20 տարիներ առաջ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն Կարդինալական աստիճանը կ՛ընդունէր

Պուէնըս Այրէսի Արքեպիսկոպոսը 2001-ի Փետրուարի 21-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ձեռքով ի շարս այլ եպիսկոպոսներու Վատիկանի մէջ կ.ընդունէր Կարդինալական աստիճանը.
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

21 փետրուար 2001-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Կարդինալական Տիտղոսի տուչութեան Հանրային Հաւաքին առթիւ ընդգծած էր՝ թէ «այսօր մեծ տօն մըն է տիեզերական Եկեղեցւոյ համար, որ կը հարստանայ 44 նոր կարդինալներով»։ Անոնց շարքին էր նաեւ այդ ժամանակուայ Պուէնըս Այրէսի Արքեպիսկոպոսը՝ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն, որ ապա 13 մարտ 2013-ին պիտի դառնար Քահանայապետ ընդունելով Ֆրանչիսկոս անունը։

Եկեղեցւոյ երկհազարամեայ պատմութեան մէջ  յատկանշական նոր էջ մը

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ այդ առթիւ աւելցուցած էր նաեւ՝ թէ «Կաթողիկէ Հռոմը կը համախմբուի նոր կարդինալներու շուրջ ջերմ ողջագուրումով, այն գիտակցութեամբ թէ երկհազարամեայ պատմութեան մէջ այսօր կ՛արձանագրուի յատկանշական նոր էջ մը։ Եկեղեցւոյ նաւակը կը պատրաստուի դարձեալ բացերը երթալու աշխարհին տանելու համար փրկութեան պատգամը։ Մենք միասին կ՛ուզենք արձակել անոր առագաստները Սուրբ Հոգիի քամիին դիմաց, մանրազնին ուսումնասիրելով ժամանակի նշանները և զանոնք մեկնաբանելով Աւետարանի լոյսի ներքոյ ՝ պատասխանելու համար մարդոց մշտական հարցերուն ներկայ և ապագայ կեանքի իմաստի և անոնց փոխյարաբերութիւններու մասին» աւելցուցած էր այդ առթիւ երջանկայիշատակ Սուրբ Քահանայապետը։

Պատմութեան մէջ Կարդինալական տիտղոսը ստացող ամենամեծ թիւով կարդինալներու հաւաք

2001-ի Կարդինալական հաւաքը հանդիսացաւ պատմութեան ընթացքին Կարդինալական տիտղոսը ստացող ամենամեծ թիւով կարդինալներու հաւաք, անոնց շարքին էր ինչպէս ըսինք Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն Պուէնըս Այրէսի Արքեպիսկոպոսը, որ այդ առթիւ դարձաւ Սուրբ Ռոպերթօ Պելլարմինօ  կարդինալական եկեղեցւոյ տիտղոսաւոր կարդինալը։ Պերկոլիօ Արքեպիսկոպոսը նախ քան Պուէնըս Այրըսէն Հռոմ մեկնիլը ոչ մէկ նոր զգեստ  կը քնէ այլ կը գործածէ  իր նախորդի ՝ 1998-ին մահացած Կարդինալ Անթոնիօ Քուարաչինոյի կարդինալական զգեստը»։  Հոս ի յայտ կու գայ ապագայի Քահանայապետի խոնարհութեան ու զգաստութեան նկարագիրը, ան՝ որ Քահանայապետ  ընտրութեան օրը ընտրեց նաեւ Ասսիզիի աղքատիկ սուրբին անունը՝ Ֆրանչիսկոս եւ որպէս կարգախօս ընդունեց «աղքատ եկեղեցի մը ի նպաստ աղքատներուն»։

Եղբայրութեան, սիրոյ եւ իրար միջեւ վստահութեան ուղեւորութիւն

2013-ին նախ քան Հռոմ ժամանելը՝ մասնակցելու համար Պապընտիր կարդինալական հաւաքին Պերկոլիօ Արքեպիսկոպոսը իր պատրաստած կարդինալի վերջին քարոզին մէջ, որ պիտի արտասանէր այդ տարուայ 28 Մարտին, շեշտը դրած էր արուարձաններու մէջ Եկեղեցւոյ առաքելութեան վրայ. «Այնտեղ է, որ պէտք է երթանք փորձարկելու համար մեր «դրոշմը», Տիրոջ ուժը ու անոր փրկարար արդիւնաւէտութիւնը» գրած էր Գերապայծառ Պերկոլիոն, որ սակայն չի կարողացաւ արտասանել այդ քարոզը, որովհետեւ 13  մարտ 2013-ին կը դառնայ Քահանայապետ եւ իր առաջին ողջոյնի խօսքին մէջ կը խօսի «եղբայրութեան, սիրոյ եւ իրար միջեւ վստահութեան» ուղեւորութիւն մը սկսելու մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2021, 10:01