Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի միջազգային օրուան առիթով։

«Տագնապին մէջ մարդավաճառութիւնը կ՝աճի, ասոր համար անհրաժեշտ է հզօրացնել տնտեսութիւնը որ գիտէ պատասխանել տագնապին ոչ կարճատեւօրէն, այլ կայուն ու ամուր ձևով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 8 փետրուարին, մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի միջազգային օրուան առիթով ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց բոլոր անոնք որոնք հոգեպէս միացած են սոյն միջազգային աղօթքին, որուն այս տարուան յատուկ դիտաւորութիւնն է , տնտեսութիւն մը առանց մարդավաճառութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց այն գծով, որ այս տարուան միջազգային աղօթքը տեղի կ՝ունենայ միջ կրօնական յատուկ պահերով նաեւ Ասիոյ մէջ, մաղթելով որ այս կարեւոր օրը օգտակար դառնայ յիշելու համար մարդավաճառութեան ողբերգութիւնը՝  պայքարելով ու աղօթելով անոր դէմ։

Աղօթքը կը դպչի սիրտին եւ կը մղէ գործնական գործերու

Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտը դրաւ աղօթքի կարեւորութեան վրայ ընդգծելով որ անհրաժեշտ է աղօթել զօրակցելու համար մարդավաճառութեան զոհերուն ու բոլոր այն զօրակիցներուն, որոնք կ՝ընկերանան ընկերային ներառման գործընթացին։ «Աղօթքը կը դպչի սիրտին եւ կը մղէ գործնական գործերու, քաջ աշխատանքներուն ու գիտէ ընդգրկել վախը վստահելով Աստուծոյ զօրութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց Սրբուհի Պախիթայի ծիսական տօնը, նշելով որ  սրբուհին զօրաւոր հրաւէր է աղօթելու եւ հաւատալու, անոր վկայութիւնը  միշտ այժմէական եւ կենդանի է։ ՍրբուհիՊախիթան  կը հրաւիրէ միշտ կեդրոն զետեղելու մարդավաճառութեան զոհերն ու անոնց ընտանիքները ու հասարակութիւնները։»  

Առանց մարդավաճառութեան տնտեսութիւն

Նորին Սրբութիւն ապա ակնարկեց մարդավաճառութեան աղօթքի օրուան նիւթին՝ տնտեսութիւնը առանց մարդավաճառութեան ներկայացնելով կարգ մը կէտեր։ Առաջին, խնամք տանիլ կը կայանայ անձերն ու բնութիւնը խնամելու մէջ ընծայելով ծառայութիւն եւ միջոցներ հասարակաց բարիքի աճումին համար։ Տնտեսութիւն մը որ գիտէ  խնամք տանիլ աշխատանքին, ստեղծելով համապատասխան գործունէութիւն, որ չշահագործեր աշխատաւորը աշխատցնելով երկար ժամեր եւ դժուար պայմաններուն մէջ։  

ՔՔվիտ 19 համաճարակը եւ աշխատանքի պայմանները։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ քովիտ 19 համաճարակի դժուարութիւններուն նշելով որ անիկա ծանրացուց աշխատանքի շահագործումի պայմանները։ Աշխատանքի կորուստի հետեւանքները դժուարացուց մարդավաճառութեան զոհերը վերականգնելու գործունէութիւնը։ Լաւ մատակարարուած զօրակցութիւնը տեղ կու տայ ապահով եւ կայուն ընկերային կառուցման։ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ապա ներկայացուց տնտեսութիւն մը առանց մարդավաճառութեան երկրորդ կէտը, նկատել տալով որ առանց մարդավաճառութեան տնտեսութիւնը կը համապատասխանէ շուկայական օրէնքներով տնտեսութեան, որոնք կը նպաստեն արդարութեան ու ոչ միայն անձնական շահերուն։ Տնտեսութիւն մը առանց մարդավաճառութեան, քաջ տնտեսութիւն մըն է , որ քաջութիւն կը պահանջէ ու  գիտէ օրինաւոր շահը օգտագործել զարգացնելով  աշխատաւորին արժանավայել պայմանները։  «Տագնապին մէջ մարդավաճառութիւնը կ՝աճի ասոր համար անհրաժեշտ է զօրացնել տնտեսութիւն մը որ կը պատասխանէ տագնապին ոչ կարճատեւօրէն, այլ  կայուն ու ամուր ձևով: ըսաւ Ան

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց պատգամը հրաւիրելով աղօթել՝ հայցելով սրբուհի Պախիթային բարեխօսութիւնը։ «Աղօթել մարդավաճառութեանն զոհերուն եւ նաեւ ինծի համար» ըսաւ Սրբազան Հայրը։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2021, 13:45