Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթի Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթի 

Կարդինալ Կամպեթթին նշանակուեցաւ Քահանայապետի Վատիկան Քաղաքի նոր տեղապահ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց նաեւ Կարդինալ Սարայի տարիքի բերումով ներկայացուցած հրաժարականը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ 20 Փետրուար 2021-ին վաւերացուց՝ Վատիկան քաղաքի Քահանայապետի ընդհանուր տեղակալ, Վատիկանի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ աւագերէց ու Սուրբ Պետրոսի գործարանի նախագահ՝ Կարդինալ Անճելօ Քոմասթրիի տարիքի բերումով ներկայացուցած հրաժարականի դիմումնագիրը ու անոր տեղ նշանակեց 55 ամեայ Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին, որ եղած է Ասսիզի Վանքին երբեմնի պահակը եւ որ Կարդինալական տիտղոսը ստացաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ձեռքով անցեալ 28 նոյեմբեր 2020-ին։

Եղբայրութեան հոգիով՝ ծառայել Ֆրանչիսկոսին

Կարդինալ Կամպեթթին կարդինալական տիտղոսի ընդունման առթիւ յայտարարած էր թէ ինք կ՛ուզէ ապրիլ «կրտսերութեան հոգիով» այսինքն եղբայրութեան հոգիով՝ ծառայելով Ֆրանչիսկոսին, սուրբը՝ որուն անունը կը կրէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը»։

Կարդինալ Կամպեթթին ծնած է 27 հոկտեմբեր 1965-ին։ 27 Տարեկանին կ՛անդամակցի Ֆրանչիսկեան միաբնութեան եւ 1998-ին կը կատարէ իր մշտնջենաւոր ուխտերը մինչ 2000-ին կ՛ընդունի քահանայական ձեռնադրութիւնը։ 2009-ին կ՛ընտրուի Էմիլիա Ռոմանիա շրջանի Ֆրանչիսկեան միաբնութեան մեծաւոր, ու 2013-ի Փետրուարին չորս տարուայ համար կը նշանակուի Ասսիզիի Սուրբ Վանքին պահակ։ Պաշտօն, որ կը նորոգուի 2017-ին եւ  կ՛ընդհատուի 31 Հոկտեմբեր 2020-ին, տրուած ըլլալով, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 25 Հոկտեմբերին յայտարարած էր անոր Կարդինալի Տիտղոս շնորհելու իր կամքը, որ իրականացաւ 28 Նոյեմբեր 2020-ին, մինչ 22 նոյեմբերին Կարդինալ Կամպեթթին ստացաւ Եպիսկոպոսական օծումը։

Կարդինալ Ռոպէր Սարայի հրաժարականը 

Յայտնենք թէ Նոյն օրը  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց նաեւ Աստուածային պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու Մատակարարման Ժողովի կառավարիչ՝  Կարդինալ Ռոպէր Սարայի տարիքի բերումով ներկայացուցած հրաժարականը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2021, 12:30