Յիսուս՝ Աստւածային ողորմութիւն Յիսուս՝ Աստւածային ողորմութիւն 

«Մարդկութիւնը խաղաղութիւն պիտի չի ճանչնայ մինչեւ, որ չի դիմէ ողորմութեանս աղբիւրին» Յիսուսին պատգամը Քոյր Քովալսքային։

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Լեհաստանի «Płock» եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսին Յիսուսին՝ Քոյր Ֆաուսթինա Քովալսքայիմ երեւման 90 ամեակին առթիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 22 փետրուար 2021-ին կը յիշատակուի «Płock» ի մէջ ողորմած Յիսուսին քոյր Ֆաուսթինա Քովալսքային երերման 90 ամեակը (22 փետրուար 1931), որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը «Płock» եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսին ուղղեց նամակ մը, որուն մէջ յայտնեց թէ ինք կը միանայ Աստուածային Ողորմութեան Սրբավայրին մէջ կայացած հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցողներու աղօթքին։

Քրիստոսէն հայցել ողորմութեան պարգեւը։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Քոյր Ֆաուսթինային ունկնդրած խօսքերուն,  ուր Յիսուս անոր կը հրահանգէ գծել իրեն յայտնած պատկերը «Յիսուս քեզի կը վստահիմ» մակագրութեամբ, ու Յիսուսին խնդրանքը, որ «այդ պատկերը մեծարանքի արժանանայ նախ վանքի մատրան մէջ ապա համայն աշխարհին մէջ»։  Ֆրանչիսկոս Պապ  շեշտը դրաւ Սրբուհիին օրագրութեան մէջ պարունակուած այլ մէկ խօսքին վրայ ուր Յիսուս կը հաստատէ՝ թէ «Մարդկութիւնը խաղաղութիւն պիտի չի ճանչնայ մինչեւ, որ չի դիմէ ողորմութեանս աղբիւրին», ու ասկէ մեկնելով Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց դիմել այդ աղբիւրին ու Քրիստոսէն հայցել ողորմութեան պարգեւը։

Աստուծոյ ողորմութեան մէջ է որ աշխարհը պիտի գտնէ խաղաղութիւնը

«Թոյլ տանք, որ ան ողջագուրէ ու ներթափանցէ մեր մէջ։ Քաջութիւնը ունենաք վերադառնալու Յիսուսին, խորհուրդներուն մէջ հանդիպելու Անոր սիրոյն, Անոր ողորմութեան։ Զգանք անոր մօտիկութիւնը ու քնքշութիւնը եւ այն ատեն մենք եւս կը դառնանք կարող ողորմութեան, համբերութեան, ներումի եւ սիրոյ» գրեց Սրբազան Պապը նամակին մէջ  ու մէջբերեց ողորմութեան առաքեալ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքերը «Ողորմութեան կրակը պէտք է հաղորդուի համայն աշխարհին։ Աստուծոյ ողորմութեան մէջ աշխարհը պիտի գտնէ խաղաղութիւնը եւ մարդս երջանկութիւնը (Քրաքովիա 17 օգոստոս 2002)։

Ֆրանչիսկոս Պապը նամակը աւարտեց իր առաքելական օրհնութիւններով ու  դարձեալ խրախուսելով Եկեղեցին ու Ողորմութեան Սուրբ Կոյս Մարիամի միաբանութեան քոյրերը աշխարհին փոխանցելու՝ Սէր Յիսուսին կրակը եւ ըլլալու բոլորին համար անոր ներկայութեան նշանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2021, 12:21