրութեան կազմաւորման թանկարժէք նպաստը եւ այս հեռանկարով կը կազմուի միասնական ջանքը, համաճարակը յաղթահարելու համար։

Պատգամին աւարտին Սրբազան Հայր յորդորեց թէ , խուսափելու համար տենդագին սպառողականութեան եւ եսասիրական ինքնապաշտպանութեան նոր ձեւերու գայթակղութիւնէ անհրաժեշտ է  միշտ օգտագործել քառասնորդացի միջոցները, աղօթքը, ծոմապահութիւնը եւ ողորմնաբաշխութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2021, 15:25