«Ըլլանք Աւետարանի փոքրիկ լապտերներ». Ֆրանչիսկոս Պապին 28 փետրուարի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Մենք կոչուած ենք փորձարկելու Քրիստոսի հետ հանդիպումը, որովհետև Անոր լոյսով լուսաւորուած ՝ մենք կարող ենք զայն կրել և փայլեցնել ամենուրէք:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 Փետրուար 2021-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի  պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը մեկնաբանելով Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան Աւետարանը, որ կը խօսի Յիսուսի այլակերպութեան մասին։

Յիսուսին այլակերպութիւնը խաւարին մէջ լոյս

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս», ըսաւ Սրբազան Քահանայապերը, «Քառասնորդացի երկրորդ Կիրակին մեզ կը հրաւիրէ խոկալու Լեռան վրայ Յիսուսի կերպարանափոխութեան մասին, իր երեք աշակերտներուն առջեւ (Մարկոս 9, 2-10)» ։ «Այդ դէպքէն առաջ, շարունակեց Ան, Յիսուս յայտարարած էր թէ Երուսաղէմի մէջ ինք պիտի չարչարուէր, պիտի մերժուէր ու մահուան պիտի դատապարտուէր»։

«Կարող ենք առ այդ երեւակայել թէ ինչ պատահեցաւ իր մտերիմ բարեկամներու սրտին մէջ» յարեց Սրբազան Պապը, անոնց զօրեղ ու յաղթական  Մեսիայի մը պատկերացուցած երազները  կը ջախջախուին եւ անոնց կը պատէ անձկութիւնը։ ճիշդ, այդ պահուն է, որ Յիսուս իր մօտ կը կանչէ Պետրոսը. Յակոբը եւ Յովհաննէսը ու իր հետ կը տանի լեռ։

Լեռը այն բարձր վայրն է ուր երկինքը ու երկիրը իրար կը դպչին, ուր Մովսէս եւ մարգարէները փորձարկեցին Աստուծոյ հետ արտակարգ փորձառութիւնը։  Յիսուս կը բարձրանայ լեռ իր երեք աշակերտներուն հետ միասին եւ անոնց առջեւ կ՛այլակերպուի։ «Անոր պայծառ դէմքն ու փայլուն զգեստները, որոնք կը կանխատեսեն Յարութեան կերպարը, այդ վախցած մարդոց լոյս կը պարգեւէ, յոյսին լոյսը՝  խաւարը հատելու համար. Մահը ամէն ինչի վերջը չէ, քանի՝ որ ան կը բացուի  Յարութեան փառքին», ըսաւ  Նորին Սրբութիւնը նշելով, թէ այս մէկը հրաւէր է մեզի յիշեցնելու թէ յատկապէս երբ կ՛անցնինք դժուար կացութիւններէ, Տէրը Յարութիւն առաւ ու թոյլ չի տար որ խաւարը վերջին խօսքը ունենայ։

Կանչուած ենք բարձրանալու լեռ, խոկալու Յարուցեալի գեղեցկութեան վրայ

Երբեմն կը պատահի, որ կ՛ապրինք խաւարի պահեր անձնական, ընտանեկան կամ ընկերային կեանքին մէջ ու վախը կը պատէ մեզ կարծելով  թէ  ելք չկայ: Հաւատքի ուղեւորութեան ընթացքին  եւս յաճախ կը սայթաքինք հանդիպելով խաչի գայթակղութեան ու Աւետարանի պահանջներուն, որոնք մեզմէ կը խնդրեն մեր կեանքը նուիրել ծառայութեան ու զայն վատնել սիրոյ մէջ, քան պաշտպանելու կամ պահպանելու զայն։

Ասոր համար մենք կարիքը ունինք ուրիշ մէկ հայեացքի, լոյսի մը՝ որ իր խորութեան մէջ լուսաւորէ կեանքի խորհուրդը ու մեզ օգնէ շրջանցելու այս աշխարհի մեր չափանիշերը։ Մենք եւս կանչուած ենք բարձրանալու լեռ, խոկալու Յարուցեալի գեղեցկութեան վրայ, որ լոյսի շողեր կը վարէ մեր կեանքի իւրաքանչիւր դրուագի մէջ ու մեզ կ՛օգնէ  պատմութիւնը մեկնաբանելու մեկնելով Յիսուսի Զատկուայ յաղթանակէն։

Բաժնեկցիլ հանդիպումի գեղեցկութիւնը

«Ուշադիր ըլլանք սակայն։ Չենք կրնար Լեռան վրայ մնալ ու առանձին վայելել այդ հանդիպումին երանութիւնները» յարեց ապա Սրբազան Պապը նշելով, որ «Յիսուսն ինքը՝ մեզ կը տանի դէպի հովիտը, մեր եղբայրներու մէջ և առօրեայ կեանքին մէջ»:

Մենք պէտք է զգուշանանք հոգևոր ծուլութենէն, բաւարարուելով մեր աղօթքներով և ծէսերով: Լեռը բարձրանալը չի ​​նշանակեր մոռնալ իրականութիւնը. աղօթելը `երբեք չի նշանակեր փախչել կեանքի դժուարութիւններէն: Հաւատքի լոյսը  չի ծառայեր գեղեցիկ հոգևոր հոյզերու համար: Մենք կոչուած ենք փորձարկելու Քրիստոսի հետ հանդիպումը, որովհետև Անոր լոյսով լուսաւորուած ՝ մենք կարող ենք զայն կրել և փայլեցնել ամենուրէք:

Լոյսեր վարել մարդոց սրտերուն մէջ

«Փոքրիկ լոյսեր վարելը  մարդոց  սրտերուն մէջ։  Ըլլալ Աւետարանի փոքրիկ լապտերներ, որոնք սէր և յոյս կը բերեն՝ այս է  քրիստոնեայի առաքելութիւնը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը որ խորհրդածութիւնը եզրաեակեց հրաւէր ուղղելով. «Եկէք աղօթենք Սուրբ Կոյս Մարիամին, որպէսզի օգնէ մեզ զարմանքով  դիմաւորելու Քրիստոսի լոյսը, ու զայն պահպանելու և կիսելու»։

.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2021, 12:09

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >