Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց Քոլոմպիային, յիշեց Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբ եղբայրները եւ յատուկ խօսք ուղղեց սիրահարներուն։

«Երեք բառեր որոնք մեզի կը հասկցնեն Աստուծոյ ոճը» ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով չի մոռնալ զանոնք. «մօտիկութիւն կարեկցութիւն եւ քնքշութիւն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 փետրուար 2021-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի  աւարտին  Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն ըսաւ.  «Ես միշտ երախտագիտութեամբ կը նայիմ յանձնառումին անոնց՝ որոնք կը գործեն ի նպաստ գաղթականներուն»։

Քոլոմպիան եւ Վենեզուելլացի գաղթականները

 «Այսօր  յատկապէս կը միանամ Քոլոմպիայի  եպիսկոպոսներուն, շնորհակալութիւն յայտնելու համար  Քոլոմպիայի քաղաքական  իշխանութիւններուն, որոնք  որդեգրեցին կանոնադրութիւն մը ի նպաստ Վենեզուելլացի գաղթականներու ժամանակաւոր պաշտպանութեան, խթանելով հիւրընկալութիւնը, պաշտպանութիւնը եւ ընդելուզումը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, որ «այս մէկը չըրաւ հարուստ երկիր մը, այլ բազմաթիւ հարցեր ունեցող  երկիր մը, զարգացումի, աղքատութեան եւ խաղաղութեան հարցերով»  ըսաւ Քահանայապետը նշելով թէ հակառակ այդ հարցերուն ան քաջութիւնը ունեցաւ նայելու այդ գաղթականներուն եւ որդեգրելու այդ կանոնադրութիւնը.  «Շնորհակալութիւն Քոլոմպիային։ Շնորհակալութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Սուրբ Կիւրեղ եւ Սուրբ  Մեթոտիոս եղբայրներու տօնը

Ան ապա  յիշեց թէ այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Կիւրեղ եւ Սուրբ  Մեթոտիոս եղբայրներու տօնը, որոնք Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ հռչակուեցան Եւրոպայի համապաշտպան սուրբեր։

«Սիրով կ՛ողջունեմ բոլոր այն հասարակութիւնները, որոնք կ՛ապրին երկու սուրբ եղբայրներու կողմէ աւետարանուած հողամասերուն վրայ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մաղթելով՝ որ անոնց բարեխօսութիւնը օգնէ մշտապէս գտնելու Աւետարանը փոխանցելու նոր ուղիներ ինչպէս նաեւ  աճեցնէ քրիստոնեաներու իղձը միասնաբար քալելու դէպի լիակատար միութիւն, տարբերութիւններու յարգանքով։

Սիրահարներու օրը

«Սուրբ Վալենթայնի  տօնին առթիւ կարելի չէ մոռնալ խօսք մը ու բարեմաղթանք մը յղել նշանուածներուն, սիրահարներուն» ըսաւ Սրբազան Պապը, հաստատելով՝ թէ ինք անոնց կ՛ընկերանայ աղօթքով եւ կ՛օրհնէ զանոնք։

Քառասնորդացը ժամանակ հաւատքի եւ յոյսի 

Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկէն ողջունեց նաեւ հրապարակ ժամանած ուխտաւորները ու յիշեցուց որ յաջորդ չորեքշաբթի օր պիտի սկսի քառասնորդացը (Լատինաց մօտ)։ «Այս մէկը պիտի ըլլայ ատակ ժամանակ հաւատքի եւ յոյսի  իմաստ տալու համար մեր ապրած տագնապին» ըսաւ Ան ու կրկնեց Խորհրդածութեան ընթացքին արտասանած խօսքերը։ «Երեք բառեր որոնք մեզի կը հասկցնեն Աստուծոյ ոճը» ըսաւ Քահանայապետը  հրաւիրելով չի մոռնալ զանոնք. «մօտիկութիւն, կարեկցութիւն եւ քնքշութիւն» ըսաւ Ան  հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2021, 12:30