Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ազատ արձակելու Նիճերիայի մէջ առեւանգուած 117 աղջիկներ ու հրաւէրը մօտիկ ըլլալու հազուագիւտ հիւանդութիւններէ տառապող անձերուն։

«Քառասնորդացի ընթացքին ջանացէք խուսափիլ չարախօսութիւններէն» յորդորեց ի մէջ այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 փետրուար 2021-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը ներկայացնելէ եւ Հրեշտակ Տեառն աղօթքը  արտասանելէ ետք ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրատարակին վրայ համախմբուած ուխտաւոր հաւատացեալները ըսելով.

Առեւանգուած 117 դպրոցական աղջիկներուն համար աղօթք

«Ձայնս կը միացնեմ Նիճերիայի եպիսկոպոսներուն դատապարտելու համար  դպրոցական 317 աղջիկներուն առեւանգումը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը բացատրելով թէ անոնք առեւանգուեցան Նիճերիայի Հիւսիս արեւմտեան շրջանի Եանկեպէի դպրոցին մէջ։

Աղօթենք անոնց համար որպէսզի կարենեան արագօրէն տուն վերադառնալ։ Մօտիկ եմ անոնց եւ անոնց ընտանիքներուն։ Աղօթենք Տիրամօր, որպէսզի պաշտպանէ զանոնք» աւելցուց Սրբազան Հայրը եւ հաւատացեալներուն հետ միասին աղօթեց «Ողջոյն քեզ մարիամ» աղօթքը։

Յայտնենք թէ Քահանայապետի կոչէն մի քանի ժամեր ետք Նիճերիայի կառավարական աղբիւրներ  յայտարարեցին թէ առեւանգուած բոլոր աղջիկները ազատ արձակուած են թէեւ լուրը տակաւին վերջանական վաւերացում չունեցաւ։ 

Հազուագիւտ  հիւանդութիւններու  համաշխարհային օր

Այսօր կը յիշուի  հազուագիւտ  հիւանդութիւններուն համաշխարհային օրը, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը  ողջունելով հրապարակ ժամանած  այս ասպարէզէն ներս յանձնառու ընկերակցութիւնները։

«Այս հիւանդութիւններուն համար շատ կարեւոր է ընտանիքներուն միջեւ զօրակցութեան ցանցը, որ խթանուած է այս ընկերակցութիւններու կողմէ։ Այս մէկը կը սատարէ իրենք զիրենք միայնակ չի զգալու ու փոխանակելու փորձառութիւն եւ խրատներ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերելով նման ձեռնարկները, մօտիկութիւն արտայայտելով հիւանդներուն, ընտանիքներուն եւ «յատկապէս մանուկներուն» ըսաւ Ան հրաւիրելով մօտիկ ըլլալ հիւանդ մանուկներուն, աղօթել անոնց համար,  անոնց զգալ տալով Աստուծոյ սիրոյն շոյանքը։  

«Աղօթենք հազուագիւտ հիւանդութիւն ունեցող անձերուն համար ու մասնաւորապէս աղօթենք տառապող մանուկներուն համար» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց  հրապարակ ժամանած բոլոր ուխտաւորներուն, անոնց մաղթելով քառասնորդացի բարի ընթացք մը եւ այս ծիրէն ներս առաջարկելով ծոմ պահել «չարախօսութիւններէ»։

Խուսափիլ չարախօսութիւններէն

«Քառասնորդացի ընթացքին ջանացէք խուսափիլ չարախօսութիւններէն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով նաեւ ամէն օր կարդալ Աւետարանէն հատուած մը, որ մեր սիրտը կը բանայ Տիրոջ, ըսաւ Ան, ու Մարեմեան Աղօթքը եզրափակեց խնդրելով, ինչպէս միշտ, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2021, 12:44