Որոնել

Միանմարի մէջ ցոյցեր Միանմարի մէջ ցոյցեր 

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց աղօթել Միանմարի համար, յիշեց անապահով գաղթական երախաները ու մարդավաճառութեան ստրուկները։

Քահանայապետը յիշեց նաեւ այսօր Իտալիոյ մէջ նշուող Կեանքին Օրը, որուն այս տարուայ բնաբանն է «Ազատութիւնը կեանք է»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 7 փետրուար 2021-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նախ ակնարկեց Միանմարի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն։

ԿՈՉ Ի ՆՊԱՍՏ ՄԻԱՆՄԱՐԻՆ

«Այս օրերուն մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Միանմարի մէջ ստեղծուած իրավիճակի զարգացումներուն, երկիր որ 2017-ի առաքելական ճամբորդութենէս ի վեր կը կրեմ սրտիս մէջ» ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով, որ «այս այդքան նուրբ պահի առթիւ կ՛ուզեմ անգամ մը եւս վստահեցնել իմ հոգեւոր մօտիկութիւնս, իմ աղօթքս եւ իմ զօրակցութիւնը Միանմարի ժողովուրդն եւ կ՛աղօթեմ որպէսզի բոլոր անոնք որոնք Երկրին մէջ պատասխանատուութեան տէր են, իրենք զիրենք դնեն ի սպաս հասարակաց բարիքին անկեղծ տրամադրութեամբ, խթանելով ընկերային արդարութիւնը եւ ազգային կայունութիւնը, ժողովրդավարական ներդաշնակ համակեցութեան համար։ Աղօթենք Միանմարին համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

ԱՆԱՊԱՀՈՎ ԳԱՂԹԱԿԱՆ ԵՐԱԽԱՆԵՐ

Ան ապա յատուկ  կոչ ուղղեց անչափահասս առանց ուղեկցողի գաղթականներուն համար։ «Անոնք շատ են» ըսաւ Սրբազան Պապը, ու անոնց միջեւ որոնք ստիպուած են լքել  իրենց հայրենիքը յաճախ կան առանձին տասնեակ մանուկներ ու պատանիներ, առանց ընտանիքի եւ թիրախ տարբեր սպառնալիքներու»։

Այս օրերուն ինծի նշմարել տուին այսպէս կոչուած «Պալգանեան երթուղիին» վրայ գտնուողներուն ողբերգական իրավիճակը։ Թէեւ կան բազմաթիւ այլ երթուղիներ։ «Այնպէս ընենք, որ այս դիւրաբեկ եւ անպաշտպան արարածներուն չի պակսին պէտք եղած խնամքը ու մարդասիրական օգնութիւնները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

ԿԵԱՆՔԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՕՐ

Ան ապա յիշեց  այսօր Իտալիոյ մէջ նշուող Կեանքին Օրը, որուն այս տարուայ բնաբանն է «Ազատութիւնը կեանք է»։

«Կը միանամ իտալացի եպիսկոպոսներուն  յիշելու համար որ ազատութիւնը այն մեծ պարգեւն է զոր Աստուած մեզի տուաւ, որպէսզի  որոնենք անձնական ու միւսներուն բարիքը սկսեալ առաջնային բարիքէն որ է կեանքը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը մտահոգութիւն արտայայտելով նաեւ Իտալիոյ մէջ ծնունդներու նուազումին,  որ «ապագայի համար վտանգ մըն է» յայտնեց Ան հրաւէր ուղղելով վերջ տալու այդ ժողովրդագրական ձմեռուան։

ՄԱՐԴԱՎԱՃԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա Սրբուհի Ճուզեփփինա Պաքիթան, որուն տօնը կը յիշատակուի վաղը եւ որուն ծիսական տօնին առթիւ կը յիշատակուի նաեւ մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրը։ 

«Այս տարուայ նպատակն է՝գործել ի նպաստ տնտեսութեան մը, որ մարդը առարկայ կամ իր չի դարձէ ու զան որպէս ապրանք չ՛ օգտագործէ» ըսաւ Քահանայապետը խնդրելով այդ ուղղութեամբ Սրբուհի Պաքիթային օգնութիւնը։

Ան ապա ողջունեց հրապարակին վրայ ներկայ  ուխտաւորները ուրախութիւն յայտնելով անոնց հետ դարձեալ հանդիպելուն համար ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ու խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2021, 12:46