հերոս բժիշներ ու հիւանդապահներ հերոս բժիշներ ու հիւանդապահներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Բժիշկներուն հիւանդապահներուն անձնուիրումը պատուաստանիւթ է անհատականութեան եւ եսասիրութեան դէմ»։

ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նամակ մը յղեց քահանայապետական կեանքի ի սպաս կաճարի նախագահ, գերապայծառ Վինչենցօ Փալիային։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քորոնա ժահրի հետեւանքով մահացած բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, եւ առողջապահական անձնակազմի յիշատակին օրուան առիթով,  ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նամակ մը յղեց քահանայապետական կեանքի ի սպաս կաճարի նախագահ, գերապայծառ Վինչենցօ Փալիային։

Ունկնդրէ լուրը

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը յիշեց Քորոնա ժահրի զոհ բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, վեհանձն ու մարտիրոսական աշխատանքն ու անոնց մասնագիտութիւն ապրուած իբրեւ առաքելութիւն։

Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ « մեր եղբայրներուն ու քոյրերու օրինակը, որոնք իրենց կեանքը վտանգեցին մինչեւ մահ, մեր մէջ կ՝արթնցնէ երախտագիտութիւն ու խոխումի պատճառ։ Այսքան մեծ պարտաւորութեան դէմ, համայն հասարակութիւնը խրախուսուած  է միշտ վկայելու եղբայրսիրութիւն ու ուրիշներու նկատմամբ խնամքը յատուկէն տկարներուն։ 

Նուիրուածութիւնը, բոլոր անոնց, որոնք այս օրերուն յանձնառու են հիւանդանոցներուն եւ առողջապահական կառոյցներէն ներս, պատուաստանիւթ է անհատականութեան եւ եսասիրութեան դէմ եւ ցոյց կու տայ ամենէն հարազատ փափաքը , որ  կը բնակի մարդու սիրտին մէջ. Մօտիկ կանգնիլ կարիքաւորներուն եւ զոհուիլ անոնց համար։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը աւարտած է հոգեպէս միանալով բոլոր անոնց որոնք միացած են այս ոգեկոչման ծրագիրին,  փոխանցելով բոլորին  իր առաքելական օրհնութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2021, 11:07