Մոխրոց օր Մոխրոց օր 

Մոխրոց օրուայ առթիւ Քահանայապետը պատարագ կը մատուցէ Սուրբ Պետրոսի մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապը քառասնորդացի սկիզբի առթիւ պատարագ պիտի մատուցէ Սուրբ Պետրոսի մէջ։ Այդ օր հրապարակային ունկնդրութիւնը չեղեալ կը նկատուի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 17 փետրուար 2021-ի առաւօտեան 9.30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մոխրոց օրուայ սուրբ պատարագի մոխրոց օրհնութեան կարգը եւ հաւատացեալներու գլխուն վրայ զետեղման արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, որ  կը նշէ նաեւ՝ թէ հաւատացեալներու  մասնակցութիւնը սահմանափակ պիտի ըլլայ, անցեալ ամիսներուն որդեգրուած առողջապահական ապահովութեան դրութիւններուն հիման վրայ։ «Այդ օր տեղի պիտի չունենայ հրապարակային ունկնդրութիւնը» հաստատուած է միշտ Սուրբ Աթոռին մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Քառասնորդացի մտածականները

Այնպէս ինչպէս հաստատած է Քահանայապետական Տան հոգաբարձութիւնը 2021-ի քառասնորդացի մտածականները պիտի ներկայացնէ Քահանայապետկան Տան քարոզիչը՝ Կարդինալ Ռանիերօ Քանդալամեսսան՝ որպէս նիւթ ունենալով «Դուք ով կ՛ըսէք որ ես եմ» Մատթէոս Աւետարանիչէն  քաղուած հատուածը։ Մտածականները  տեղի պիտի ունենան  ինչպէս Յիսնակացի ժամանակ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ յարգելու համար ընկերային հեռաւորութիւնը։

Մտածականները տեղի պիտի ունենան ուրբաթ օրերը՝ սկսեալ 26 Փետրուարէն ապա 5, 12 եւ 26 մարտին առաւօտեան ժամը 9-ին Քահանայապետի ներկայութեամբ։

Մտածականներու մասնակցութեան հրաւէրը բաց է բոլոր Կարդինալներուն, Արքեպիսկոպոսներուն, Եպիսկոպոսներուն, Քահանայապետական Ընտանիքի աւագանիներուն, Հռոմի Քուրիայի եւ Հռոմի թեմի աշխատակիցներուն, Քահանայապետական Մատրանապետութեան մաս կազմող միաբանութիւններու ընդհանուր մեծաւորներուն ու միաբանութիւններու ներկայացուցիչներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2021, 08:20